1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ներքեւ, աւելի քան 1,5 միլիոն հայեր ծրագրուած եւ կազմակերպուած կերպով բնաջնջուեցան` զանգուածային կոտորածներու, բռնի տեղահանութիւններու, սովամահութեան երթերու եւ մշակութային կործանման միջոցներով: Պատահածը պատերազմի ողբերգական հետեւանք մը չէր. այս արարքը իր կազմակերպուած ծրագիրով կը կոչուի Հայոց ցեղասպանութիւն` ամբողջ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը իր հայրենիքէն վերացնելու համար:
Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ամէնէն ծանր յանցագործութիւններէն մէկն է: Իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը արդէն իսկ լայնօրէն ճանչցուած է աշխարհի գիտնականներուն, պատմագէտներուն եւ պետութիւններուն կողմէ: Սակայն Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը շարունակէ ժխտել հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած այս պատմական իրողութիւնը: Այս ժխտումը անարդարութեան շարունակութիւնն է: Ժխտուած ցեղասպանութիւնը կրկնուած ցեղասպանութիւն է: Պատահածը քաղաքական դիրքորոշում մըն է, որ կը հակասէ մարդու միջազգային իրաւունքներուն: Ուստի պետութիւն մը, որ կը մերժէ իր անցեալը ընդունիլ, կը կորսնցնէ իր բարոյական հիմքը` արդարութեան, խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան մասին խօսելու:
Այսօր, երբ տարբեր մակարդակներու վրայ տեղի կ՛ունենան քննարկումներ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններուն միջեւ, եւ կը խօսուի սահմաններու վերաբացման մասին, ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կը շեշտէ հետեւեալը. չկայ յարաբերութիւններու բնականոնացում` առանց ընդունելու Օսմանեան կայսրութեան իրագործած պատմական անարդարութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ուստի տեւական խաղաղութիւնը չի կրնար կառուցուիլ ժխտման եւ պատմական անարդարութեան շարունակման հիման վրայ:
Սահմաններու բացումը` առանց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ո՛չ խաղաղութեան քայլ է եւ ո՛չ ալ իսկական մօտեցում մը դէպի հաշտութիւն, այլ քաղաքական քայլ մըն է, որ կը փորձէ օրինականացնել պատմական անարդարութիւնը` միաժամանակ պահանջելով լռութիւն անոր զոհերէն: Այս մօտեցումը բացայայտօրէն տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական շահերը կը դնէ բարոյական պատասխանատուութենէն եւ մարդկային արժանապատուութենէն վեր` նուազեցնելով արդարութեան եւ ճշմարտութեան հիմնարար սկզբունքները:
Մենք` իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդութեան միութիւն, կը մերժենք որեւէ գործընթաց, որ կը փորձէ բաժնել դիւանագիտութիւնը պատմական պատասխանատուութենէն: Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդը ունի իր արդար իրաւունքը` ապրելու ազատ, անկախ եւ անկաշկանդ իր նախնիներու պատմական հողին վրայ` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի մէջ: Ասիկա ո՛չ քննարկման, ո՛չ բանակցութեան ենթակայ հարց է: Հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած պատմական անարդարութիւնը չի կրնար վերացուիլ ժամանակի յառաջացումով, ո՛չ ալ մոռցուիլ` քաղաքական շահերով: Ճշմարտութիւնը կը մնայ անփոփոխ, իսկ արդարութեան պահանջը` անխախտ, մինչեւ իր լիարժէք ճանաչումը:
Մենք կը պահանջենք`
– Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած եւ ցարդ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան ոճիրի պաշտօնական ճանաչում,
– Վերջ Թուրքիոյ կողմէ պատմական փաստերու ժխտման եւ խեղաթիւրման,
– Յանձնառութիւն` ճշմարտութեան նկատմամբ, իբրեւ հիմք որեւէ դիւանագիտական աշխատանքի,
– Յարգանք հայ ժողովուրդի պատմական եւ մարդկային իրաւունքներուն:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ը չի մոռնար անցեալը, չ՛ընդունիր ժխտումի քաղաքականութիւնը եւ չի հրաժարիր հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներէն:
Ճանաչումը սպառնալիք չէ, այլ պատասխանատուութիւն է: Ան առաջին եւ անհրաժեշտ քայլն է իսկական հաշտութեան, շրջանային կայունութեան եւ ճշմարտութեան վրայ կառուցուած ապագայի համար:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ


