Յօդուածներ

Միտքեր Յեղաշրջող Ապստամբութիւնը (98-ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ        ...18 փետրուար 1921-ին Երեւանի բանտին դիմաց գտնուող որբանոցի սաները` Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներ, խուռներամ սկսան երգել «Մեր հայրենիք»-ը` առանց յստակ գիտնալու, թէ դուրսը ի՛նչ կը կատարուի: ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ «Ազդակ», 2 փետրուար 2019 Հանրածանօթ հրապարակագիրին վերոնշեալ տողերը պահիկ մը մեր միտքին ու հոգիին դռները թակեցին, որովհետեւ անոնք կ՛ընդգրկէին գերազանց երկու արժէք` փետրուարի 18 եւ «Մեր հայրենիք»-ը: Յօդուածագիր մեր ընկերը...

Սիրուշոն Տուպայի Մէջ Միջազգային Մրցանակի Արժանացած Է

Սիրուշոն Տուպայի Մէջ Միջազգային Մրցանակի Արժանացած Է

Երգչուհի Սիրուշոն Տուպայի մէջ տեղի ունեցած ՏԻԱՖԱ (DIAFA) միջազգային մրցանակաբաշխութեան արժանացած է մրցանակի: Միջին Արեւելքի յայտնի ՏԻԱՖԱ (DIAFA) մրցանակը կը յանձնուի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ տարբեր մարզերու մէջ ձեռքբերումներու տիրացած մասնագէտներու` բժշկութենէն մինչեւ շարժապատկերի արուեստ, մարմնակրթութենէն մինչեւ երաժշտութիւն: ՏԻԱՖԱ փառատօնը տեղի ունեցած է 8 փետրուար 2019-ին, Տուպայի «Աթլանթիս փալմ» պանդոկին մէջ: Փառատօնը հիւրընկալած է 14 երկիրներէ հռչակաւոր մարդիկ: Անիկա նուիրուած է...

Փտածութեան Ընդմէջէն` Մեծագոյն Յաջողութիւն

ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ Ընկերային ցանցերու մէջ նաւարկելու ընթացքին, «Իսնթակրամ»-ի վրայ նորութիւններ որոնելու ժամանակ հանդիպեցայ այսպիսի բանի մը. «Պիսց» անունով էջ մը տեղադրած էր երկու լուսաւոր եւ գեղեցիկ լուսանկարներ` Պէյրութի Նըժմէ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած Նոր տարուան գիշերուան տօնակատարութենէն եւ շնորհակալութիւն յայտնած էր բոլոր անոնց, որոնք յաջողցուցած էին այս աշխատանքը: Քանի մը վայրկեան ետք «Թուիթըր»-ի էջիս վրայ կը տեսնեմ այդ նոյն նկարը`...

Մանուկին Ճաշարանը

Հի՞ն, Թէ՞ Նոր Հայեր…

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Կեդրոնական Եւրոպայի հայկական ներկայութիւնը ունի իւրայատկութիւններ: Հայկական սփիւռքը այս երկիրներու մէջ կազմաւորուած է միջին դարերէն սկսեալ: Այս իմաստով հայկական իրականութիւնը այս շրջաններուն մէջ եղած է «հին», իսկ «նո՞ր»-ը` Ցեղասպանութենէ ետք ճողոպրած հայորդիներ, որոնք հասած են այս շրջանները: Իսկ վերջին տասնամեակներուն ասոնց վրայ կու գան աւելնալու Հայաստանէն ժամանած հայերը: Հայկական սփիւռքի ու գաղութներու կազմութիւնը կեդրոնական Եւրոպայի այս երկիրներու...

«Կոկիկեան Հիմնարկ»-ի Արաբերէնի  «Պայան» Մրցանակի Եօթներորդ Մրցանակաբաշխութիւնը

«Կոկիկեան Հիմնարկ»-ի Արաբերէնի «Պայան» Մրցանակի Եօթներորդ Մրցանակաբաշխութիւնը

Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, հինգշաբթի, 7 փետրուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան արաբերէն շարադրական մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: «Կոկիկեան հիմնարկ»-ը սոյն մրցանքը կը կազմակերպէ եօթներորդ տարին ըլլալով: Ձեռնարկը վարեց Քարոլ Արզումանեան-Դերձակեանը, որ ողջունելով ներկաները` հրաւիրեց «Կոկիկեան հիմնարկ»-ի աշակերտներէն Վիքի Քենտիրճեանը, որ ներկայացնէ հիմնարկին խօսքը: Վ. Քենտիրճեանը իր խօսքին սկիզբը շեշտը դրաւ հիմնարկի նպատակին վրայ`...

