Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Քրիստոսի Յարութիւնը Հրաւէր ` Մահէն Դէպի Կեանք Ընթանալու

Ապրիլ 19, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ՛ըսէ, թէ Աստուած «մեզ վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով» (2.5): Առաքեալին այլ նամակներուն մէջ եւս շեշտուած յիշեալ հաստատումը, նպատակը կը կազմէ Աստուծոյ Որդւոյն առաքելութեան եւ, հետեւաբար, առանցքը` քրիստոնէական հաւատքին:

«Մահ»-ը աստուածաշնչական հասկացողութեամբ սոսկ ֆիզիքական գոյութեան վախճանը չէ. այլ Աստուծմէ հեռացում է, մեղքերու տիրապետութեան ենթակայ ըլլալ է: «Կեանք»-ը Աստուծոյ ներկայութիւնն է, մարդուն հաւատարմութիւնն է իր Երկնաւոր Հօր: Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան սկիզբը ըսաւ «Ես եկայ, որպէսզի կեանք ունենաք» (Յհ 10.10): Աստուած իր Որդւոյն, Քրիստոսի ճամբով իրագործեց իր փրկագործական ծրագիրը` մարդուն վերստին կեանք պարգեւելով: Ա՛յս հայեցակէտով հարկ է մօտենալ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան, ինչպէս նաեւ, երկրաւոր առաքելութիւնը կազմող դէպքերուն, հրաշքներուն եւ ուսուցումներուն: Խաչով կերտուած յարութիւնը դարձաւ գագաթնակէտը` մարդուն վերստին կեանք շնորհելու Քրիստոսի փրկագործական առաքելութեան:

Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած քրիստոնէական հաւատքը կը յիշեցնէ մեզի, թէ`

Քրիստոսի յարութեամբ ազատագրուեցանք մեղքի կապանքէն: Մեղանչած էր մարդը Աստուծոյ պատուիրաններուն դէմ եւ դաւաճանած իր աստուածատուր կոչումին: Մարդուն պատճառաւ ապականած էր նաեւ իր խնամքին յանձնուած ստեղծագործութիւնը: Ինչպէս առաքեալը կը վկայէ` «Քրիստոսի արիւնով մեր մեղքերուն թողութիւն գտանք» (Եփ 1.7): Խաչին վրայ թափած իր արիւնով Աստուծոյ Որդին սրբեց մարդուն մեղքը: Խաչ բարձրանալով` Քրիստոս մարդը ազատագրեց իր մեղքէն ու առաջնորդեց դէպի յաւիտենական կեանք:

Քրիստոսի յարութեամբ Աստուծոյ որդեգիր զաւակները դառնալու երկնային շնորհքին արժանացանք: Աստուծոյ գործակից ըլլալու կոչուած մարդը դարձած էր սատանային գործակից: Երկնային շնորհներով զարդարուելու պատիւին արժանացած մարդը, իր ազատ կամքով դարձած էր երկրաւոր մոլութիւններու գերին: Այլ խօսքով, մարդը ուրացած էր իր Երկնաւոր Հայրը եւ դարձած` անառակ: Քրիստոսի յարութեամբ մեղքի ու մահուան տիղմին մէջ թաղուած մարդը յարութեան յոյսով կեանքը ապրելու աստուածային հրաւէր ստացաւ:

Քրիստոսի յարութեամբ փրկութեան ժառանգորդ ըլլալու երկնային պարգեւին արժանացանք: Մարդը հեռացած էր Աստուծմէ, արարածը` Արարիչէն, զաւակը` Հօրմէն: Մերժած էր մարդը երկնատուր արժէքներն ու ճշմարտութիւնները, եւ հիմնած` իր արժէքներու համակարգը, իր իշխանութիւնը: Մահուան անդունդին մէջ գտնուող մարդուն փրկութիւն բերելու համար աշխարհ եկած Աստուծոյ Որդին իր հրաշափառ յարութեամբ մարդուն առջեւ բացաւ դէպի յարուցեալ կեանք առաջնորդող ճամբան:

Աւետարանի վկայութեան համաձայն, Քրիստոսի մարդեղութեամբ սկսած ու յարութեամբ պսակուած աստուածային փրկագործական ծրագրի իրագործումը իր ամբողջական լրումին պիտի հասնի Քրիստոսի երկրորդ գալուստով, երբ Քրիստոս պիտի ոչնչացնէ երկրի «չար իշխանութիւնները, պետութիւնները եւ զօրութիւնները» եւ «վերջին թշնամին, որ պիտի բնաջնջուի մահը պիտի ըլլայ» (Ա.Կր 15.25-26):

Քրիստոսի յարութիւնը երաշխիք է ու միանգամայն հրաւէր, որպէս Աստուծոյ որդեգիր զաւակներ ընթանալու`

մեղքի ճանապարհէն դէպի փրկութեան ճանապարհ,

մահուան անդունդէն դէպի կեանքի հովիտը,

Գողգոթայի տառապանքէն դէպի յարութեան յաղթանակ:

Աստուած մեզի չարին, մեղքին ու մահուան դէմ յաղթանակ պարգեւեց Քրիստոսի յարութեամբ: Քրիստոս յարութիւն առաւ, որպէսզի «մենք նորոգուած կեանքով ապրինք» (Հռ 6.4):

Արդ, հաւատքո՛վ ապրինք, որովհետեւ Քրիստոսով հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ:

Յոյսո՛վ ապրինք, որովհետեւ Քրիստոսի յարութեան մասնակից դառնալու շնորհքին արժանացած ենք:

Քրիստոսո՛վ ապրինք, որովհետեւ Քրիստոսի յարութեամբ վերանորոգուած կեանք ժառանգած ենք:

Ահա՛, ժողովո՛ւրդ հայոց, պատգամը Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան:

* * *

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան տօնին առիթով, հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեանը ու վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ինչպէս նաեւ` Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեանը, մաղթելով իրենց նորանոր իրագործումներով լեցուն հայրենանուէր ծառայութիւն:

Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` մաղթելով եկեղեցաշէն ծառայութեամբ հարուստ երկար գահակալութիւն: Կ՛ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ բարձրաշնորհ Տ. Արամ արք. Աթէշեանը, մաղթելով իրենց բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս:

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, հայցելով Աստուծմէ, որ մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով զօրացած ապրին իրենց կեանքը հաստատ մնալով իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ, եւ հաւատարիմ` մեր ազգին հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Սուրբ Զատիկ
21 ապրիլ 2019
Անթիլիաս, Լիբանան

Նախորդը

Ի՞Նչ Կը Փոխէ Քրիստոսի Յարութիւնը Մեր Կեանքին Մէջ

Յաջորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Քրիստոսով Յարութեան Ուղին Սկսւում Է Այս Աշխարհից

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?