«Ճամբորդութիւն Յիշողութեան Մէջ»
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Սիրելի՛ Պօղոս Շահմելիքեան, Գովելին ու համովը «Ազդակ»-ի սուրճը չէ միայն, գովելի են նաեւ անոր նախաձեռնութիւնները, որոնց շարքին է այս շնորհահանդէսը: Բնականաբար գովելի է նոյնպէս նախաձեռնութիւններուն ընդառաջումը ձեր բոլորէն եւ յատկապէս այսօրուան մեծարեալէն ու անոր ազնուափայլ տիկնոջմէ, որոնք հեռաւոր Ամերիկայէն կու գան` հաւանաբար տրամադրելով տարեկան իրենց արձակուրդին կարեւոր բաժինը: Անմիջապէս ըսեմ, որ իմ տեղս վաւերական գրաքննադատ մը հաւանաբար աւելի ...




















