Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մըքենզի»-ն, «Սետր»-ը Եւ Նոր Կառավարութիւնը

February 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՔԷՉԷՃԵԱՆ

8 յունուար 2018-ին Լիբանանի կառավարութիւնը դիմեց աշխարահռչակ տնտեսական խորհրդատու «Մըքենզի» հաստատութեան, որ Լիբանանի տնտեսական վատ իրավիճակին համար կատարէ յատուկ ուսումնասիրութիւն մը եւ համապատասխան լուծումներ առաջարկէ:

Երեք ամիս ետք Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ կայացաւ «Սետր» կոչուած նուիրատուներու համաժողովը: Այս համաժողովը կազմակերպուած էր Լիբանանի կառավարութեան կողմէ, ուր հրաւիրուած էին 51 երկիրներու, համաշխարհային կազմակերպութիւններու եւ մարմիներու ներկայացուցիչներ:

Լիբանանի կառավարութիւնը կատարած էր 7 զանազան հատուածներու մանրամասն ուսումնասիրութիւն եւ ծրագրաւորում: Հատուածներն էին հետեւեալները` հաղորդակցութեան միջոցները, ջուր եւ ոռոգում, կոյուղի, ելեկտրականութիւն, աղբի մշակում, հեռահաղորդակցութիւն, մշակոյթ -զբօսաշրջութիւն եւ ճարտարարուեստ: Ընդհանուր առմամբ պատրաստուած այս ծրարը կը պարունակէ 250 ծրագիր եւ առաջարկ, որոնք կը կարօտին մօտաւորապէս 23 միլիառ տոլարի: Ներկայացուած ծրագիրները տարածուած են երեքէն չորս տարի ենթադրող փուլերու վրայ եւ կ՛աւարտին 2030-ին:

Ներկայացուած ծրագիրներն ու անոնց գումարներն են`

1.- Հաղորդակցութեան միջոցներ

Փոխադրական գետնի վրայ նախատեսուած էր 24 ծրագիր` տարածուած 3 փուլերու վրայ: Այս ծրագիրներուն մաս կը կազմեն` Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրիի անուան օդակայանի ընդարձակումն ու զարգացումը, Ռընէ Մուաուատ օդակայանի նորոգումը, Ճիւնիի զբօսաշրջութեան նաւահանգիստի կառուցումը, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ մայրուղիներու եւ պողոտաներու կառուցումն ու ընդլայնումը: Այս առաջարկներուն նախատեսուած ծախսը կը հասնի 8,8 միլիառ տոլարի:

2.- Ջուր եւ ոռոգում

Այս ծիրէն ներս կ՛ակնկալուի 4,9 միլիառ տոլար: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ 223 կէտերէ բաղկացած ուսումնասիրութիւն մը, որ մասնաւորապէս կը պարունակէ հիւսիսի Պարետ ջրամբարի կառուցումը, առաւել` Նապաթիէ շրջանի ոռոգման համակարգի կառուցումը եւ այլ շրջաններու ոռոգման համակարգերու նորոգութիւնը:

3.- Կոյուղի

Կոյուղիներու համար առաջարկուած է 134 կէտերէ կազմուած ծրար մը, որ կը պահանջէ մօտաւոր 3,2 միլիառ տոլար: Ծրարը կը կեդրոնանայ Ալէյ շրջանի մէջ կոյաջուրերու վերամշակման կեդրոն (wastewater treatment facility)-ի մը կառուցման եւ Մեթնի շրջանի կոյաջուրերու վերամշակման կեդրոնի սարքերու բարելաւման վրայ:

4.- Ելեկտրականութիւն

Ելեկտրականութեան ծրարը կը պարունակէ 22 ծրագիր, մասնաւորապէս կեդրոնանալով Սալաթաա եւ Զահրանի գործարաններու ելեկտրականութեան արտադրութեան աճին վրայ (մօտ 1000 մեկաուաթ): Հարկ է յիշել առաջարկուած կազի խողովակը, որ բնական կազով պիտի օժտէ ելեկտրականութիւն արտադրող ծովեզերայ գործարանները:

