Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի 2018-2019 Տարեշրջանի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Յունիս 29, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզի 2018-2019 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 յունիսի երեկոյեան, վարժարանիս շրջափակին մէջ:

Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարժարանիս վարիչ-մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեանը հանդէս եկաւ բացման խօսքով ու, ողջունելէ ետք ներկաները, հաստատեց` ըսելով. «Վարժարանը բարձր պահող ու հարստացնող օղակը` տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, ուսուցչակազմ եւ ծնողներ, իրենց ճիգը չխնայեցին` քաջալերելու, համբերելու եւ նեցուկ կանգնելու այս դարբնոցին, որ յագեցուց կրթական հարուստ ծրագիրը, փորձառական բաժինները, զանազան առիթներու հետ առնչուած ձեռնարկներն ու տօնակատարութիւնները` իւրայատուկ դարձնելով վարժարանիս վերելքը»: Ապա ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք տարբեր առիթներով եւ զանազան միջոցներով օգտակար կը հանդիսանան մանկապարտէզին: Ան ըսաւ. «Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզի այս տարուան հանդէսը նուիրուած է հայրենի մեծանուն գրագէտ ու բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին: Մանկապարտէզի փոքրիկները Թումանեանի հեքիաթներէն պիտի ներկայացնեն` «Բարեկենդանը», «Ուլիկը», «Անբան Հուռին», «Շունն ու կատուն» եւ «Կաթիլ մը մեղրը» երգախառն ու պարային թատրոններու ընդմէջէն:

Ապա բեմը յանձնուեցաւ փոքրիկներուն, որոնք մանկական պատումներով ու ոճով, սակայն իմաստասիրական խորքով հանդիսատեսին ամրագրեցին գիւղի 80-ամեայ երթին:

Օրուան գեղարուեստական յայտագրին իւրայատուկ փայլք տուին Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնք հանդէսի ընթացքին բեմը կենդանացուցին Թումանեանի հեքիաթային տիպարներով:

Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու երգչախումբի «Անբան Հուռին» երգի կատարումով ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Այսպէս, Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին շարք մը պարեր` «Ուլիկներ», «Մեղուներ», «Շունն ու կատուն» եւ «Հոյ նազան»-ը: Անոնք իրենց մանր ու ճկուն շարժումներով խանդավառեցին ներկաները, որոնք բուռն ծափահարութեամբ արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց շրջանաւարտներու ուղերձը: Նախքան վկայականներու բաշխումը` Ծաղիկի շրջանաւարտներուն իր պատգամը տուաւ վարժարանիս տնօրէն Արմէն Թաշճեան: Ան իր խօսքը ուղղելով աւարտականներուն` ըսաւ, որ` «Քառամեայ ժրաջան խնամք մը բուրումնաւէտ ծաղիկներու փունջ մը կը յանձնէ նախակրթարանին. առատ այս փունջը լաւագոյն ընծան է մեր գիւղին, անոր հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով»:

Տնօրէնը հաստատեց, որ այս ծաղկեփունջը ներկայացնող հանդէսը` «Լաւագոյն փաստն է ապացուցելու, որ հայ դպրոցի առաքելութիւնը կը շարունակէ սնանիլ մանկական գրականութեան մեծ վարպետին` Յովհաննէս Թումանեանի մեղրի կաթիլներով` ի սպաս հայ մանուկի զուլալ ինքնութեան. իր տոհմնականութեամբ եւ նահապետական ոգիով, նախնեաց ու մեծերու անհուն յարգանքով, բնութեան ու հողի պաշտամունքով, ինչպէս նաեւ իր հայրենասիրութեամբ Թումանեան հոգեհարազատ է մուսալեռցի այնճարցիներուս»:

Ապա անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ բոլորին ծանօթ դրուագով Թումանեան, իր Ամենայն Հայոց բանաստեղծի ուժգնութեամբ, գաղթականութեան առջեւ կը համարձակէր բանալ նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի վեհարանին դռները` վեհարանն ալ պատսպարանի վերածելով. Յովհաննէս Թումանեան, իր անզիջող սկզբունքայնութեամբ հանդերձ, անհուն բարութեամբ, մեծ հաշտարար մըն էր հասարակութեան մէջ:

Վերջապէս, տնօրէնը խօսքը ուղղեց ծաղիկներուն ու մաղթեց, որ իրենց ստանալիք վկայականներով «պատրաստուին Թումանեանը 250 տարեկան դարձնելու, ինչպէս նաեւ մեր սիրելի գիւղը 180 տարիներով ե՛ւս ապրեցնելու»:

Ապա տնօրէնը շնորհաւորելով ծաղիկները, իրենց ծնողներն ու մանկապարտէզի անձնակազմը, բեմ հրաւիրեց գիւղիս ծխատէր քահանայ Միւռոն Աւետիսեանը, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչ Վաչէ Թազեանը, ինչպէս նաեւ վարժարանիս նեցուկ կանգնող բարերարներէն Յարութ Զէյթլեանը, որպէսզի միասնաբար կատարեն վկայականներու բաշխումը:

Հրավառութեամբ ու բոլոր փոքրիկներու բեմ բարձրանալով` փակումը կատարուեցաւ օրուան հանդիսութեան:

Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտներն են` Ալիք Տուտագլեան, Անի Թաշճեան, Արազ Թաշճեան, Արին Թաշճեան, Ժուլիան Ապտ Ալուալի, Լէա Տետուշեան, Լոռի Քերմենեան, Լուսի Սոմունճեան, Կալի Սգայեան, Կարինէ Ժիլապոշեան, Կարօ Ճապրայեան, Կարօ Տուզմանեան, Հրաչ Կապուտիկեան, Հրայր Տանղեան, Մեղրի Քէօշկերեան, Յակոբ Էքիզեան, Պետօ Թաշճեան, Սագօ Պեքարեան, Սելին Գապաքեան, Սթեֆանի Անտոնեան, Սքարլեթ Պուֆա, Վանայ Տուտագլեան եւ Փաթիլ Առաքելեան:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արձակուրդներ Անջրպետին Մէջ

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 12 – Հանգոյցներ» Հատորը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?