Ակնարկ  Գերքաղաքականացուած  Մեկնաբանութիւններուն Դիմաց

Ակնարկ Գերքաղաքականացուած Մեկնաբանութիւններուն Դիմաց

Սուրիա մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ուղարկումը ինչպէս ներքին, նոյնպէս ալ միջազգային մակարդակի վրայ տեղի տուած է տարատեսակ մեկնաբանութիւններու: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը, մեկնաբանելով խումբը Սուրիա ուղարկելու որոշումը, յայտնած էր, որ հասկնալի է Սուրիոյ մարդասիրական իրավիճակին արձագանգելու այլ պետութիւններու ցանկութիւնը, եւ թէ Միացեալ Նահանգները կը կիսեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան շուրջ մտահոգութիւնները, այսուհանդերձ իրենք չեն պաշտպաներ Սուրիոյ...

Անդրադարձ.  Վարշաւայի Խորհրդաժողովի  Անմիջական Արդիւնքը

Անդրադարձ. Վարշաւայի Խորհրդաժողովի Անմիջական Արդիւնքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարը Վարշաւայի մէջ Միջին Արեւելքին նուիրուած խորհրդաժողովի նիստի ընթացքին յայտնեց. «Հասակ առինք` ըսելով, որ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը կարեւորագոյն դատն է, եւ զայն պէտք է այս կամ այն ճամբով լուծել, սակայն վերջին փուլին տեսանք աւելի մեծ մարտահրաւէր մը, որ արդի պատմութեան մէջ ամէնէն վտանգաւորն է` Իրանի հանրապետութեան ներկայացուցած վտանգը»: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարն ալ նոյն...

Ս. Սարգիս. Քրիստոնէական Հաւատքի Համար Նահատակուած Եւ Սրբադասուած Մեծ Վկայ

Ս. Սարգիս. Քրիստոնէական Հաւատքի Համար Նահատակուած Եւ Սրբադասուած Մեծ Վկայ

Պատրաստեց` ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այսօր Ս. Սարգիսի, իր որդւոյն` Մարտիրոսի եւ տասնչորս զինուորներու տօնն է: Կասկածէ վեր է, որ արագահաս եւ խնդրակատար այս սուրբը նահատակութեան եւ քրիստոնէական կեանքի սկզբունքներու եւ ուսուցումներու կենդանի օրինակ դարձած է դարեր շարունակ: Իր յիշատակութիւնը այսօր անգամ մը եւս կ՛արթնցնէ հաւատքի խայծը` իւրաքանչիւր քրիստոնեայի վերյիշեցնելու Աստուծոյ կամքին հաւատարիմ մնալու անխախտ իրողութիւնը: Քաջ եւ...

Թաւշեայ  Յեղափոխութեան Վարչապետը ` Գիրքի Հեղինակ. «Երկրի  Հակառակ  Կողմը» –  Նիկոլ Փաշինեան

Փոխան Ափ Մը Հողի. Սահակ Ակիլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Պատմական Կիլիկիոյ Քիլիս գաւառի հայութեան վիճակուեցաւ, յետտարագրութեան, հաստատուիլ Սուրիոյ սահմանին մօտ գտնուող Ազեզ գիւղաքաղաքը: Հայաբնակ այս աւանին մէջ ծնած էր Սահակ Ակիլեանը, 1948 թուականին: Երկրագործ հօրը` Յովհաննէսի ասպարէզին բերումով, մինչեւ 1952 ապրած Ռաս Ուլ Այն, ապա փոխադրուած է Հալէպ եւ յաճախած` Ազգ. Հայկազեան մանկապարտէզն ու նախակրթարանը, երկրորդական ուսման հետեւած էր Ազգային Քարեն Եփփէ ճեմարանէն ներս` նախակրթարանի մէջ Հայկուհի...

Ծառայասէր, Բարի Եւ Համեստ Էյպէզցին.  Մանուէլ Պեռնար Գալուստեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Ծառայասէր, Բարի Եւ Համեստ Էյպէզցին. Մանուէլ Պեռնար Գալուստեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

«Գիտեմ մահը բոլորին է, բայց կարծեցի զիս պիտի շրջանցէ»: ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ Վերջին հրաժեշտով մեզմէ յաւիտեան բաժնուեցաւ, քառասուն օր առաջ, Մանուէլ Գալուստեանը` իր հարազատներուն եւ բարեկամներուն սուգ ու վիշտ պատճառելով: Պեռնար եւ Արշալոյս Գույումճեան ամոլին զաւակն էր Մանուէլը, ծնած 1938-ին, Լիբանան: Փոքր հասակին կը յաճախէ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան: Համեստ ընտանիքի զաւակ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ծնողքի առաջին սերունդին պատկանող, կեանքի ու տառապանքի...

