Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մի՛ Թերագնահատէք Պետական Խորհրդանիշները

February 25, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պետութեան մը խորհրդանիշները մէկէ աւելի անգամներ քննարկումի առարկայ դարձնելը հաւանաբար մեր երկրի պետական կարգ մը այրերուն յատուկ գործելաոճն է: Գործելաոճ մը, որ իրականութեան մէջ պատմութիւնն ու պատմական անկիւնադարձային դէպքերը անկողմնակալօրէն արժեւորելու թերութեան մը կամ ընդհանրապէս պատմութեան մանրամասնութիւններուն անտեղեակ ըլլալու ափսոսալի իրականութեան մը մասին կը խօսի: Անցեալը ուրանալու եւ նորարարութեան պատրուակով ազգային եւ պետական մեր արժէքները նսեմացնելու այս մոլուցքը այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել:

Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել 600 տարուան ստրկութենէն ետք կերտուած անկախ պետութեան մը օրհներգին մէջ գեղարուեստական թերիներու որոնումը ու նման պատրուակով մը զայն նսեմացնելու եւ մէկ այլ` Խորհրդային Հայաստանի բարեփոխուած օրհներգով փոխարինելու կարճատեսութիւնը: Օրհներգը երկրի մը արուեստի մակարդակի՞ն չափանիշն է, թէ՞ անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած ու պետութիւն կերտած հերոսներուն սխրանքին: Մի՞թէ խորհրդային ազդեցութենէն ու տրամաբանութենէն չենք ձերբազատած տակաւին:

Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը անկախութեան պայքարին դրոշմը կրող ժառանգութիւն է, այդ պայքարը յաւերժացնող ոգի է ու խոստում: Այդ ոգին է, որ կը միացնէ մեզ, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուինք:

Ուստի անընդունելի են բոլոր այն ապարդիւն փորձերը, որոնք կը միտին պարպել օրհներգը իր էութենէն եւ ներկայացնել զայն որպէս սոսկ գեղարուեստական ստեղծագործութիւն:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման տարիներուն ժողովուրդին ձգտումները արտայայտող «Մեր հայրենիք»-ը ներշնչեց ազատագրական պայքարի ռահվիրաները Վանէն մինչեւ Սարդարապատ ու Երեւան, որուն իբրեւ արդիւնք` Հայաստանի առաջին խորհրդարանին քաղաքական որոշումով ան երկրին օրհներգը դարձաւ: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք օրհներգը ներշնչման աղբիւրը հանդիսացաւ սփիւռքահայ սերունդներուն, որոնք 70 տարի պահեցին զայն մասունքի պէս, մինչեւ` Հայաստանի վերանկախացումը: Այդ տարիներուն էր նաեւ, որ հարիւրաւոր ազատամարտիկներ Արցախը ազատագրելու փութացին «Մեր հայրենիք»-ը երգելով:

Պատմական այս զարգացումներուն կշռոյթով կը սահմանուի օրհներգին արժէքը:

Եռագոյն դրօշն ու Հայաստանի օրհներգը այն խորհրդանիշերն են, որոնք կը միացնեն հայութիւնը` իր գաղափարական, յարանուանական, ընկերային տարբերութիւններով հանդերձ: Մեր ազգային միասնութեան խորհրդանիշներն են անոնք:

Միթէ միասնութեան խորհրդանի՞շ մըն ալ հարցականի տակ դնելու մտադրութիւն կայ ոմանց մօտ, թէ՞ պարզապէս հայկական լրատուադաշտը զբաղեցնելու համար շինծու օրակարգ ստեղծելու հերթական փորձ մըն է, որ միայն պառակտումի կրնայ առաջնորդել մեր ժողովուրդը` զինք նոր Հայաստանի կերտումով դրական շրջադարձի մը առաջնորդելու փոխարէն:

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Բարոյականութիւնն Ու Քաղաքականութիւնը

Յաջորդը

Քանատական «Եօթնեակ»-ը Եւ Բնանկարչութիւնը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.