Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքսային «Լոգիկա» Եւ Հայրենադարձ Պերճի «Գլխացաւանք»-ը

Յունիս 25, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ

Կեդրոնականցի Արմենակ ուրախ էր, որ իր զարմիկ Պերճը Հայաստան հաստատուած էր: Հանդիպեցանք Ամիրեան փողոցի սրճարանը:

Պերճ խօսող չէր: Բայց Արմենակ զայրացած էր եւ պատմեց.

– Մակա՛ր, Պերճը եկած է, Երեւանէն դուրս հողամաս գնած եւ` տուն կառուցած: Իր տան կահոյքը, խոհանոցային իրերը, գիրքերը, նկարները, ինչ որ ունի, հոս պիտի բերէ, քընթէյնըրով: Հետաքրքրուած է, թէ ինչպէ՛ս անոնք Հայաստան մուտք պիտի գործեն: Իր փաստաբանը դիմած է մաքսային: Պատասխանած են, որ պէտք է յայտարարել դգալի, պատառաքաղի, դանակի, նկարի, գիրքի, աթոռի, սեղանի, ինչ որ կայ, կօշիկի, հագուստի, շապիկի, ներքնազգեստի թիւը, եւ` մէկ առ մէկ արձանագրել: Գրել նաեւ  իւրաքանչիւր աթոռի քիլոն եւ գիրքի գինը: Քառասուն տարուան ընտանիք է: Ինչե՜ր կ՛ամբարուին տասնամեակներու ընթացքին:

Պերճ լուռ մտիկ կ՛ընէր յուսահատ: Իր կարգին աւելցուց.

– Ըսած են, որ մաքսի ընդհանուր գումարը յայտնի կ՛ըլլայ, երբ մեր ունեցուածքը հասնի: Գիտէք` քընթէյնըրը մեծ գումար է, եթէ մաքս ալ վճարենք, հոս նորը կրնանք գնել: Քսան-երեսուն տարուան հնութիւն ունեցող տնային առարկաները վաճառականութեան համար պիտի չբերեմ: Ըսած են նաեւ, որ թող ապրանքները գան, յետոյ կ՛որոշենք: Ճշդուած է նաեւ, որ երբ ապրանքը հասնի, իւրաքանչիւր օր, որ կը մնայ մաքսատան մէջ, վարձք կը վճարուի: Ինչպէ՞ս մէջէն պիտի ելլեմ. քընթէյնըր, մաքս եւ վարձք, եւ եթէ հարցը տնտնայ, վարձքը կը բազմապատկուի օրերու գումարով:

Արմենակ շարունակեց:

– Հայրենադարձը իր տունը պիտի փոխադրէ, որ իր կեանքին վկայութիւնն է: Ինչո՞ւ այս անտեղի կաշկանդումները: Ի դէպ, ո՞վ գիտցած է, թէ իր նստած աթոռը քանի քիլօ է:

Ես ալ զարմացայ եւ ըսի.

– Պետական սնտուկին եկամուտ ապահովելու համար բոլոր միջոցները լաւ են:

Իսկ Կեդրոնականցին հայրենադարձական իմաստութեամբ աւելցուց.

– Ես կը խորհէի, որ հայրենիքը ինք միջոցներ պիտի տրամադրէր, որպէսզի հայրենադարձը դիւրութեամբ եւ անտաղտուկ տուն-տեղ ըլլար, հողը բնակիչ ունենար, բնակչութիւն, որ հիմնական է երկրի պաշտպանութեան:

Պերճ, որ կը հետեւէր զրոյցին, ըսաւ.

– Զաւակներս եթէ այս լսեն, զիս  պիտի քննադատեն, եւ իրենք այլեւս պիտի չուզեն լսել հայրենադարձութեան մասին:

Իսկ Կեդրոնականցին, ինչպէս յաճախ կ՛ընէ, ըսաւ.

– Մակա՛ր, ընկեր-բարեկամներուդ եւ թերթերուն գրէ՛ այս մասին` յուսալով, որ բազմազբաղ եւ օրէնք մշակողներ ժամանակ կը գտնեն եւ կը կարդան: Թերեւս բան մը կը փոխուի, ոչ միայն Պերճին համար, այլ` բոլոր անոնց համար, որոնք կարօտով կ՛ուզեն վերադառնալ իրենց հայրենիքը:

Հիմա չեմ գիտեր, թէ Պերճին քընթէյնըրը Հայաստան պիտի գա՞յ, թէ՞ ոչ:

Այս կարգի հարցեր ազգի հարցեր են, ամբոխ քնացնող ճառ եւ խոստում չեն:

Երեւանի ցուցարարները օր մը պիտի ուզե՞ն գիտնալ ցանկալի աթոռներու կշիռը` ըստ նստողներու կշիռի կարեւորութեան:

21 յունիս 2019, մայրաքաղաք Երեւան

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ

Յաջորդը

Ակնարկ. Հին Բեմագրութիւն, Նոր Բեմագիրներ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?