Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անհնար Է Պաշտօնականացուած Անարդարութեան Վրայ Խաղաղութիւն Հաստատել. Ֆրանսուա Փիւփոնի

Փետրուար 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (ՀԿՀԽ) իր տարեկան ընթրիքի նախօրեակին Մարսէյի նախկին քաղաքապետ, ընկերվարական երեսփոխան եւ «Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակ»-ի փոխնախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի` «Լը Մոնտ»-ի մէջ 31 յունուարին լոյս տեսած բաց նամակով մը կը դատապարտէ ֆրանսական իշխանութիւններուն դիրքորոշումը Արցախի նկատմամբ:

Փիւփոնի կ՛ըսէ, որ մինչ հանրապետութեան նախագահ Մաքրոն, յարգելով իր երկու նախորդներուն աւանդութիւնը, պիտի մասնակցի 5 փետրուարի ՀԿՀԽ-ի տարեկան ընթրիքին` համակրանքը շահելու համար հայ համայնքին. ատոր ետին, սակայն, թաքնուած է Ֆրանսայի պաշտօնականացուած (ֆրանսերէն բնագիրին մէջ ըսուած է institutionnalise, այսինքն` պետական եւ պաշտօնական կառոյցներու, հիմնարկներու մակարդակով, «Ն.Յ.») անարդարութիւն մը հայութեան եւ յատկապէս Արցախի հանդէպ:

Ինչ կը վերաբերի ընդհանրապէս հայութեան, Փիւփոնիի համար անհասկնալի է, որ մինչ քաշելով-քաշքշելով 2001-ին Ֆրանսայի մէջ ընդունուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող միայն յայտարարական (declarative -«Ն.Յ.») օրէնք մը, ատոր կողքին ցայսօր չէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրէնք մըն ալ:

Բայց Փիւփոնիի համար ներկայի հրատարապ հարցը Ֆրանսայի դիրքորոշումն է Արցախի նկատմամբ: «Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակ»-ի փոխնախագահը նախ եւ առաջ չի հասկնար, թէ որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ, «կողմնակցութենէ» խուսափելու պատճառաբանութեամբ, Ֆրանսա ինչպէ՞ս չի զօրակցիր Արցախի եւս բանակցութիւններուն մասնակցելուն, մինչ վերջինս այս հակամարտութեան առանցքային տարրն է: Կը քննադատէ նաեւ Ֆրանսայի երկդիմի կեցուածքը, որ մինչ Պաղեստինի կամ Թայուանի նման պետականութեան յաւակնող տարրերու նկատմամբ այլ քաղաքականութիւն կը վարէ, իսկ Արցախի միջազգայնօրէն ճանաչման ուղղութեամբ բոլորովին ալ դիրքերու վրայ է:

Փիւփոնի նաեւ զայրացած է, որ Ֆրանսայի որոշ նահանգապետներ դատական գործընթացներու ձեռնարկած են այն քաղաքապետներուն կամ համայնքապետներուն դէմ, որոնց գլխաւորած քաղաքները կամ համայնքները գործակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրած են Արցախի այս կամ այն քաղաքին կամ համայնքին հետ: Զայրանալով հանդերձ, Փիւփոնի այնքան ալ չի զարմանար, որովհետեւ, ըստ իրեն, «քանի մը տարիէ ի վեր մեր երկիրը նոր ուղղութիւն տուաւ իր արտաքին յարաբերութիւններուն` նախապատուութիւնը ընծայելով գործառնութեանց դիւանագիտութեան»: Եթէ ֆրանսացի երեսփոխանին համար հասկնալի է ատիկա երկրին բարօրութեան տեսանկիւնէն, նոյնքան ալ անընդունելի է, երբ խնդրոյ առարկայ խօսակիցը կամ գործակիցը մենատէր մըն է կամ` մենատիրական վարչակարգ մը, ինչ որ նաեւ Ազրպէյճանի պարագան է:

Փիւփոնի կ՛արծարծէ ֆրանսական ռազմական արդիւնաբերութեան ընկերութիւններու Ազրպէյճանի կատարած զէնքի եւ զինուորական արհեստագիտական սարքաւորումներու վաճառքի հարցն ալ` ընդգծելով, որ ատիկա ԵԱՀԿ-ի սահմանած արգելքին եւ Եւրոպական Միութեան դեկտեմբեր 2008-ին որդեգրած որոշումի բռնաբարում մը կը հանդիսանայ:  Արդարեւ, այդ փաստաթուղթերով կ՛արգիլուի Ազրպէյճանին զէնք եւ զինուորական արհեստագիտութիւն վաճառել:

Փիւփոնիի նամակը կը վերջանայ հետեւեալ տողերով.

«5 փետրուարին, ուրեմն, խօսքին կախարդանքը,  որուն վարժ է մեր նախագահը, բաւարար պիտի չըլլայ արդարացնելու մեր հարաւկովկասեան քաղաքականութեան «անկողմնակալութիւնը» եւ բացատրելու, թէ մինչ (Արցախի հետ) բարեկամութեան համաձայնագիրներուն դէմ նախաձեռնուած դատական արարքները թշնամական քայլեր չեն, Ազրպէյճանին սպառազինութեան վաճառքը կը հանդիսանայ բարեկամական քայլ:

Իրականութեան մէջ կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել պաշտօնականացուած անարդարութեան, արդարութեան գոյներով շպարուած անիրաւութեան, արժէքներու պղծումին վրայ, արժէքներ, առանց որոնց` մեր արտաքին քաղաքականութիւնը կը կորսնցնէ իր օրինականութիւնը եւ կը քանդէ իր ազդեցութիւնը: Ո՞վ կրնայ պնդել, որ Ստեփանակերտի հետ ֆրանսական յաճախ համեստ քաղաքներու կնքած գործակցութեան համաձայնագիրները կրնան սպառնալ խաղաղութեան ներկայ գործընթացին եւ, միւս կողմէ ալ, Պաքուին «մահ» վաճառելը կը նպաստէ տարածաշրջանի իրավիճակի կայունացման:

Դադրեցնենք քանի մը միլիոն եւրոյի սիրոյն Կովկասի մէջ Ֆրանսայի վստահելիութեան եւ ազդեցութեան այսպիսով մսխումը, վերջ տանք մեր երկրի վայելած վստահութեան փճացումին` ոչ միայն հայոց մօտ, որոնք այսօր կը կառուցեն իրենց ժողովրդավարութիւնը, այլ նաեւ` ազրպէյճանցիներու, որոնք այդ ժողովրդավարութիւնը պիտի կառուցեն վաղը: Կովկասցիները աւելի լաւին արժանի են, Ֆրանսա՛ն ալ»:

Թարգմանութիւնը` «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»-ի

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Վերջապէս Ծնաւ Մանուկը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?