Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեր Կամ Դէմ` Հայաստանի Համար

June 22, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Տարօրինակ արագութեամբ զարգացման վրայ է տրամաբանութիւն մը, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնը քննադատելու ոճին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի անձէն անդին երթալու եւ Հայաստանը ընդհանրապէս քննադատելու մթնոլորտ մը կայ:

Անցնող տարիներուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կեցուածքը` Հայաստանի քաղաքական կեանքի վերաբերող, եղած է եւ է նոյնը` պահպանել Հայաստանի կայունութիւնը, նպաստել Հայաստանի բարգաւաճման, պահպանել մեր ազգային արժէքները: Այսօր կարելի չէ մեր մօտեցման ոճին մէջ հակայեղափոխական մթնոլորտ տեսնել եւ պէտք չէ մանաւանդ տրամադրութիւնները հականիկոլի վերածել, որովհետեւ մենք բնաւ հակասերժ կամ հակառոպէրթ չենք եղած, նոյնիսկ եթէ ընդդիմադիր էինք: Բնաւ հակալեւոն չենք եղած, նոյնիսկ մեր կառոյցը փակելու քայլ առնելուն եւ Ընդհանուր ժողովը խափանելուն համար:

Երբ պէտք եղաւ, նորէն խօսակից դարձանք:

Երբ անհրաժեշտ եղաւ, անձնական վիրաւորանքները մէկ կողմ դրինք եւ Հայաստանը ամէն բանէ վեր դասեցինք:

Դաշնակցութեան Փաշինեանի կողքին կամ դէմ ըլալը ոչ թէ Նիկոլի անձին ուղղուած է, այլ Հայաստանի համար է:

Փաստօրէն, Հայաստանի ժողովուրդին կամքին արդիւնքն է Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը: Ստիպուած ենք ձեռք երկարելու, գործակցելու, ծրագիրներ ներկայացնելու, մերժուելու, քննադատելու եւ դիտողութիւն արձանագրելու, ինչպէս նաեւ մատնանշելու եւ գնահատելու լաւ կողմերը:

Փաստօրէն ետդարձ չկայ: Անվերադարձ: Յառաջիկային մասին մտածելու, Հայաստանը հզօրացնելու եւ ժողովուրդը նոր յուսախաբութենէ մը խնայելու ճիգը եւ պարտականութիւնը բոլորիս ուսերուն դրուած է:

Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գործունէութեան վերաբերող քննադատութիւնները այս պրիսմակէն պէտք է դիտել:

Նիկոլ Փաշինեանի դէմ ընկերային ցանցերուն վրայ քննադատութեան արշաւը քաղաքակիրթ ձեւով պէտք է ըլլայ, ոչ թէ հակազդեցութեան եւ փոխադարձ հակազդեցութեան մթնոլորտով: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր համասփիւռքեան կառոյցներով, իր քոյր միութիւններով ՀՕՄ-ով, Համազգայինով, ՀՄԸՄ-ով եւ Հայ դատի գրասենեակներով միշտ ալ պետականութեան նեցուկ ըլլալու պարտաւորութեան տակ է եւ վեր այս արկածախնդրական մթնոլորտէն:

Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, մշակութային, ազգային թէ կրօնական բնագաւառներուն մէջ Դաշնակցութեան վաստակը եւ դերը մեծ կրնայ ըլլալ եթէ ճիշդ ձեւով ընկալուի:

Միւս կողմէ`

1) Կառավարութեան ծրագիրներուն համաձայն ըլլալը չի նշանակեր, որ քննադատելը արգիլուած է:
2) Փաշինեանին զօրակցիլը չի նշանակեր անձը փառաւորել:
3) Պետականութեան հետ ըլլալը չի նշանակեր ամէն ինչ վարդագոյն տեսնել:
4) Պետականութեան հետ ըլլալը կը նշանակէ

Հայաստանի կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը ապահովել, մեր ժողովուրդին ժպիտը պահել,  Հայաստան-սփիւռք յուսախաբութենէ զերծ պահել, ազատութեամբ ազգային արժէքները պաշտպանել:

Եզրակացնելով` ըսեմ հետեւեալը:

Մեր ժողովուրդին մեծամասնութեան ձայներով ընտրուած Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը, որ իր կարգին ընտրեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, պէտք է իր ծրագիրներով, աշխատանքով, հեռանկարներով զգոյշ ըլլայ ժողովուրդը յուսախաբ ընելէ: Ժողովուրդը երկար համբերութիւն եւ շունչ չունի: Շօշափելի փոփոխութիւններ պէտք է սկսի տեսնել, եւ այս բոլորը կ՛իրականանան բոլորիս մասնակցութեամբ: Ազգային համերաշխութեամբ:

Սփիւռք-Հայաստան ոգեղէն կապի հզօրացմամբ:

 

 

Նախորդը

Ոճիրի Մը Վերլուծումը

Յաջորդը

Տարելիցի Մը Առիթով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.