Յօդուածներ

Համազգայինին 90-ամեակ. Համազգայինի Կրթական Առաքելութիւնը

Համազգայինին 90-ամեակ. Համազգայինի Կրթական Առաքելութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 28 մայիս 1928-ին հիմնուած Հայ Կրթական եւ հրատարակչական միութեան հիմնական նպատակին առաջին կէտը «հասնող սերունդին կրթութիւնը» կը սահմանէր: Ծրագիր-կանոնագիրը կը մանրամասնէր հետեւեալը. Միութիւնը` ա. Պիտի հիմնէ մէկ-երկու ճիւղանի միջնակարգ վարժարաններ` եւրոպական քոլեճներու եւ լիսէներու համաստիճան: բ. Պէտք է բանայ մանկական հաստատութիւններ, քառամեայ եւ ութնամեայ դպրոցներ, ինչպէս նաեւ երեկոյեան, շրջուն եւ այլ պարբերական դասընթացքներ` յարմարելով տեղին եւ պահանջին: գ....

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում

Հրաժեշտ` Անահիտ Տէր Մինասեանին

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ Փարիզի Հայ ուսանողական տուն, Սիլվա Կապուտիկեանի նուիրուած երեկոյ՝ իր ներկայութեան։Նկարին մէջ, դէմը՝ մթագոյն ակնոցներով՝ Անահիտ Տէր Մինասեան, իսկ նկարի աջին՝ գանգրահեր երիտասարդը՝ իր եղբայրը՝ Գեղամ Գեւոնեանը։ Անկարելի կը թուի ինծի հիմա, ժլատ բառերու ուրուագծումով մը, ընդգրկել դէմքը եւ վաստակը Անահիտ Տէր Մինասեանի: Պատմագէտի ակադեմական բերրի ասպարէզի մը զուգահեռ արտադրուած` բազմատասնեակ ուսումնասիրութիւն-յօդուածներ, յաճախ կանխաւ ներկայացուած` համադրական գիտաժողովներու, կամ նիւթ...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Անահիտ Տէր Մինասեանին Գործը Կիսատ Պէտք Չէ Մնայ

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 11 փետրուարին սրտի խոր ցաւով ընկերային ցանցերէն ստացայ մտաւորական եւ պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանի մահուան լուրը: Անուն մը, որուն առաջին անգամ հանդիպեցայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի մէջ, իր Սպեցիֆիկներուն (Սոցիալ դեմոկրատական բանուորական հայ կազմակերպութիւն) կողմէ մարքսականութեան հայկականացման փորձին վերաբերեալ ուսումնասիրական յօդուածաշարքը կարդալու ընթացքին: Այս յօդուածաշարքը լոյս տեսած էր «Դրօշակ»-ի թիւ 2 (827), 14 մայիս 1986-ի, թիւ 4-5...

Իրենց Ստեղծագործական Ուղին Ճշդած Երկու Գեղանկարչուհիներ

Քանատական «Եօթնեակ»-ը Եւ Բնանկարչութիւնը

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ ՄքՄայքըլ Թանգարանի Մուտքը Իր կազմաւորումէն մօտաւորապէս դար մը ետք քանատական բնանկարչութեան փառքը համարուող «Եօթնեակ»-ի արուեստը ներկայացուեցաւ Լոնտոնի «Englands Dulwich Picture Gallery»-ին մէջ, «Թոմ Թոմսըն էնտ կրուփ աֆ սեւըն» ընդհանուր խորագիրին տակ: Բրիտանացի արուեստասէրը հաղորդակից դարձաւ իւրայատուկ գեղանկարչական արուեստի մը, որ ոչ միայն կը զատորոշուի անգլիական ու առհասարակ եւրոպական բնանկարչութենէն, այլեւ իր որակով չէր զիջեր անոնց: Եւ որովհետեւ այս...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Մի՛ Թերագնահատէք Պետական Խորհրդանիշները

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մի՛ Թերագնահատէք Պետական Խորհրդանիշները

Պետութեան մը խորհրդանիշները մէկէ աւելի անգամներ քննարկումի առարկայ դարձնելը հաւանաբար մեր երկրի պետական կարգ մը այրերուն յատուկ գործելաոճն է: Գործելաոճ մը, որ իրականութեան մէջ պատմութիւնն ու պատմական անկիւնադարձային դէպքերը անկողմնակալօրէն արժեւորելու թերութեան մը կամ ընդհանրապէս պատմութեան մանրամասնութիւններուն անտեղեակ ըլլալու ափսոսալի իրականութեան մը մասին կը խօսի: Անցեալը ուրանալու եւ նորարարութեան պատրուակով ազգային եւ պետական մեր արժէքները նսեմացնելու այս մոլուցքը այլապէս ինչպէ՞ս...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Բարոյականութիւնն Ու Քաղաքականութիւնը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Բարոյականութիւնն Ու Քաղաքականութիւնը

