Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուսուցիչը. Քամալ Ժոմպլաթի Քաղաքական Փիլիսոփայութիւնը

Յունիս 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

«Ազատութիւնը մարդ անհատի մը արժանապատուութիւնն է»:

«Կը խօսիմ Լիբանանի համար»` հետաքրքրական գիրք մը, որուն հեղինակն է ուսուցիչ, փիլիսոփայ, քաղաքագէտ եւ Լիբանանի Ընկերվար- յառաջդիմական կուսակցութեան հիմնադիր Քամալ Ժոմպլաթ: Այս գիրքը տպուեցաւ իր սպանութենէն քանի մը օր առաջ:

Իր յուշերուն մէջ Ժոմպլաթ կ՛անդրադառնայ Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի մէջ կատարուած քաղաքական իրադարձութիւններուն: Ան կը քննադատէ եւ գնահատանքը կը կատարէ` իբրեւ Լիբանանի տիւրզի համայնքի ղեկավար: Ըստ անոր, Լիբանանի համար անկիւնադարձային պայքարներէն եղան մարոնի համայնքի եւ այլ համայնքներու միջեւ հակամարտութիւնը, պաղեստինեան զինեալ պայքարը: Ան որոշ առաջարկներ կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս արաբական աշխարհին մէջ ընկերվարութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը կրնան բուժել միապետական կարգերը:

Հակառակ անոր որ Ժոմպլաթ դէմ էր բռնութեան եւ կը հաւատար, որ խաղաղ միջոցներով միայն կարելի էր լուծել լիբանանեան տագնապը, սակայն կը հաւատար նաեւ, որ երբ մարդ անհատը կը հաւատայ տեսլականի մը, եւ երբ այդ տեսլականը վտանգուած է եւ կայ երկու ընտրութիւն` կա՛մ յանձնուիլ, կա՛մ ալ բռնութեան դիմել, ապա պէտք է բռնութեան դիմել: Սակայն ան նաեւ ընդդիմութեան մէջ միակն էր, որ ունէր հեռատեսութիւն: Իրեն համար քաղաքացիական պատերազմէն ետք Լիբանան պէտք էր ըլլար աշխարհիկ եւ ոչ թէ` համայնքային կարգավիճակով երկիր մը: Երկիր մը, ուր ոչ թէ փտածութիւնը, այլ արդար օրէնքը կ՛իշխէ: Ան քիչերէն էր, որ կը պահանջէր ընկերային արդարութիւն: Ժոմպլաթ կը բացատրէր, որ ինք պաղեստինցիներուն հետ դաշնակցեցաւ այն պատճառով, որ կը հաւատար, թէ մարոնիներուն պիտի կարենար ստիպել սահմանադրական բարեփոխումներ կատարել: Սակայն ան համոզուեցաւ, որ երկրին համայնքային կառուցուածքը կախեալ է արաբական աշխարհին մէջ տիրող միապետական կարգերէն, որովհետեւ ժողովրդավարական Լիբանան մը վտանգ կը սպառնար միապետական կարգերուն, եւ որեւէ սահմանադրական բարեփոխում` նախ մղձաւանջ էր Սուրիոյ վարչակազմին եւ ապա` այլ դրացի երկիրներու:

Ան նաեւ կը գրէ, որ Լիբանանի մէջ բազմահամայնքային կարգավիճակը օրինակ պէտք է ըլլայ այլ երկիրներուն, ուր տարբեր համայնքներ կրնան գոյակցիլ: Անոր համաձայն, պաղեստինեան հարցը այն ժամանակ կրնայ լուծուիլ միայն, երբ հրեաները եւ արաբները խաղաղօրէն ապրին: Ան հրեաներու մեկուսացման քաղաքականութիւնը նմանցուց Լիբանանի մէջ մարոնի համայնքի ղեկավարներուն քաղաքականութեան` պաղեստինցիներուն եւ այլ համայնքներու նկատմամբ:

Ժոմպլաթ միշտ ալ պաշտպանած է պաղեստինեան դատը, սակայն ան միշտ եղած է գործնապաշտ: Իրեն համար սխալ էր, որ արաբները լքեցին Պաղեստինը: Գիրքին մէջ ան օրինակ կու տայ, թէ ինչպէ՛ս տիւրզիները մերժեցին լքել իրենց հայրենիքը, իսկ արաբները հաւատացին, որ շուտով արաբական զօրքերուն հետ պիտի ազատագրեն իրենց հայրենիքը: Ան կը հաւատար, որ եթէ իսլամ եւ քրիստոնեայ արաբները մնային Պաղեստինի մէջ, այսօր անոնց թիւը պիտի գերազանցէր հրեաներուն թիւը: Ան նաեւ կը քննադատէ արաբական երկիրները, որոնք չընդունեցին 1947-ի բաժանումը արաբներուն եւ հրեաներուն միջեւ Պաղեստինի մէջ եւ 1948-ին ամօթալի պարտութիւն մը կրեցին: Ըստ Ժոմպլաթի, արաբները պարտուեցան, որովհետեւ չկրցան հասկնալ հրեաներուն կարեւորութիւնը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, եւ արաբական նիւթական ուժը չուղղուեցաւ դէպի Պաղեստին:

Գաղափարական գետնի վրայ ան նաեւ քննադատեց մարքսականութիւնը եւ արաբական ընկերվարութիւնը, որոնք ոչ մէկ կապ ունին իսկական ընկերվարութեան հետ: Անոր համաձայն, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ պաասական վարչակարգերը հեռու էին ընկերվարական եւ յառաջդիմական գաղափարներէ: Քամալ Ժոմպլաթ կը գրէ. «Ընկերվարութիւնը առանց ազատութեան` ընկերվարութիւն չէ, այլ` ստրկութիւն, եւ միայն ընկերվար-ժողովրդավարութիւնն է, որ կրնայ փրկել արաբական աշխարհը»:

Վերջապէս, Ժոմպլաթի համաձայն, իսլամութիւնը թունաւորուեցաւ, երբ թրքութիւնը կործանեց զայն, եւ իսլամութիւնը պէտք է վերադառնայ իր պատմական բարքերուն, երբ Աբբասեան խալիֆայութեան ժամանակ կար ժողովրդավարութիւն եւ բազմակարծութիւն:

Քամալ Ժոմպլաթ գործնապաշտ եւ միաժամանակ տեսլապաշտ էր: Ան գիտէր հաւասարակշռել երկուքը: Գիտէր, որ իր կեանքը վտանգի տակ էր, եւ եթէ ողջ մնար, շատ հաւանաբար քաղաքական իրադարձութիւնները տարբեր ընթացք պիտի ունենային լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ: Այսօր Լիբանանը իր քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամային տագնապներուն մէջ կարիքը ունի ՈՒՍՈՒՑԻՉԻՆ` Քամալ Ժոմպլաթի յանդգնութեան եւ գաղափարաբանական մտածողութեան:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Նախորդը

Փայլան Պատասխաններ Կ՛ուզէ Տիգրանակերտի Պարիսպներուն Կրած Վնասներուն Վերաբերեալ

Յաջորդը

Ձօն` Հայ Գրականութեան

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?