Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքերու Աշխարհէն. «Ես, Այս Գիշեր»` Սրտցաւ Հայու Մը Զրոյցները Իր Անձին Եւ Ընթերցողին Հետ (Հեղինակ` Աղեղնաւոր, Կամ` Վարուժան Արքեպիսկոպոս)

Յունիս 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Սփիւռքեան մեր հրատարակչական կեանքին մէջ մօտաւորապէս 35 տարիներու վաստակ կերտած «Գառնի» մատենաշարը 2018-ի վերջերուն լոյս ընծայեց իրեն համար արտասովոր հատոր մը` «Ես, այս գիշեր», որուն հեղինակն է Վարուժան արք. Հերկէլեան, որ կը ներկայանայ Աղեղնաւոր գրչանունով:

Հատորը արտասովոր է մէկէ աւելի նկատումներով: Այս մատենաշարը ճամբայ ելած է ազնիւ առաքելութեամբ մը` հայ պատանիին եւ ընդհանրապէս ընթերցող զանգուածին ներկայացնել մեր գրականութեան անդաստանի հռչակաւոր մշակներէն քաղուած գործեր, աշակերտական հրատարակութեան մը, այսինքն` մատչելի ըլլալու առաջադրութեամբ: Վարուժան սրբազանը մատենաշարին հիմնադիրներէն է եւ` անխոնջ մշակներէն. ասիկա շարքին 42-րդ թիւն է. ցարդ լոյս ընծայուած են Զարթօնքի սերունդէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը հռչակ ու անուն կերտած գրողներու գործերը: Առաջին անգամն է, որ կը ներկայացուի մատենաշարին մէկ հիմնադիրին` վաստակաւոր հոգեւորականին գեղարուեստական գործը, որ նաեւ անոր անդրանիկն է իբրեւ հատոր:

Վարուժան սրբազանը անծանօթ անուն մը չէ մեր ժողովուրդին ու ընթերցող զանգուածին. անկախ այս մատենաշարին ճամբով իր ու գործակիցներուն ստեղծած շարժումէն` ան ունի մեր եկեղեցւոյ ու թեմերուն ծառայութեան երկար վաստակ, հերկած է հրապարակագրական ասպարէզը` «Արծիւ» թերթին միջոցով ու այլապէս: Եւ ահա ան իր գրիչը թաթխած է գեղարուեստական գրականութեան կաղամարին մէջ եւ հատորը կերտած` գրաւոր մանրանկարներով:

Քանի մը մանրամասնութիւն` բովանդակութեան ու ծաւալին մասին: Հատորը ունի 168 էջ, որ կը բացուի կարճ ձօնով մը եւ ընթերցողը անմիջապէս կը փոխադրէ հայրիկեան (Խրիմեան) մթնոլորտի մը մէջ: Այնուհետեւ հատորը կը զարգանայ պարագայական ենթաբաժիններով, որոնք հիւսուած են զրոյցի ձեւով: Հեղինակը, իր իսկ խոստովանութեամբ, ապրած է

առնուազն 14 անքուն գիշեր (14 թիւն ալ պարագայական է, որովհետեւ ընթերցողը հոն կը գտնէ ամբողջ կեանքի մը խորհրդածութիւններն ու երկար անքնութիւն պատճառող ապրումները), որոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն պարգեւած է մեր նորագոյն դարերու կարգ մը տիտաններուն հետ զրուցելու առիթներ: Յաջորդական բաժիններու մէջ հեղինակը առաւելաբար գիշերային պահերու կը զրուցէ… քարի մը, Խրիմեան Հայրիկի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Խաչատուր Աբովեանի, Եղիշէ Չարենցի, Յակոբ Պարոնեանի եւ այլ պատմադրոշմ ՈՒՍՈՒՑԻՉներու հետ, կ՛երթայ մինչեւ Հայկ նահապետ, կը վերադառնայ իր պատանութեան ուսուցիչներուն, բաց նամակի ձեւին տակ կը զրուցէ Հայաստանի պետական վարիչներուն հետ… Հատորի վերջին էջերուն տեղադրուած է «Գառնի» մատենաշարին ցուցակը:

Ինչպէս նշեցինք, այս բոլորը կը կատարուին յիշեալ անհատներուն կամ խմբաւորումներուն հետ սրտցաւ զրոյցներու ձեւով. խորքին մէջ այդ զրոյցները հեղինակը կը կատարէ նախ ինքն իր անձին, ապա նաեւ ընթերցողին ու, հետեւաբար, հայ հանրութեան հետ, որուն կը ձգտի հասնիլ այս հատորին ճամբով: Ու եթէ աչքի առջեւ ունենանք յիշեալ անունները, արդէն դժուար չ՛ըլլար հետեւցնել, թէ ի՛նչ են նիւթերը: Կը բաւականանանք հպանցիկ եւ մասնակի թւումով: Հատորին էջերուն ներկայ են Այնճարը` սկսելով հեղինակին պատանութեան օրերու միջավայրէն ու հասնելով մեր օրերը, իր բոյրով, աւանդութիւններով, Մուսա Լեռէն բերուած աւանդներով ու ինքնուրոյն միջավայրով, բնակիչներով: Լուռ ափսոսանք մը կայ գիւղական պարզունակ կեանքի նահանջին ու աղաւաղումին մասին, անուղղակի զուգահեռ` Այնճարէն ու Հայաստանէն արտագաղթի հոսանքներուն առթած մտահոգութեանց ու անձկութեանց միջեւ: Կայ ցաւ` մայրենիի նահանջին, արձագանգ` աբովեաններու եւ խրիմեաններու օրերէն մեզի «ժառանգ» հասած տագնապներուն ու ազգային ցաւերուն, խոհակցութիւն` մեր դիմագիծը դրոշմող այլ մեծերու:

Եթէ բազմաթիւ տիտաններ անունով-մականունով ներկայ են զրոյցներուն մէջ, կան նաեւ չյիշատակուած ներկաներ, որոնցմէ մէկը կարելի է նկատել Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցը: Այս նշումը կ՛առանձնացնենք այն առումով, որ հատորին էջերուն կան «համով, հոտով» պատումներ, հոգ չէ, թէ անոնք կ՛արտայայտեն ցաւ, ափսոսանք, տառապանք, բայց նաեւ աղաղակող կոչ` հաւատարիմ մնալու ազգային արժէքներու, աւանդներու, Ցեղասպանութենէն առաջ ու վերջ կերտուած անգնահատելի ժառանգութեանց: Հեղինակին խորհրդածութիւններն ու վերլուծումները անպայման որ պիտի կլանեն ու համակեն ընթերցողը, զայն պիտի վարակեն գրողին ապրումներով: Տակաւին, ընթերցողը նաեւ պիտի համակուի հեղինակին ծննդավայր Այնճարով ու շեշտուած այնճարցիութեամբ, որ տիրականօրէն կը քալէ հատորին տարբեր գլուխներուն մէջ:

Ընթերցողը ուշագրաւ «հակասութիւն» մը պիտի գտնէ այս հատորին մէջ. եթէ նիւթերը ընդհանրապէս «լեղի» են, հեղինակին լեզուն կը ցոլացնէ մեր մայրենիին գեղեցկութիւնն ու անուշութիւնը: Այս յատկանիշին տարրերէն են բազմաթիւ բառեր, որոնք ազատագրուած են բառարաններու գերութենէն, պատկերներ, որոնք ընթերցողին աչքերուն դիմաց կը պարզեն հեղինակին շրջապատին «գեղանկարները»: Այդպիսի էջեր են, որ հատորը յաճախ կը հեռացնեն հրապարակագրականի մթնոլորտէն ու զայն կ՛անցընեն գեղարուեստի անդաստան տանող կամուրջէն անդին: Սակայն որքան յառաջանայ ընթերցումը, հրապարակագրական գիծը հետզհետէ կը դառնայ աւելի ակներեւ, մեղեդիները կը մնան աճող տագնապի արտայայտութեան հակակշիռին ենթակայ, իսկ այդ տագնապները, ինչպէս նշեցինք նախապէս, չեն պատկանիր այս հատորին արարման կարճ ժամանակամիջոցին, այլ վստահաբար կը տարածուին հեղինակին պատանութեան ու կանուխ երիտասարդութեան օրերուն վրայ, կը ցուցադրեն հասուն մտածողի ներաշխարհն ու մտածումներուն աշխարհը. ընթերցողը այդ բոլորին մէջ անխուսափելիօրէն կը զգայ իր տագնապներն ու մտահոգութիւնները, համայն հայութեան ապրումները:

Ակներեւ է, որ հատորը ըստ բաւականին պատրաստուած է հոգածութեամբ, սակայն, ինչպէս մեր ժամանակակից բազմաթիւ հրատարակութիւններ (գիրք, թերթ թէ մամուլի տակէն դուրս եկող այլ «արտադրանք»), չէ յաջողած լիովին ձերբազատիլ նախահրատարակութեան մանր թերութիւններէ. իսկ մեր ակնարկութիւնը չ՛երթար միայն գրաշարական մանրուքներու:

Ընթերցողը, վերջապէս, կը ցանկայ ու կը մաղթէ, որ այս անդրանիկը ունենայ յաջորդներ:

Ապրիլ 2019

Նախորդը

Ձօն` Հայ Գրականութեան

Յաջորդը

«Դպրեվանքը Նկարագիր Կերտող Ու Մարդ Պատրաստող Հնոց Է, Ուրկէ Կը Ծնին Եկեղեցիին Ու Ազգին Ծառայողները» Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?