Յաճախ ենք լսել այն արտայայտութիւնը, որ քաղաքականութիւնը անբարոյականութիւն է: Սակայն, արի ու տես, որ իրենց կեանքի ու գործունէութեան գնով` քաղաքական գործիչներ կան, որ հակառակն են փաստել: Եւ տրամաբանօրէն այն եզրակացութիւնն է ստացւում, որ նրանք, որոնք տարածում են քաղաքականութիւնն անբարոյականութիւն համարող միտքը, իրենց արարքներն արդարացնելու համար փորձում են գտնել բանաձեւ: 2019թ. առաջին մէկուկէս ամսում առիթ ունեցանք յիշելու հայ ժողովրդի արդի պատմութեան...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Իշխանութեան Կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Օրհներգը Լուծարելու Ծրագիրը Կրկին Օրակարգի Վրայ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Բոլոր երեւոյթները այսօր ցոյց կու տան, որ Հայաստանի ազգային օրհներգը լուծարելու ծրագիրը պատահական քմայքի ծնունդ չէ: Ան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանի բարդոյթներէն ծնած սոսկ նախաձեռնութիւն մը չէ: Անոր ետին գոյութիւն ունի մէկ ամբողջ հաստատութիւն մը (establishment)` իր կանխամտածուած ռազմավարութեամբ, որուն նպատակն է լուծարել ոչ միայն օրհներգը, ոչ միայն աղաւաղել ազգային եռագոյնը եւ Հայաստանի զինանշանը, այլեւ` հարազատ այս...

Ակնարկ.  Անհամաձայնութիւնը`  Ոչ Թէ Անժամկէտին, Այլ Հանրաքուէին

Ակնարկ. Անհամաձայնութիւնը` Ոչ Թէ Անժամկէտին, Այլ Հանրաքուէին

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ դեսպան Ռիչըրտ Հոկլընտի տուած հարցազրոյցով արտայայտուած միտքերը դուռ կը բանան որոշ դիտարկումներու բանակցային իրավիճակին եւ անոնցմէ բխող հայկական կողմի ընելիքներուն մասին: Հոկլընտ կ՛ըսէ, որ այսօր սեղանի վրայ գտնուող հարցի Լաւրովեան նախագիծին նկատմամբ որեւէ կողմ իր համաձայնութիւնը չէ տուած, ուստի բեկումնային պահ սպասելը ճիշդ պիտի չըլլայ, հակառակ անոր որ շփման գիծին ուղղութեամբ կտրուկ կրճատուած են...

Համազգայինի 90-ամեակին Առիթով`  «Բագին»-ին Առջեւ Կրկին

Համազգայինի 90-ամեակին Առիթով` «Բագին»-ին Առջեւ Կրկին

ՍՈՆԻԱ ՔԻԼէՃԵԱՆ-ԱՃէՄԵԱՆ «Բագին»-ը Այսօր 2003 թուականին Պօղոս Սնապեան իր առողջական վիճակին պատճառով դադրեցաւ իր պաշտօնէն: 2003-2015 թուականին «Բագին»-ի խմբագիր նշանակուեցաւ Յակոբ Պալեանը: 2015-ի աւարտին, խմբագիր Յակոբ Պալեանի հանգստեան կոչուելէն ետք, 1 յունուար 2016-ին Կեդրոնական վարչութիւնը «Բագին»-ի խմբագիր նշանակեց Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեանը, իսկ փոխխմբագիր` Նորա Բարսեղեանը (2016-2018):  Խմբագրին եւ փոխխմբագրին կողքին կազմուեցաւ նաեւ խմբագրական խորհուրդ մը, որ կը գործէ հետեւեալ կազմով. Քրիստիան...

