Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեհեան»-ի 50-ամեակը Մէջս Արթնցուց Հին Կայծը

Յունիս 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶ ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Առաւօտ կանուխ, սովորութեանս համաձայն, կը թերթատեմ «Ասպարէզ»-ը: Սարգիս Մահսէրէճեանի ««Պզտիկ» 50-ամեակ մը» խորագիրով յօդուածը ուշադրութիւնս կը գրաւէ:

Կը մտածեմ, թէ ի՛նչ թաքնուած է այս խորագիրին տակ:

Առաջին պարբերութենէն իսկ կը ցնցուիմ: Կարծես պատերազմի դաշտին մէջ կը դաշունահարուիմ: «Մեհեան» անունը կը խոցէ սիրտս, կ՛արթնցնէ գեղեցիկ յուշեր, կ՛ոգեւորէ զիս, կ՛ամրապնդէ հոգիս: «Մեհեան»-ի կողքը կը տեսնեմ ներքին աչքերով ու կը վազեմ գրադարաններուս մէջ փնտռելու եւ գտնելու զայն: Պարբերաթերթ, որ նախաքայլը դարձաւ իմ գրական ու ազգային կեանքի դրսեւորման. ամրապնդեց զիս, հարստացուց հոգիս, գծեց նախասիրութիւններուս ուղին եւ հայ գիրին ծառայելու եւ հայկականութեամբ շնչելու գեղեցիկ ճանապարհը բացաւ դէմս:

«Մեհեան» պարբերաթերթը նախաձեռնութիւնն էր Լիբանանի ՀՅԴ «Զաւարեան» աշակերտական միութեան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին եւ առաջին թիւը լոյս տեսած էր 1969-ին:

Որքան հրճուանքով լեցուեցաւ հոգիս, երբ գրադարանիս մէջէն պոկեցի «Մեհեան»-ը: Տակաւին զայն չթերթատած` արդէն յիշեցի հոն արձանագրած գրութիւններս: Մէկը` գեղարուեստական, միւսը` ուսումնասիրական: Այսքան գեղեցիկ առաւօտ չէի ապրած շատոնց: Աշխարհիկ բոլոր նորութիւնները հնացած էին արդէն կարծես, եւ հոգիդ կարօտը ունի նմանօրինակ կայծերու: Չէ՞ որ անոնք միշտ չեն պատահիր, իւրայատուկ են եւ քեզ կը տեղադրեն յաւերժական արժէքներու կարգին:

«Մեհեան»-ը իրեն հետ բերաւ ամբողջ երիտասարդութիւնս, Սոֆիա Յակոբեան Ազգ. վարժարանի ուսանողութեան տարիներս, յիշատակներ` ջերմօրէն հայկականութեամբ տրոփող Պուրճ Համուտէն, որ սիրած էի, երբ հոն հաստատուեցանք, երբ պարմանուհի էի:

Ինքզինքս տեսայ իբրեւ երիտասարդուհի, որ խրոխտ կերպով ու հպարտութեամբ անդամ դարձաւ ՀՅԴ «Զաւարեան» աշակերտական միութեան: Ապա խրախուսուեցաւ հայ գիրին ծառայելու մարմաջով: Տան մէջ դաստիարակութիւնը խորապէս ազգայնաշունչ ըլլալով հանդերձ, միջավայրը, ուր անցուցած էի պատանեկութեանս տարիները, շատ չէր օգնած հայկականութեամբ տոգորուելու, որովհետեւ ապրած էի գեղատեսիլ ծովեզերեայ Ժիպէյլ քաղաքին մէջ, ուր հայերու թիւը շատ քիչ էր, եւ հայկական երկրորդական վարժարանի չգոյութեան պատճառով տեղափոխուած էինք հայութեան բաբախուն սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտ աւանը:

Հիմա «Մեհեան»-ի էջերուն մէջ եմ: 88 էջերէ բաղկացած այս պարբերաթերթին երկրորդ գրութիւնը իմս է` «Տարօրինակ բայց իրաւ» խորագիրով: Գրած էի Ժիպէյլի մեր շէնքին վերի յարկը բնակող տարօրինակ արուեստագէտի մը` Խաչատուր Ֆերմանեանի մասին: Ֆրանսայէն եկած այս ծերունին նկարչութեամբ կը զբաղէր եւ կեանքի նկատմամբ զարտուղի գաղափարներ ունէր: Ան էր, որ օր մը թելադրեց հօրս` մոռնալ Ֆրանսա ապրող իր վեց հօրեղբօրորդիները եւ նամակ մը գրել, որ իրենց յուղարկաւորութիւնը կատարած է, որովհետեւ ձուլուած են: Այս խօսքերը զիս խորապէս տպաւորած էին, եւ ես զինք ընտրած էի` իբրեւ գրութեանս հերոս:

Երկրորդ գրութիւնս ուսումնասիրութիւն է Ակնունիի «Բողոքի ձայն»-ին մասին:

Այժմ կը կարդամ այդ տողերը եւ կը մտաբերեմ այն մտատանջութիւնը, որ զգացի զայն գրելու նախօրեակին: Բայց գրեցի ու այսօր հպարտ եմ, որ նուաճում մը կատարած եմ: Երիտասարդ տարիքիս ստանձնած այս ծանր յանձնառութիւնը մէջս ամրապնդեց հաւատն ու սէրը` հայութեան ու ազգութեան հանդէպ: Զիս դրոշմեց նախաձեռնութեան ու պայքարի ոգիով, ապագայի հանդէպ պայծառ հաւատքով:

«Մեհեան»-ի էջերուն մէջ կը տողանցեն անունները «Սոֆիա Յակոբեան»-ի դասընկերներուս կամ այլ դասարաններու աշակերտներու: Կը յիշեմ անոնց դէմքերը, շատերը կը տեսնեմ այսօրուան իրենց ճանապարհին, հայ գիրին կամ ընդհանրապէս հայութեան ծառայելու իրենց աշխատանքին մէջ:

Կը մտաբերեմ, թէ այդ տարիքին ինչպէ՛ս մենք մեզի պարբերաթերթ հրատարակելու նախաձեռնութիւնը ունեցած էինք, ու յանկարծ կը մթագնի միտքս ու կը խռովի հոգիս:

Կը գիտակցիմ, թէ այսօր, Ամերիկայի այս ափերուն, հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէնով պարբերաթերթ (գուցէ մէկ պրակ) հրատարակելու նախաձեռնութիւնը կը սարսափեցնէ մեզ: Չկայ հաւատքը հայ գիրին ու հայկական արժէքներուն նկատմամբ, այլ կայ թերահաւատութիւնը: Դժուարը դիմագրաւելու քաջութիւնը գոյութիւն չունի: Դիւրինն է քաջալերուածը:

Հայերէնով աշակերտական պարբերաթերթ հրատարակելու նուազագոյն ծախսն իսկ աւելորդ ու աննպատակ կը համարուի այսօրուան մեր կեանքին մէջ` հայկական արժէքներու պահպանման պատասխանատուութիւնը ստանձնող անհատներուն համար: Անոնք կը մոռնան թերեւս, որ հայ դպրոցին գոյութեան գրաւականը աշակերտին հայերէն սորվեցնելն է: Անոնց համար  նախընտրելի է աշակերտները գոհացնել արհեստական ձիւնով դպրոցին բակը ծածկելու, կամ դաշտին վրայ նոր խոտ փռելու համար դրամ ծախսելով: Յիշեմ  նաեւ, որ այսօր հայերէնով պարբերաթերթ հրատարակելու կարողութիւնը ունեցող անհատներ, եթէ նոյնիսկ կան, համարձակութիւնը եւ տրամադրութիւնը չունին այս մթնոլորտին մէջ նախաձեռնութիւն առնելու:

Հոս հասած է հայ կեանքին նկատմամբ այսօրուան մեր հաւատքի չափանիշը: Ու հարց պէտք է տանք, թէ ինչո՞ւ պէտք է հայկական դպրոցը, երբ ազգային մեր արժէքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած կարեւորութիւնը ոչ միայն տեղքայլի մէջ է, այլեւ գոյութիւն չունի:

Այս մտածումները կը մթագնեն հորիզոնը ու անգամ մը եւս յիշելով «Մեհեան»-ի գրութեանս հերոս` Խաչատուր Ֆերմանեանը, հարց կու տամ, թէ արդեօք մեր յուղարկաւորութի՞ւնն ալ պէտք է կատարենք:

«Մեհեան»-ի երեւոյթը յիշելու այս ուրախ առիթով եւ անով գօտեպնդուած` արթննանք մեր թմբիրէն եւ հայ նոր սերունդը իսկապէս հայօրէն դաստիարակելու մարտահրաւէրը ստանձնենք:

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրոյ Վիրապը

Յաջորդը

Ճիշդի Եւ Սխալի Պայքարը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?