5.- Աղբի մշակում

Այս իմաստով կառավարութիւնը արդէն իսկ ապակեդրոնացեալ քաղաքականութիւն մը վաւերացուցած է, ինչ կը վերաբերի աղբերու մշակման հարցին: Նախատեսուած ծրագիրը կը կարօտի 1,4 միլիառ տոլարի:

6.- Հեռահաղորդակցութիւն

Նկատի առնուած են 8 ծրագիրներ, իսկ ամբողջական ծախսերը կը հասնին 700 միլիոն տոլարի: Առաջարկուած 8 ծրագիրներէն կարեւորագոյնները կը հանդիսանան պետական տեղեկատուութեան կեդրոնի մը ստեղծումը եւ հեռահաղորդակցութեան ցանցի բարելաւումը` դէպի 5G:

7.- Մշակոյթ-զբօսաշրջութիւն եւ ճարտարարուեստ

Այս պարագային պահանջուած է 264 միլիոն տոլար: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ բազմաթիւ թանգարաններու օժանդակութիւն եւ նորոգութիւն, հնագիտական վայրերու բացում, հանրային գրադարաններու եւ դպրոցներու ներդրումներ: Ճարտարարուեստական գետնի վրայ ծրագրուած են հսկայական ներդրումներ, ինչպէս նաեւ` Թրիփոլիի յատուկ տնտեսական գօտիի ենթակառուցուածքի բարելաւում եւ զարգացում:

Պահանջուած 23 միլիառ տոլարէն «Սետր»-ի համաժողովին ընթացքին ապահովուեցաւ 11,8 միլիառ տոլար, որ տրամադրեցին 17 երկիրներ եւ համաշխարային կազմակերպութիւններ: Գումարին մեծ մասը կը ներկայանայ որպէս ցած տոկոսով պարտքեր, միջին տոկոսը` 1,5 առ հարիւր, իսկ միւս մասը կը ներկայանայ որպէս նուիրատուութիւն:

31 յունուար 2019-ին, վարչապետ Սաատ Հարիրի, 9 ամիս խորհրդակցութիւններ կատարելէ ետք,  վերջապէս կազմեց 30 նախարարէ բաղկացած կառավարութիւն մը: Նկատի առնելով Լիբանանի տնտեսական լճացած իրավիճակը` նորանշակ կառավարութեան կը դիմաւորէ հսկայական լեռ մը, որ անմագլցելի կը թուի: Լիբանանը տնտեսական վերածնունդի կը կարօտի, եւ այդ մէկը վստահուած է նորածին կառավարութեան:

Ճանչնալով Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը` ոչ ոք մեծ յոյսեր կապած է «Սետր»-ի ծրագիրներուն. անոնք պարզապէս, ըստ լիբանանեան սովորութեան, կ՛ակնկալուին, որ մնան թուղթի վրայ: Սակայն այս փուլը առիթ մը կը հանդիսանայ, որ կառավարութիւնը բոլորին հակառակը փաստէ եւ իսկապէս ըլլայ այն կառավարութիւնը, որ պիտի փրկէ Լիբանանը ու պիտի ներկայանայ իբրեւ տնտեսական վերածնունդի ռահվիրան. նաեւ`  ըլլայ այն կառավարութիւնը, որ պատմութեան էջերուն մէջ պիտի փառաբանուի, ըլլայ այն կառավարութիւնը, որ կամաց-կամաց ընկղմող նաւը, որ կը կոչուի Լիբանան, հաստատ եւ ամուր քայլերով պիտի հասցնէ ապահով ու բարգաւաճ ափ: Յոյսով մնանք, որ անգամ մը եւս Լիբանանը կը դառնայ Արեւելքի Զուիցերիան, յոյսով մնանք…

 

Նախորդը

Վերջապէս Ծնաւ Մանուկը

Յաջորդը

Տեառնընդառաջի Տօնը Տիրոջ Մօտենալու Հրաւէր Է Քրիստոնեայ Աշխարհին

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.