Համազգայինի 90-ամեակ. Երէկ Եւ Այսօր

Համազգայինի 90-ամեակ. Երէկ Եւ Այսօր

ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ Աւելի քան քառորդ դար առաջ, ինչ բովանդակութեամբ յոբելենական ձեռնարկ կազմակերպած էինք` իբրեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն, յիշողութիւնս, այլապէս բաւական լաւ, չ՛արձագանգեր: Անշուշտ ունեցած պէտք է ըլլանք տեղական ուժերով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը, բանախօսութիւն: Արխիւները կրնան լոյս սփռել եւ փարատել շփոթս, մանաւանդ` պատասխանը տալ միտքս չարչրկող հիմնական հարցումին, թէ այդ հանդիսութեան իբրեւ պատգամ ի՛նչ փոխանցուած էր մեզի: Շատ լաւ...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Հայոց Լեզուի Վերականգնումի Աշխատանքներ, Ռուսացումի Քաղաքականութեան Ցարական Տիրապետութենէն Ետք – Ե.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Գաղափար կազմելու համար 1917-1920 մամուլի էջերուն ընթեռնելի վիճակին մասին` ստորեւ կը ներկայացնեմ վատագոյն նմուշ մը: Ձախին` երբեմն էջերը մութ գոյն ստացած եւ աջին` համակարգիչի միջոցով որոշ չափով յստակեցուած պատճէնը: Այլ պարագայ է նաեւ հակառակը, երկրորդ նմուշը` գունատ էջեր եւ մելանը գրեթէ ցնդած: Սակայն նախ պէտք է որոնած նիւթերը գտնել այս վիճակներուն մէջ, ապա,  նիւթը գտնելէ ետք, զատել, ընդօրինակել...

Սումկայիթի Ջարդերու 31-ամեակ.  Արցախեան Շարժման Սկզբնաւորումը Եւ Սումկայիթի Ջարդերը

Սումկայիթի Ջարդերու 31-ամեակ. Արցախեան Շարժման Սկզբնաւորումը Եւ Սումկայիթի Ջարդերը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Լեռնային Ղարաբաղի Հայաստանի վերակցման հայրենի հայութեան պահանջատիրական շարժումը ստացաւ աննախընթաց տարողութիւն: Հայրենի ժողովուրդը համընդհանուր գործադուլի եւ դասադուլի դիմեց. Հայաստանի բոլոր շրջաններէն պահանջատէր հայորդիներ հաւաքուեցան Երեւան, ծովածաւալ եւ խաղաղ ցոյցերով արտայայտելու այն պահանջը, որ պաշտօնապէս ներկայացուած էր Քրեմլինի ղեկավարներուն, Ղարաբաղի ինքնավար շրջանը վերադարձնելու համար հայութեան եւ սրբագրելու` ստալինեան բռնատիրութեան օրով գործուած պատմական սխալը: Պետական ուժեր անյաջող փորձեր կատարեցին ցրուելու...

Հայ Գիրքն Ու Երգը Պահած Ու Տարածած Կարապետ Հաննէսեանի Յիշատակին

Հայ Գիրքն Ու Երգը Պահած Ու Տարածած Կարապետ Հաննէսեանի Յիշատակին

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Սփիւռքի մէջ հայ երգի տարածման եւ հրատարակման ինքնուրոյն դերը ստանձնած «Շիրակ» հրատարակչատան «Շիրակ երգարան»-ի հեղինակ եւ հրատարակիչ Կարապետ Հաննէսեան իր մահկանացուն կնքեց երկուշաբթի, 18 փետրուար 2019-ին: Տասնեակ տարիներ «Շիրակ երգարան»-ը բոլոր սփիւռքահայերուն տուները մուտք գործած է, այդ ալ այն տարիներուն, երբ հայ երգի տարածման եւ պահպանման ի խնդիր ընդհանուր ճիգ մը ի գործ կը դրուէր: Պէտք է ընդգծել,...

Գրիգոր Շահինեանի Մահուան 10-րդ Տարեդարձին Առիթով

Գրիգոր Շահինեանի Մահուան 10-րդ Տարեդարձին Առիթով

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Վերջերս, թղթածրարներս դասաւորած պահուս ուշադրութիւնս գրաւեց հարազատ լուսանկար մը, որ կը ներկայացնէր Գրիգոր Շահինեան աղբարիկս եւ Ճեմարանի ֆրանսերէնի դասատու Եոլանտ Աճեմեանը` քով քովի զրոյցի պահուն: 1960-ին Պէյրութի ֆրանսական մշակութային սրահին մէջ կու տայի առաջին ցուցահանդէսս` Փարիզի յաջողութիւններէս ետք: Ցուցահանդէս այցելող առաջին անձը եղաւ Գրիգոր Շահինեանը: Միասին ունեցանք երկար զրոյց մը` գեղարուեստի եւ գրականութեան մասին: Մեկնելէն առաջ Գրիգոր զիս...