Հենրիկ Էդոյեանի «Հատընտիր»-ը*

Արամ Պաչեանի «Ցտեսութիւն, Ծիտ»-ը*

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Արամ Պաչեան վերջին տասնամեակին Հայաստանի մէջ ուշադրութիւն գրաւած երիտասարդ արձակագիրներէն է: Սկիզբը զինք սկսանք կարդալ «Ինքնագիր», «Գրեթերթ» եւ  «Գրանիշ»   համացանցային մամուլին մէջ, առաւելաբար` պատմուածքներով եւ փորձագրութիւններով (essay), իսկ 2012-ին հրատարակած իր խորագրեալ վէպը վերջերս երկրորդ հրատարակութեան արժանացաւ, ինչ որ քաջալերելի է ո՛չ միայն իր հաշուոյն, այլեւ ցուցանիշ մըն է` կազմաւորուող նոր ընթերցողներու թիւին առնչութեամբ, որ կը յաջորդէ աւելի...

Երախտաշատ Անահիտ Տէր Մինասեանի Մահուան Առիթով

Երախտաշատ Անահիտ Տէր Մինասեանի Մահուան Առիթով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Մահը միշտ տխուր է: Մահեր կան, որոնք ընկերոջ, բարեկամի, այս պարագային` Ֆրանսայի հայկական համայնքին եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին համար, տխրութենէ անդին, կորուստի զօրաւոր զգացում մը կը յուշեն: Հասարակ տեղիք է ըսել, որ պիտի զգացուի իր բացակայութիւնը հայ կեանքի մէջ, ինչպէս կը կրկնուի զանազան առիթներով: Անահիտ Տէր Մինասեանը մեր պատմութեան եւ Դատին իրազեկ եւ գիտական պատրաստութեամբ անձ էր` առանց...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Արցախը` Ներկայ Փուլի Քաղաքական Կեդրոնացման Առարկան

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 100 տարի առաջ, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դեռ նոր կը նշէր իր անկախութեան առաջին տարեդարձը, ՀՅԴ-ն, առաջին անգամ ըլլալով, իր 9-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարեց հայկական պետութեան մէջ` նորանկախ Հայաստանի սահմաններուն մէջ: ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը կայացաւ թէ՛ ընկերային-տնտեսական եւ թէ՛ ապահովական ծանր պայմաններու ներքեւ: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ համատարած էին` սով, աղքատութիւն եւ չքաւորութիւն ու ներքին պոլշեւիկեան խռովութիւններ, իսկ...

Դէպի Ո՞ւր…

Դէպի Ո՞ւր…

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Ծովափէն հեռանալով` նաւ մը կը սկսի թիավարել դէպի հորիզոն, դէպի հո՛ն, ուր արեւը մայր կը մտնէ... Նաւով ճամբորդութիւնը դիւրին չէ: Ծովափէն հեռանալէ ետք ալիքները յանկարծ կը բարձրանան, ծովը կը դառնայ փոթորկոտ, նաւավարը դժուարութեամբ կը փորձէ պահել նաւուն հաւասարակշռութիւնը, երբ զօրաւոր ալիք մը կը հարուածէ նաւը, եւ անձնակազմէն մէկը ջուր կ՛իյնայ... Սկիզբը, տարուած փոթորիկով ու բարձր ալիքներով, իւրաքանչիւրը բռնուած...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Պոլիս «Տատեան» Փողոցի Վերանուանում Պաքըրգիւղի քաղաքապետական խորհուրդը, տեղւոյն բնակչութեան պահանջով եւ միաձայնութեամբ, որոշած է Տատեան վարժարանին յարող Մապեթ փողոցը վերանուանել «Տատեան» փողոց: Առ այդ, մասնակցութեամբ Պաքըրգիւղի քաղաքապետին, 6 փետրուարին Զէյթինլիք թաղի փողոցին մէջ կատարուեցաւ Մապեթ փողոցին վերանուանումը, որ կոչուեցաւ «Տատեան» փողոց: Քաղաքապետը փողոցի մուտքին զետեղեց համապատասխան ցուցատախտակը` յոյս յայտնելով, որ մայր քաղաքապետութիւնը կը հաստատէ Պաքըրգիւղի քաղաքապետական խորհուրդին...

