Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի Կրնայ Շուտով Աւարտիլ…

Յունիս 24, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փեթրիք Շենըհեն 6 յունիս 2019-ին կոշտ նամակ մը յղեց իր գործընկերոջ` Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին: Շենըհեն սպառնացած է վերջ դնել Թուրքիոյ մասնակցութեան` Միացեալ Նահանգներու օդուժի ամէնէն յառաջատար «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրին եւ պատժամիջոցներ կիրառել, եթէ Թուրքիա շարունակէ յամառիլ յաջորդ ամիս Ռուսիայէն «Էս-400» հրթիռներու ձեռք բերելու հարցին մէջ: Ռուսական հրթիռները անհամատեղելի են ՕԹԱՆ-ի զինական համակարգին եւ վտանգի կ՛ենթարկեն «էֆ-35» հալածիչներու աշխատանքը, այսպիսով սպառնալով Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան բազմիցս մերժած է Միացեալ Նահանգներու բողոքները եւ պնդած` ռուսական հրթիռներ ձեռք բերելու վրայ, որոնց համար Թուրքիա 2,5 միլիառ տոլարի վարկային համաձայնագիր ստորագրած է Ռուսիոյ հետ: Քանի մը թուրք զինուորականներ արդէն կը մարզուին Ռուսիոյ մէջ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է աշխատցնեն նոր հրթիռները: Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգները Թուրքիան տեղեակ պահած են, որ թուրք օդաչուները, որոնք քանի մը ամիսէ ի վեր «Էֆ-35» հալածիչներու վերապատրաստման դասընթացքներու կը հետեւէին Միացեալ Նահանգներու մէջ, պէտք է երկրէն հեռանան 31 յուլիս 2019-ին:

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Շենըհենի նամակը ցնցում յառաջացուց Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ ապահովութիւնը կառավարող շրջանակներուն մէջ, որովհետեւ Թուրքիա տակաւին չի գիտեր, թէ «ինչպէ՛ս պատասխանէ», ըսաւ ապահովութեան գծով բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեայ մը «Ալ Մոնիթոր»-ին: Միաժամանակ, Թուրքիա վճարած է աւելի քան մէկ միլիառ տոլար` 100 հատ «Էֆ-35» հալածիչներ ձեռք բերելու համար: Նախագահ Էրտողան յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներէն կը պահանջէ վերադարձնել այդ գումարը: Աւելի՛ն. Թուրքիա` իբրեւ «Էֆ-35» ծրագիրի գործընկեր, կ՛արտադրէ հալածիչներու որոշ մասեր, որոնք այլեւս չեն ստացուիր Թուրքիայէն:

Շենըհեն գրած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին. «Էֆ-35»-ի նկատմամբ ձեռնարկուած բոլոր գործողութիւնները հիմնուած են վտանգներու վրայ` կապուած «Էս-400»-ներու առկայութեան հետ Թուրքիոյ մէջ, եւ անոնք անջատ են Ռուսիոյ առնչուող «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու մասին» օրէնքի (CAATSA) պատժամիջոցներէն: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը վճռականօրէն տրամադրուած է` տեսնելու CAATSA-ի պատժամիջոցներու կիրարկումը Թուրքիոյ նկատմամբ, եթէ Թուրքիա ձեռք բերէ «Էս-400»: Բացի «Էֆ-35»-ի նման ծրագիրներու ապահովութեան սպառնալիքէն-Թուրքիոյ կողմէ «Էս-400»-ի գնումը կը խոչընդոտէ ձեր երկրին հնարաւորութիւնը` ամրապնդելու կամ պահպանելու համագործակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի հետ` յանգեցնելով Թուրքիոյ ռազմավարական եւ տնտեսական չափազանց կախուածութեան Ռուսիայէն եւ խոչընդոտելու Թուրքիոյ հզօր պաշտպանական արդիւնաբերութեան եւ տնտեսական զարգացման յաւակնոտ նպատակները: Այս ուղիով ընթանալը կը յանգեցնէ աշխատատեղերու, համախառն ներքին արդիւնքի եւ միջազգային առեւտուրի կորուստի: Նախագահ Թրամփ պատրաստակամ է երկկողմմանի առեւտուրի ծաւալները 20 միլիառ տոլարէն հասցնելու աւելի քան 75 միլիառի, սակայն այդ կրնայ դժուար ըլլալ, եթէ Միացեալ Նահանգները կիրարկեն CAATSA-ի պատժամիջոցները»:

14 յունիս 2019-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու սպառնաց, որ Թուրքիա կը հակադարձէ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն: «Երկիր մը չի կրնար ցուցմունքներ տալ ուրիշ երկրի մը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուի: Միացեալ Նահանգները պէտք է հրաժարին այս վարքագիծէն: Բոլորը մտահոգուած են այս առնչութեամբ: Անիկա որքա՞ն հեռու կրնայ երթալ: Եթէ Միացեալ Նահանգները քայլերու ձեռնարկեն մեր դէմ, մենք ստիպուած կ՛ըլլանք համարժէք քայլերու ձեռնարկելու», յայտարարեց Չաւուշօղլու Էն.Թի.Վի պատկերասփիւռի ալիքին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին:

Որո՞նք են յաջորդ քայլերը: Էրտողան սորված է նախորդ փորձէն, որ Թրամփ միշտ չէ, որ մտիկ կ՛ընէ կառավարութեան կամ Քոնկրեսի անդամներուն: Էրտողան հեռաձայնային քանի մը զրոյց ունեցած է, որպէսզի համոզէ Թրամփը` ստեղծելու համատեղ հետազօտական խումբ, Թուրքիոյ համար ժամանակ շահելու նպատակով: Այդ ժամանակամիջոցին, բնականօրէն կամ արհեստականօրէն ստեղծուած համաշխարհային իրադարձութիւնները կրնան փոխել ներկայ իրավիճակը: Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահները կը նախատեսեն հանդիպիլ յունիսի վերջը Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք «Ճի-20» վեհաժողովին ընթացքին: Ասիկա կ՛ըլլայ Էրտողանի վերջին առիթը` համոզելու Թրամփը, որ փոխէ իր որոշումը` յուլիսին ռուսական հրթիռներ ձեռք բերելու գծով:

Եթէ Էրտողան չկարենայ փոխել Թրամփի միտքը, ան յառաջ կ՛երթայ եւ ձեռք կը բերէ ռուսական հրթիռներ` խուսափելու համար Միացեալ Նահանգներու կողմէ նուաստացումներէ: Սակայն ասիկա միայն սկիզբ կը դնէ աւելի մեծ հակամարտութեան… Միացեալ Նահանգները պատժամիջոցներ կը կիրարկեն Թուրքիոյ նկատմամբ` լրջօրէն վնասելով անոր տնտեսութեան: Էրտողան կրնայ հակադարձել` արգիլելով Ինճիրլիքի ռազմակայանին օգտագործումը Թուրքիոյ մէջ: Այնուհետեւ Միացեալ Նահանգները պէտք է տեղափոխեն իրեն հալածիչները Յորդանան (ինչպէս Գերմանիա ըրաւ), Յունաստան (ՕԹԱՆ-ի անդամ) կամ Կիպրոս:

Հարուածներու եւ հակահարուածներու այս արատաւոր շրջանը կրնայ աւարտիլ կա՛մ ՕԹԱՆ-էն Թուրքիոյ հեռանալով, կա՛մ ՕԹԱՆ-ի որոշումով` Թուրքիան հեռացնելով:

Թուրքիոյ հեռացումը ՕԹԱՆ-էն քայլ մըն է, որ շատոնց կը նախատեսուէր, այն ժամանակէն, երբ Էրտողան կը գործէր ՕԹԱՆ-ի համաձայնագիրի տառին եւ ոգիին հակառակ: Թուրքիոյ հեռացումը ՕԹԱՆ-էն լուրջ որոշում է, յղի` ծանր հետեւանքներով, թէեւ Էրտողան ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ Թուրքիոյ պարտաւորութիւններու բազմիցս խախտման պատճառ կը հանդիսանայ` անտեսելով անոր բոլոր նախազգուշացումները:

Այս դրութեան ակնյայտ յաղթողը պիտի ըլլայ Ռուսիա, որ կրնայ յաջողութեան հասնիլ ՕԹԱՆ-ի թուլացման գործին մէջ` հեռացնելով Թուրքիան, որ զինուորական ծառայողներու թիւով ՕԹԱՆ-ի երկրորդ ամէնէն մեծ անդամն է, միաժամանակ, հրթիռներու վաճառքէն ձեռք բերելով խիստ անհրաժեշտ եկամուտ` իր փլուզուած տնտեսութեան համար:

Սակայն Ռուսիոյ յաջողութիւնը կրնայ կարճատեւ ըլլալ: Այն պահուն, երբ աշխարհաքաղաքական հակասութիւն յառաջանայ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, նոր կազմուած սիրոյ տօնախմբութիւնը կ՛աւարտի` վերջ դնելով Թուրքիոյ լարախաղացային շարժումներուն Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ եւ լքուած ըլլալով երկուքին կողմէ…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Աշխարհ Հայաստանի Ուխտաւոր` Վաղուան Համար (30 Մայիս-6 Յունիս 2019)

Յաջորդը

Ուժի Դիւանագիտութիւն (Power Diplomacy)

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?