Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոճիրի Մը Վերլուծումը

June 22, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Գրականութիւնը, յատկապէս ալ վիպագրութիւնը բեռնուած է շատ լուրջ պատասխանատուութեամբ, որն է` ժամանակի վկայութիւնը: Վիպագիրը իր գործով պիտի բնութագրէ ապրած միջավայրը, այդ միջավայրի յատուկ ընկերային դիմագիծը եւ այդ բոլորը իբրեւ տեղեկութիւն, իբրեւ գիտելիք, իբրեւ պատկերացում պիտի փոխանցէ յաւերժութեան: Այս առումով, բաւական թերի է թրքերէն վիպագրութիւնը: Համեմատաբար նոր այդ գրական ոճին մէջ հազուադէպ կը հանդիպինք սոյն պատասխանատուութիւնը արդարացնող գործերու: Այս առումով, կարելի է Եաշար Քեմալ, Քեմալ Թահիր, Էօմեր Փոլաթի նման քանի մը անուններ բացառել, որոնք չեն կրնար փոխել ընդհանուր համայնապատկերը: Օրինակի համար, այդ հսկայ աւանդին մէջ չենք հանդիպիր Հայոց ցեղասպանութեան կամ յունաց զանգուածային գաղթի, ինչո՞ւ չէ, նոյնիսկ Յունաստան բնակող մահմետականներու բնակչութեան փոխանակման ենթագետնի վրայ հիւսուած վէպերու: Կարծես այդ բոլորը` որպէս թապուի վերածուած նիւթեր, դիտումնաւոր կերպով զանց առնուած ըլլան գրականութեան դաշտէն: Երեւոյթ մը, որ կարելի չէ արդարացնել որեւէ պատրուակով: Սակայն կը պատահին անսպասելի յայտնութիւններ եւս, որոնք կու գան այդ ընկալումի կաղապարը ի հիմանէ ցնցելու: Ճիշդ ալ այս բնոյթի վէպ մըն է մեր ձեռքին մէջ, որուն հեղինակը անվերապահօրէն կը դառնայ իր ժամանակի վկայութիւններու ականատեսը: Կը հիւսէ յերիւրածոյ պատմութիւն մը, որուն ենթագետնի վրայ կը տեսնենք քանի մը տարիներ առաջ Թուրքիոյ մէջ ատելութեան դրդումով գործուած կարգ մը ոճիրները:

Վիպագիր Մելթեմ Պուտան Նալպանտը իր նոր հրատարակուած վէպին մէջ կ՛անդրադառնայ հազիւ քանի մը տարի առաջ գործուած այդ ոճիրներուն: Ոճիրները կը նկարագրէ այլ ուշագրաւ ենթահողի մը վրայ, որն է` պատմական Քուրթուլուշ թաղամասը: Այս թաղամասը քաղաքի ամբողջութեան մէջ ունի յատուկ նշանակութիւն` իբրեւ հայերու կամ յոյներու հոծ բազմութեան բնակած վայր: Արդարեւ, հեղինակը առանց թաքցնելու թաղի նկատմամբ իր համակրանքը` կը խօսի Պոլսոյ այս հինաւուրց, բայց նոյնքան կենսունակ թաղամասին մասին: Ան թաղը կը նկարագրէ թէ՛ ամբողջական դիտանկիւնով եւ թէ՛ մանաւանդ կնոջական գերզգայնութեամբ: Թերթելով էջերը` ընթերցողը կրնայ տարուիլ այդ համոզումին, որ այլ հեղինակ մը շատ աւելի դժուար պիտի թափանցէր բոլոր այն մանրմասնութիւններուն, որոնք տեսած, նկատած ու մեկնաբանած է հեղինակը:

Ինչպէս նշած ենք, հեղինակը` որպէս իր ժամանակի ականատես` մեծ վարպետութեամբ կը նկարագրէ երկրի կարեւորագոյն ընկերային խնդիրներէն մէկը` մարդոց` իրենց ինքնութիւնը քողարկելու երեւոյթը: Ընթերցողը ակամայ կը տարուի մտածելու, թէ, Աստուա՛ծ իմ, որքա՛ն անտանելի երեւոյթ մըն է այսքան երկար տարիներ թաքուն ապրելու պարտադրող պայմաններու առկայութիւնը:

Գիրքին կարեւոր հերոսներէն մին` Մերիեմ, ընդմիշտ կը տարակուսի իր անունի երկու տարբերակներու միջեւ` «Մարիա՞մ», թէ՞ «Մերիեմ»: Անուշի եւ Թորոսի դուստրը միայն իր բնակարանին մէջ թաքուն պիտի կրնայ աղօթել մայրենիով: Հակառակ որ այդ նոյն թաղի մէջ է հայոց եկեղեցին, ան պիտի խուսափի ժամ երթալէ` մուտքին կամ ելքին ծանօթի մը հանդիպելու եւ այսքան ատենէ ի վեր թաքցրած ինքնութիւնը յանկարծ հրապարակելու վտանգէն: Ինչ որ ըսած էինք վերեւ վիպագիրին առջեւ ցցուած պատասխանատուութեան մասին, ճիշդ ալ այս էր` տեսնել ամենաէական, ամենացնցիչ պատկերը եւ այդ պատկերը մշակելով` դիպչիլ ընթերցողի թէ՛ զգացումին եւ թէ՛ գիտակցութեան:

Վէպի ենթագետնի վրայ փոխանցուած մանրամասնութիւնները եւս հարստացնող են: Օրինակի համար, Մարիամ Մերիեմի ննջասենեակին անմիջապէս կողքը գտնուող դուռը միշտ փակ պահուած գաղտնի աղօթատեղին լեցուն է բազմաթիւ սրբանկարներով եւ անոնց կողքին ալ համրիչներու հարուստ հաւաքածոյով: Սրբանկարները անշուշտ հասկնալի են, բայց հապա ի՞նչ է այդ համրիչներու գաղտնիքը: Վիպագիրը հոն եւս կը յաջողի նոր հորիզոն մը բանալ ընթերցողին դիմաց` խիստ պատկերալից նկարագրելով յիշուած համրիչներուն առանձնայատկութիւնները եւ մանաւանդ` նշանակութիւնները: Այն ատեն կը տեսնենք, որ հասարակ հայեացքով մեր լոկ համրիչ անուանած իրը ունի շատ աւելի խորունկ նշանակութիւններ: Անոր վրայ հաւաքուած քարերու քանակը բազում իմաստներ կը նշանակէ, եւ կը տեսնենք, որ բոլոր կրօններուն մէջ ընդունուած այդ իրը իսկապէս ալ իր մէջ շատ աւելի խոր նշանակութիւններ կը պահէ: Այն, ինչ որ կարելի է ըսել զանազան բաներու համար, կրնանք կրկնել հոս եւս. «Համրիչը, որ կը տեսնես, շատ աւելի խորունկ իմաստ ունի իր խորքին մէջ, քան այն, ինչ որ կը տեսնես»: Ամէն մէկ օրինակը տարբեր նշանակութիւն ունի համրիչին, որուն մանրամասնութեան տեղեակ է միայն ու միայն իր մասնագէտը: «Ոճրագործ ծառան» հեղինակին չորրորդ վէպն է, որ ընթերցողին կը մատուցէ ոստիկանական վէպի մը հիւսուածքին մէջ ոճիրի մը կազմութիւնը: Ոճիրի զոհ գացած է հայ տարեց կին մը: Զարմանալիօրէն յայտնաբերուած է նաեւ ոճրագործը, բայց արդեօ՞ք… Վէպին մէջ վարպետօրէն տեղադրուած կերպար մըն է ճափոնցի Հարուքան, որ թէ` կը փորձէ ոճիրին մութ

ծալքերը յստակացնել եւ թէ՛ պատճառ կ՛ըլլայ հեռաւոր արեւելքի փիլիսոփայութեան այս վէպի տողերուն մէջ թափանցելուն: Ոճրագործին,  յստակացումը կը պարզէ նաեւ հասարակութիւնը պատմութեան որոշ մէկ շրջանին հաւաքական անյագութեան տանող պայմաններու գաղտնիքները: Այդ է պատճառը, որ գիրքը ընթերցողին կը ներկայանայ պատգամի բնոյթ ունեցող ենթախորագիրով մը, որ փոխառուած է Լաու Ցուէն` «Կոյր է ան, որ տեսնել չ՛ուզեր»:

 

«Ոճրագործ Ծառան» Մելթեմ Պուտան Նալպանտ
«Այա» հրատարակչատուն
Իսթանպուլ
Հոկտեմբեր 2017
296 էջ

Նախորդը

Հայաստան Եւ …. Շատ «Բաներ»…

Յաջորդը

Թեր Կամ Դէմ` Հայաստանի Համար

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.