Ազրպէյճանական Սպառնական Ոճի Շեշտադրում` Ուաշինկթընի Բանակցութիւններէն Ետք
Ա. Ա. Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կեցուածքները, Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կատարուած արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումէն ետք, բաւական կարծրացած են եւ կը յուշեն Պաքուի անզիջողութեան մասին, ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքին վրայ Արցախի տագնապին լուծման անոր կեցուածքին: Նախ` արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երկու տարբեր հարցազրոյցներու ընթացքին` Թուրան եւ Ազերթաճ լրատու գործակալութիւններուն թղթակիցներուն...




