Ծանուցողական. Լիբանանի Գործարարներու Եւ Առեւտրականներու Պատուիրակութեան` Նախագահ Միշել Անունի  Հետ Հանդիպման Առիթով` Հարցազրոյց` Լիբանանահայ Գործարար Փոլ Այանեանին Հետ

Ծանուցողական. Լիբանանի Գործարարներու Եւ Առեւտրականներու Պատուիրակութեան` Նախագահ Միշել Անունի Հետ Հանդիպման Առիթով` Հարցազրոյց` Լիբանանահայ Գործարար Փոլ Այանեանին Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄ.֊ Կրնա՞ք որոշ տեղեկութիւններ տալ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ ձեր պատուիրակութեան հանդիպման մասին: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.֊ Վսեմաշուք նախագահ Միշել Աուն 13 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ Լիբանանի գործարարներու եւ առեւտրականներու պատուիրակութիւնը ընդունեց: Այս կարեւոր հանդիպման բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժունիէի առեւտրականներու գրասենեակի տնօրէն Նեսիպ Ժեմայելը: Պատուիրակութեան մաս կազմող քանի մը անդամներ ելոյթ ունեցան` ներկայացնելով...

Համազգայինի 90-ամեակին Առիթով`  «Բագին»-ին Առջեւ Կրկին

Համազգայինի 90-ամեակին Առիթով` «Բագին»-ին Առջեւ Կրկին

ՍՈՆԻԱ ՔԻԼԷՃԵԱՆ-ԱՃԷՄԵԱՆ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեայ գործունէութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ «Բագին» գրական հանդէսի հրատարակութիւնը, որ սփիւռքի պատմութեան մէջ հազուադէպ երեւոյթ մըն է` իր երկարակեցութեամբ եւ հայ գրականութեան ու մշակութային կեանքին մէջ ունեցած ներդրումով: Անշուշտ բոլորս ալ կրնանք հաստատել, որ այս հրատարակութիւնն ու անոր երկարակեցութիւնը արդիւնքն են ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եզակի խնամքին եւ...

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Համբարձում Տէրտէրեան Համբարձում Տէրտէրեան.- Իրաւաբան, քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի երեսփոխան, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Ծնած է Նոր Նախիջեւանի Թոփտի գիւղը, 1884-ին:  Նախնական կրթութիւնը ստացած է նախ ծննդավայրին մէջ, ապա փոխադրուած է Չալթըր գիւղի դպրոցը, որ 1896-ին աւարտած է ու նոյն տարին ընդունուած է Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցը: Թեմական դպրոցը աւարտելէ ետք ընդունուած է Վլատիկաւկասի պետական ուսումնարանը: 1903-ին...

Լողալ Եւ Մագլցիլ` Դպրոց Հասնելու

Լողալ Եւ Մագլցիլ` Դպրոց Հասնելու

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔՐԵԱՆ Մեր ապրած երկիրներուն մէջ դպրոց յաճախելու հիմնական դժուարութիւնը ընդհանրապէս կը նկատուի դրամական միջոցներու անբաւարարութիւնը: Բացի կրթաթոշակէն եւ գիրքերէն` շատեր նոյնպէս ունին երթեւեկի տաղտուկը, որմէ խուսափելու համար ոմանք կը քալեն... բայց լսա՞ծ էիք, որ կան լողալով եւ մագլցելով դպրոց յաճախողներ: Պի.Պի.Սի. եւ Սի.Էն.Էն. անդրադարձած են այս երեւոյթին:  Ն. Նաւակներ` Երեխաներու Համար, Որոնք Լողալով Դպրոց Կ՛երթան Ի՞նչ պիտի ըլլար...

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը

Յոբելեաննե՜ր, Յոբելեարներ

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Այնճարը 80 տարեկան է: Այնճարի ամենաճանչցուած, սիրուած սիւն¬արմատներից մէկը` 85 տարեկան: Սարգիս Այնթապլեան կամ Այնճարի բարբառով` Թուճճար պապուկ: Սովորաբար արժանի յոբելեարների մասին կազմում, գրում եւ հրատարակում են գրքեր մասնագէտ գրականագէտները: Սակայն անսպասելի, իւրօրինակ եւ ուշագրաւ բացառութիւն է «Թուճճար պապուկը» լոյս տեսած գիրքը, որը մտայղացել, գրել եւ հրատարակել են պապուկի զաւակները եւ թոռները: Իրենց հոգու եւ սրտի մղումով, իրենց...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Արցախը` Ներկայ Փուլի Քաղաքական Կեդրոնացման Առարկան

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 100 տարի առաջ, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դեռ նոր կը նշէր իր անկախութեան առաջին տարեդարձը, ՀՅԴ-ն, առաջին անգամ ըլլալով, իր 9-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարեց հայկական պետութեան մէջ` նորանկախ Հայաստանի սահմաններուն մէջ: ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը կայացաւ թէ՛ ընկերային-տնտեսական եւ թէ՛ ապահովական ծանր պայմաններու ներքեւ: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ համատարած էին` սով, աղքատութիւն եւ չքաւորութիւն ու ներքին պոլշեւիկեան խռովութիւններ, իսկ...

Page 606 of 1112 1 … 605 606 607 … 1,112

Արխիւներ