ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Վերջերս, թղթածրարներս դասաւորած պահուս ուշադրութիւնս գրաւեց հարազատ լուսանկար մը, որ կը ներկայացնէր Գրիգոր Շահինեան աղբարիկս եւ Ճեմարանի ֆրանսերէնի դասատու Եոլանտ Աճեմեանը` քով քովի զրոյցի պահուն: 1960-ին Պէյրութի ֆրանսական մշակութային սրահին մէջ կու տայի առաջին ցուցահանդէսս` Փարիզի յաջողութիւններէս ետք:
Ցուցահանդէս այցելող առաջին անձը եղաւ Գրիգոր Շահինեանը: Միասին ունեցանք երկար զրոյց մը` գեղարուեստի եւ գրականութեան մասին: Մեկնելէն առաջ Գրիգոր զիս հրաւիրեց Ճեմարան` տեսակցութիւն ունենալու գրական խմբակի անդամներուն հետ: Սիրով ընդունեցի եւ որոշուած օրը ներկայացայ Զոքաք էլ Պլաթ, ուր աշակերտները զիս դիմաւորեցին յարգանքով եւ ուրախութեամբ:
Գրիգոր Շահինեանը զիս ներկայացուց հետեւեալ խօսքերով. «Յարութիւն Թորոսեան երիտասարդ նարիչ մըն է, որ իր առաջին ցուցահանդէսով, Փարիզ, գրաւած է ուշադրութիւնը քննադատներու, կ՛ուզեմ, որ երթաք եւ իր ցուցահանդէսը տեսնէք Ֆրանսական մշակութային սրահին մէջ, Դամասկոս փողոցին վրայ: Թորոսեան, նկարչութեան զուգահեռ, մեծ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունի հայ գրականութեան հանդէպ եւ իր սիրած բանաստեղծն է Միսաք Մեծարենցը»:
Աւելի քան երկու ժամ տեւած մեր հանդիպումին ընթացքին ծանօթացայ խմբակի անդամներուն, անոնց գրական նախասիրութիւններուն: Ծանօթացայ նաեւ Գրիգոր Պըլտեանին, Ճինպաշեանին, որ հետագային դարձաւ Ճեմարանի տնօրէնը եւ Յարութիւն Քիւրքճեանին, որ յօդուած մը գրեց Ճեմարանի թերթին մէջ` հետեւեալ վերնագիրով. «Հայ նկարչութեան Մեծարենցը»:
Աշակերտները կը սիրէին Գրիգոր Շահինեանը` պաշտելու աստիճան…
Մեկնելէն առաջ աշակերտները անակնկալ մը պատրաստած էին, անոնք ինծի նուիրեցին Մատթէոս Զարիֆեանի ամբողջական գործերու գեղեցիկ հատորը` խմբագրուած Վահէ Վահեանի կողմէ եւ ստորագրուած Գրիգոր Շահինեանէ:
Մեր ծանօթութենէն ետք մենք դարձանք բարեկամներ, այնքան հարազատ, որ զիրար կը կոչէինք աղբարիկ…
Կ՛ուզեմ այս առիթով յարգանքս ու լաւագոյն յիշողութիւններս ներկայացնել, նոյնպէս` վախճանեալ Եոլանտ Աճեմեանին, որ Ճեմարանի ֆրանսերէնի դասատուն եւ «Այգ» եւ «Լը Սուար» թերթերու արուեստի քննադատն էր ու Գրիգորը կը նկատէր իր հոգեզաւակը, ոչ միայն` Շահինեանի ուսուցիչի եւ գրաքննադատի արժանիքներուն համար, այլ մանաւանդ` անոր մարդկային մեծութեան, անոր անհատականութեան, ընկերասիրութեան եւ սկզբունքներուն համար:
Երկուքն ալ մեր գաղութին անզուգական անհատականութիւններէն էին…
Հանգիստ` իրենց աճիւններուն: