Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սումկայիթի Ջարդերու 31-ամեակ. Արցախեան Շարժման Սկզբնաւորումը Եւ Սումկայիթի Ջարդերը

Փետրուար 23, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Լեռնային Ղարաբաղի Հայաստանի վերակցման հայրենի հայութեան պահանջատիրական շարժումը ստացաւ աննախընթաց տարողութիւն:

Հայրենի ժողովուրդը համընդհանուր գործադուլի եւ դասադուլի դիմեց. Հայաստանի բոլոր շրջաններէն պահանջատէր հայորդիներ հաւաքուեցան Երեւան, ծովածաւալ եւ խաղաղ ցոյցերով արտայայտելու այն պահանջը, որ պաշտօնապէս ներկայացուած էր Քրեմլինի ղեկավարներուն, Ղարաբաղի ինքնավար շրջանը վերադարձնելու համար հայութեան եւ սրբագրելու` ստալինեան բռնատիրութեան օրով գործուած պատմական սխալը:

Պետական ուժեր անյաջող փորձեր կատարեցին ցրուելու ծովածաւալ ցոյցերը եւ վերջ տալու ժողովրդային աճող շարժումին: Ղարաբաղի մէջ բախումներ ծայր առին հայերու եւ ազերիներու միջեւ, պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

* * *

Հայաստանի ամբողջ ժողովուրդը ելաւ ոտքի: Հարիւր հազարաւորներ հաւաքուեցան Երեւանի մէջ, յանուն պատմական ճշմարտութեան, ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ իրա՛ւ եղբայրութեան, յանուն արդարութեան:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ Երեւանի Օփերայի հրապարակին վրայ ներկայ էին նախ եւ առաջ` աշխատաւորները, որոնք յանձն առած էին զրկուիլ իրենց ապրուստէն, ի խնդիր գաղափարին:

Այդ պատմական ասպարէզին վրայ, ներկայ էին մտաւորականները, որոնք ելած էին քաջաբար ստանձնելու գաղափարը հունաւորելու պատասխանատու պարտականութիւնը:

Հոն ներկայ էին Խորհրդային Միութեան համար կռուած հայ զինուորները, որոնք պատրաստ էին հրաժարելու ամէն պատիւէ, ի խնդիր ազգային արժանապատուութեան:

Հայութեան ինքնահաստատման պատմական ելոյթին ներկայ եղաւ Հայաստանի ամբողջ ժողովուրդը: Երեւանի արուարձաններէն մինչեւ Լենինական, ծայր տուաւ յանձնառու քայլարշաւը հայորդիներուն: Անոնք տողանցեցին գիտակից զսպուածութեամբ եւ պահանջատէր կամքով:

* * *

Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ, ազերի թուրքերը, իրենց աւանդական եւ նկարագիրին համապատասխանող ոճով` բիրտ արարքներով արտայայտեցին հայկական պահանջներուն իրենց մերժումն ու պատմական ճշմարտութեանց դրժումը: Սումկայիթի մէջ արիւնալի հաշուեյարդար սկսաւ հայերուն դէմ: Հայերու դէմ խժդժութիւնները հասան սպանդի տարողութեան:

Սումկայիթի մէջ ջարդերը տեղի ունեցան կազմակերպուած կերպով եւ ահաւոր վայրագութեամբ: Խուժանային յարձակումներ գործուեցան, եւ օր ցերեկով ջարդեր տեղի ունեցան: Հայեր իրենց տուներէն բռնի ուժով հանուեցան եւ սպաննուեցան:

Յաջորդող օրերուն, հայեր զանգուածաբար հեռացան Սումկայիթէն, եւ անոնցմէ շատեր Հայաստան ապաստան գտան:

Ոչինչ փոխուած էր թրքութեան բնազդային աշխարհին մէջ: Երբ առիթը ներկայանար, թրքական գազանային բարքերը կը դրսեւորուէին անմիջապէս եւ կ՛ընտրէին իրենց սովորական թիրախները` անպաշտպան կիներ, ծերեր, երեխաներ:

Թրքութեան ցեղապաշտ քաղաքականութեան եւ ջարդարար բնազդին դիմաց, հայորդիներուն սիրտերը, բնականաբար կը լեցուէին վրէժի զգացումով. կը վերաթարմանար պատմական թշնամութիւնը, որուն արատները կը գտնուէին հորդաներու քանդիչ արշաւանքներուն, հայ ժողովուրդի կոտորակումին եւ ստրկացումին, հայ մշակոյթի բնաջնջումին, բռնագաղթին, հայկական ցեղասպանութեան եւ հայկական հողերու բռնագրաւումին մէջ:

Երբ նժարի մէջ էր Հայաստանի մասնակի ամբողջացման հարցը եւ հայութեան նոր վերելքի կարելիութիւնը, երբ հայ ժողովուրդը կը գտնուէր ազգային ինքնահաստատման եւ յառաջդիմութեան նոր հանգրուանի մը դիմաց, անհրաժեշտ էր ըլլալ պաղարիւն եւ հեռատես, չիյնալ այն թակարդին մէջ, որ թրքութիւնը կը լարէր` իրեն յատուկ գազանային խորամանկութեամբ:

Ազրպէյճանի թրքութիւնը դիմեց իրեն յատուկ միջոցառումներու եւ հակահայ հալածանքով ու ջարդով փորձեց կացութիւնը շրջել ի նպաստ իրեն: Ան կը միտէր մէկ կողմէ ահաբեկել Ազրպէյճանի հայութիւնը, ծայր տալ գաղթի եւ «բիւրեղացնել» ազրպէյճանցի կոչուած արուեստական ազգութիւնը, միւս կողմէ` կը փորձէր հայութիւնը ներառել ազգամիջեան արիւնահեղութեան ոլորապտոյտին մէջ, աղաւաղել հայկական պահանջին օրինական եւ բարոյական բնոյթը, յառաջացնել ընդհանուր խռովութեան մթնոլորտ եւ այդպէս մոռցնել տալ բուն հարցը` Ղարաբաղը:

* * *

Ղարաբաղի վերակցման պահանջը խափանելու համար խորհրդային բանակի կարեւոր թիւով զօրաբաժիններ մուտք գործեցին Երեւան: Մայրաքաղաքի բոլոր գլխաւոր կեդրոնները, պողոտաները եւ շրջակայ ճամբաներու խաչմերուկները բռնուեցան բանակային կառքերով եւ հրասայլերով:

Սակայն Ղարաբաղի վերակցման պահանջը չշեղեցաւ նպատակէն: Երեւանն ու Ստեփանակերտը լուռ գործադուլով վերահաստատեցին վերամիացման պահանջը:

Հետզհետէ, ղարաբաղցիք նոր թափ տուին Հայաստանի վերամիանալու պայքարին:

 

 

Նախորդը

Հայ Գիրքն Ու Երգը Պահած Ու Տարածած Կարապետ Հաննէսեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Հայոց Լեզուի Վերականգնումի Աշխատանքներ, Ռուսացումի Քաղաքականութեան Ցարական Տիրապետութենէն Ետք – Ե.

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?