Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոթր Տամի Աղէտը Եւ Քաղաքակրթութիւններու Բախումը

April 19, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

15 ապրիլին Փարիզի Աստուածամօր (Նոթր Տամ) տաճարը հրդեհի պատճառով կիսաքանդ եղաւ: Տաճարը ֆրանսացիներուն համար ո՛չ միայն կրօնական նշանակութիւն ունի, այլ նաեւ պատմամշակութային ժառանգութիւն մըն է 13-րդ դարէն:

Ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ տաճարը հրկիզուեցաւ յեղափոխականներուն կողմէ, սակայն անիկա կանգուն մնաց եւ դարձաւ ֆրանսացիներուն խորհրդանիշը: Տաճարը ո՛չ միայն կը ներշնչէր հաւատացեալները, այլ նաեւ ազգային պարծանքի խորհրդանիշ էր: Տարեկան 12 միլիոն զբօսաշրջիկ կ՛այցելէ այդ վայրը:

Սակայն աղէտէն անմիջապէս ետք ֆրանսացի մեծահարուստ գործարարներ խոստացան հսկայ գումարներ տրամադրել` վերակառուցելու համար տաճարը:

Դիմատետրի վրայ ուշադրութիւնս գրաւեցին քանի մը գրառումներ, որոնք բաւական տարածուած էին, եւ կ՛արժէ քննարկել զանոնք:

Թրքական մամուլը եւ արաբական ընկերային ցանցերը բացասական վերաբերմունք ունէին այս աղէտին հետ կապուած: Թրքական կառավարամէտ մամուլը կը յիշեցնէր ժողովուրդին, որ հրդեհը պատահեցաւ երկրի մը մէջ, որ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, կարծես թէ անիկա աստուածային պատիժ մը ըլլար` ֆրանսացի ժողովուրդին ուղղուած: Իսկ ծայրայեղ իսլամականներ ուրախութեամբ կը մօտենային այս հարցին. քանի մը ֆրանսաբնակ ալճերիացիներ նկարուած էին կիսաքանդ տաճարին մօտ եւ` իրենց ուրախութիւնը արտայայտած: Այս երեւոյթը շատերուս համար զարմանալի չէ` նկատի ունենալով Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ պատահածները եւ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքն ու եկեղեցիներու սրբապղծումն ու յարձակումները:

Ընկերային ցանցերուն մէջ եւս քննարկուեցաւ նիւթական օժանդակութիւններու հարցը. հոս որոշ գաղափարական խառնակ իրավիճակ մը կար մասնաւորապէս ընկերվարականներու եւ ազգայնականներու միջեւ: Կար ընկերվարականներու եւ ձախակողմեաններու խումբ մը, որ կը քննադատէր մեծահարուստներուն նիւթական օժանդակութիւնը եւ հարց կու տար, թէ ո՞ւր են անոնք Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ աղքատութեան դէմ պայքարին մէջ: Սակայն հոս պահ մը կանգ առնենք եւ մտածենք: Եթէ Լիբանանի օրինակը պիտի առնենք եւ հաշուի առնենք ընկերային ու տնտեսական իրավիճակը, կրնա՞նք հարց տալ, թէ ինչո՞ւ լիբանանցի մեծահարուստները եւ քաղաքական վերնախաւը, որոնք տասնեակ տարիներու ընթացքին կողոպտեցին երկիրը, օգտակար չեն դառնար լիբանանցի ժողովուրդին: Արդեօք շրջանին մէջ տնտեսական եւ ընկերային բոլոր խնդիրները հետեւանք են կայսերապաշտական քաղաքականութեա՞ն, թէ՞ ներքին քաղաքական վերնախաւի փտածութեան: Այո՛, Ափրիկէի մէջ աղքատութիւն կայ, սակայն ֆրանսացի մեծահարուստը ինչո՞ւ պիտի մտածէ այլ երկիրներու մասին, երբ ափրիկեցի մեծահարուստները չեն մտածեր իրենց երկիրներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Տակաւին օրեր առաջ Սուտանի ժողովուրդը տապալեց նախկին նախագահ Օմար Պեշիրը, որ տարիներու ընթացքին կողոպտած էր իր ժողովուրդը:

Վստահաբար հայերուն կողմէ ալ արծարծուեցաւ այս նիւթը, եւ շատերը բաղդատական մը ըրին Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ մեր կորսնցուցած հազարաւոր վանքերուն եւ եկեղեցիներուն հետ, ինչպէս նաեւ` Նախիջեւանի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ հայկական խաչքարերու քանդումին հետ: Հայ ժողովուրդը այն քիչերէն է, որ կրնայ զգալ ֆրանսացիներու ցաւը, սակայն մեր ողբերգութիւնը մէկը չզգաց: Այն ժամանակ չկար համացանց, չկային կեղծ արցունքներ, այո՛ մարդասիրական օժանդակութիւններ կատարուեցան, սակայն ոչ մէկ քաղաքական շահ ապահովուեցաւ, այլ ընդհակառակն, չտեսանք «քրիստոնեայ» Եւրոպան, երբ մեր եկեղեցիները ախոռներու կամ մզկիթներու վերածուեցան, կամ մեր խաչքարերը անհետացան: Հաւանաբար նոյն երեւոյթին ականատես պիտի ըլլայինք, եւ ծայրայեղական իսլամականները պիտի հրճուէին:

Այս հարցադրումները եւ քննարկումները նաեւ մեզի պէտք է յիշեցնեն Պոլսոյ Այա Սոֆիա տաճարին հարցը: Հոս նաեւ կրօնական բախում մը կայ: Ըստ երեւոյթին, յառաջիկայ տարիներուն Սամուէլ Հանթինկթընի «Քաղաքակրթութիւններու բախում» գիրքին թեզը պիտի իրականանայ, եւ այսպիսի ողբերգութիւններու դիմաց համամարդկային արժէքները չեն, որ պիտի առաջնորդեն մեր վերաբերմունքը մեր միջավայրին հետ, այլ` կրօնը եւ քաղաքակրթութիւնը:

[email protected]

 

 

Նախորդը

«Յաղթանակի Կարեւորութիւնը Պէտք Է Արժեւորենք»

Յաջորդը

Զատիկը

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.