Տեառնընդառաջի Տօնը Տիրոջ Մօտենալու Հրաւէր Է Քրիստոնեայ Աշխարհին

Տեառնընդառաջի Տօնը Տիրոջ Մօտենալու Հրաւէր Է Քրիստոնեայ Աշխարհին

Պատրաստեց ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, 14 փետրուարին հանդիսաւոր կերպով կը նշուի հայ ժողովուրդին մէջ ամէնէն աւելի տարածուած եւ սիրուած տօներէն` Տեառնընդառաջի տօնը: Այս տօնը, բացի իր քրիստոնէական նշանակութենէն, նաեւ անցած է մեր ազգային աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու շարքին եւ փոխանցուած` սերունդէ սերունդ: Տեառնընդառաջ Բառին Ստուգաբանութիւնը Տեառնընդառաջ բառը ծագումով գրաբար բառ մըն է, որ կազմուած է  «տեառն» եւ «ընդառաջ»...

«Մըքենզի»-ն, «Սետր»-ը Եւ Նոր Կառավարութիւնը

ԺԱԳ ՔԷՉԷՃԵԱՆ 8 յունուար 2018-ին Լիբանանի կառավարութիւնը դիմեց աշխարահռչակ տնտեսական խորհրդատու «Մըքենզի» հաստատութեան, որ Լիբանանի տնտեսական վատ իրավիճակին համար կատարէ յատուկ ուսումնասիրութիւն մը եւ համապատասխան լուծումներ առաջարկէ: Երեք ամիս ետք Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ կայացաւ «Սետր» կոչուած նուիրատուներու համաժողովը: Այս համաժողովը կազմակերպուած էր Լիբանանի կառավարութեան կողմէ, ուր հրաւիրուած էին 51 երկիրներու, համաշխարհային կազմակերպութիւններու եւ մարմիներու ներկայացուցիչներ: Լիբանանի կառավարութիւնը կատարած էր...

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին

Վերջապէս Ծնաւ Մանուկը

Պատրաստեց ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի անդամ Երեսուներեք շաբաթ տեւած խիստ աշխատանքէ ետք, վերջապէս վարչապետ Սաատ Հարիրի կարողացաւ կազմել նոր վարչութիւն մը` երեսուն նախարարներէ բաղկացած: Դիւրին չէր այս գործը, տրուած ըլլալով, որ Լիբանան 18 համայնքներէ կը բաղկանայ, եւ Թայէֆի համաձայնագիրի հիման վրայ, պէտք է նախարարներուն թիւը հաւասարապէս բաժնուի կրօններու եւ համայնքներու միջեւ` կազմելու համախոհ վարչութիւն մը: Տեսանք նոր դէմքեր,...

Անհնար Է Պաշտօնականացուած Անարդարութեան Վրայ Խաղաղութիւն Հաստատել. Ֆրանսուա Փիւփոնի

Անհնար Է Պաշտօնականացուած Անարդարութեան Վրայ Խաղաղութիւն Հաստատել. Ֆրանսուա Փիւփոնի

Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (ՀԿՀԽ) իր տարեկան ընթրիքի նախօրեակին Մարսէյի նախկին քաղաքապետ, ընկերվարական երեսփոխան եւ «Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակ»-ի փոխնախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի` «Լը Մոնտ»-ի մէջ 31 յունուարին լոյս տեսած բաց նամակով մը կը դատապարտէ ֆրանսական իշխանութիւններուն դիրքորոշումը Արցախի նկատմամբ: Փիւփոնի կ՛ըսէ, որ մինչ հանրապետութեան նախագահ Մաքրոն, յարգելով իր երկու նախորդներուն աւանդութիւնը, պիտի մասնակցի 5 փետրուարի ՀԿՀԽ-ի տարեկան ընթրիքին` համակրանքը շահելու...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Սերժ Եւ Անժելա Թանքեանները Աջակցած Են Հայաստանի 200 Անապահով Ընտանիքներու Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեանը եւ իր կինը` Անժելան օգնած են Հայաստանի զանազան բնակավայրերու մէջ ապրող աւելի քան 200 անապահով ընտանիքներու: «Սերժ եւ Անժելա Թանքեանները «Օրրան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան գլխաւորութեամբ եւ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» հիմնարկի, «Կանանց ռեսուրսային կեդրոն» եւ «Բարի մամա» հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ կ՛իրականացնեն բարեգործական ծրագիրներ` ուղղուած...

Page 608 of 1111 1 … 607 608 609 … 1,111

Արխիւներ