Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներսէս Պէրպէրեան` Ուրֆացին

October 20, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծ ուրախութեամբ կը հետեւէինք Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ Ուրֆայի հայրենակցական միութեան աւանդական դաշտագնացութեան-ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենար 23 սեպտեմբեր 2018-ին: Եւ յանկարծ հայրենակիցի մը Դիմատետրէն կ՛իմանանք, որ ձեռնարկը ջնջուած է` տխուր պատճառով մը:

Ցնցիչ էր լուրը Լիբանանի Ուրֆայի հայրենակցական միութեան եւ ընդհանրապէս ուրֆացի հայրենակիցներուն համար. սրտի խոր կսկիծով տեղեկացանք մեր նախկին վարչական եղբայրներէն սիրելի անձնաւորութեան` Ներսէս Պէրպէրեանի մահուան գուժը: Մեզմէ առյաւէտ կը բաժնուէր ան` ձգելով գեղեցիկ, օրինակելի միութենական աշխատելաոճ:

Ինք լի էր արժանիքներով, բարի, ազնիւ հոգի, անձնանուէր, անսակարկ զոհողութիւններու տէր, իր սիրելի միութեան համար աշխատելու տենչը անսահման էր: Բծախնդիր եւ թափանցիկ, անխոնջ աշխատող, իւրայատուկ գործելաոճ մը ունէր:

1923-ին հիմնուած Ուրֆայի հայրենակցական միութեան վարչութիւններ իրենց ժողովները կը կատարէին վարչականներու անձնական տուներուն մէջ, հերթաբար:

Եղբ. Ներսէս երիտասարդ տարիքէն կ՛անդամակցի միութեան երիտասարդական յանձնախումբերու, ապա, 1965-ական թուականներուն, միութեան վարչական անդամ: Օրուան կացութեան յարմարելով, հարկ կը զգայ թափառական ժողովի կեանքը շրջանցելու, եւ մեծ տեսիլքի հետապնդումով, կը գտնէ վայր մը Պուրճ Համուտի, Նոր Կիլիկիոյ թաղամասերէն մէկուն մէջ` իբրեւ միութեան յարմար տուն մը: Առաջարկը կը փոխանցէ վարչութեան, գեղեցիկ գաղափար մը, բայց… պէտք էր կատարել եկամուտներու որոնում, որուն կը նախաձեռնէ եւ ինք եւս ներդրում կ՛ունենայ` իր չորս յարկանի անձնական շէնքի սեփականութեան թափուները վարկի համար դրամատան մէջ պահ դնելով:

Ճաշկերոյթ-պարահանդէսներ կը կազմակերպուին նիւթականը ապահովելու եւ տոկոսներէն ձերբազատելու համար: Կը յաջողին մեծագումար նուիրատուութիւններ հաւաքել: Տունը կը գնուի, սակայն միայարկ էր: Կը դիմէ Պուրճ Համուտի օրուան քաղաքապետին: Ինքնութեամբ ուրֆացի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան կը խոստանայ օժանդակել նիւթականով, ինչպէս նաեւ պետական օրինաւոր թուղթերու ցանկագրումի ծախսերը ստանձնելով:

Ուրֆացի վարչականներ կ՛որոշեն միայարկ տունը բարձրացնել երեքի: Ծախսերը նուազեցնելու համար շինութեան աղիւսն ու քարերը իրենք կը փոխադրեն` մրջնաբոյնի վերածելով վայրը եւ մէկ ընտանիքի նման հաւաքաբար կ՛ամբողջացնեն շէնքը: Հպարտ իրենց կատարած աշխատանքէն, Ներսէս էղբերը կ՛ըսէ. «Էջքմնիդ լօս Հազըրաւ, տէ տեսնամ իշտէ ձգիկ ախկէք մի մեր ջոճուտեքին կրթօճախին հմար ժողով էրէք շնորհոֆոր ըննա»:

Տարիներ շարունակ վարչութեան մէջ մնալով, ինքն ալ գաղթի ճամբան բռնեց դէպի Միացեալ Նահանգներ: Կարճ ժամանակ ետք գտնելով իր նախկին վարչական եղբայրները, կը միանայ Միացեալ Նահանգներու Ուրֆայի հայրենակցական միութեան վարչութեան աշխատանքներուն:

Ներսէս էղբեր մաքուր հայրենասէր նկարագիրի տէր էր: Մա՛րդ բառին ամբողջական առումով, արժանիքներու կարեւորութիւն կու տար, մեծին հետ` մեծ, փոքրին հետ` փոքր: Անկեղծ եւ թափանցիկ գործունէութիւն ունէր, միշտ մտահոգ էր միութեան հանդէպ: Ամերիկա գտնուելով հանդերձ, ի պահանջել հարկին նիւթական օժանդակութիւն կ՛ապահովէր Պէյրութի իր սիրելի միութեան` նեցուկ կանգնելով կրթաթոշակի եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Պիտի մնաս անմոռանալի, էղբէ՛րս, պիտի մնանք երախտապարտ քեզի` քու կատարած աշխատանքներուդ, զոհողութիւններուդ, նիւթական թէ բարոյական աջակցութիւններուդ համար, վկա՛յ սրահի անուանակոչութիւնը` «Ներսէս Պէրպէրեան սրահ», արդէն տարիներէ ի վեր գամուած կը մնայ սրահի դրան վրայ:

Ինչս մառնանք քզիկ էղբէրս, քզնէդ առաջ մեկնող էղբոտոնց միանաս Աստուած քզիկ իմին հայրենասէր հայրենակիցներու հոգիները լօսի մէջ պիէ, խողը թեթեւ ըննա վրէդ:

ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ . Թարգմանչաց Տօն

Յաջորդը

Պարոն Դեսպանին Ասէք, Որ Պատմութիւն Սովորի

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.