Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Շուէտի Երիտասարդի Երիտասարդական Միութեան Ջահերթին Առիթով՝ Երիտասարդութեան Ուխտը, Որ Անխախտ Կը Մնայ

April 25, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 ապրիլին ՀՅԴ Շուէտի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց ջահերթ, որ խորհրդանիշն է հայ երիտասարդի անկոտրում կամքին` պատմական այս ծանրագոյն օրերուն:

Միութիւնը իր կազմակերպած երթի ընթացքին հաստատեց. «Մինչ Հայաստանի ներկայ ապազգային իշխանութիւնը իր զիջողական ու կործանարար քաղաքականութեամբ ազգը դէպի անկում կը տանի, սփիւռքի երիտասարդութիւնը կը մնայ հայութեան արթուն պահակը: Ցաւալի է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս հայրենի պաշտօնեաներ կը շտապեն դատապարտել ցեղասպանութիւն գործած երկրի դրօշի հրկիզումը, սակայն նոյն այդ շրթները կը պապանձին, երբ թշնամին Արցախի մէջ հիմնայատակ կը քանդէ մեր դարաւոր եկեղեցիները:

Այս դժուարին տարիներուն, զորս գործող վարչախումբը բերաւ հայ ժողովուրդի գլխուն, սփիւռքի մէջ բոցավառող իւրաքանչիւր ջահ վկայութիւնն է այն իրողութեան, որ պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ Ցեղասպանութեան արդար ճանաչումն ու հատուցումը: Մեր ձայնը այսօր նաեւ արդարութեան պահանջ է բոլոր այն քաղաքական բանտարկեալներուն եւ գերիներուն համար, որոնք կը տառապին թէ՛ Պաքուի եւ թէ՛ Հայաստանի բանտերուն մէջ:

Մենք չենք հաշտուիր կորուստին հետ: Մեր հաստատակամ հաւատքն է, որ Արցախ վերադարձը պիտի իրականանայ, եւ մենք մեր ձեռքերով կրկին պիտի կառուցենք մեր սրբավայրերը: Որքան ալ փորձեն մեզ լռեցնել կամ ընկճել, հայ երիտասարդը տէր է իր հողին եւ Դատին: Մեր ուխտը անխախտ է, իսկ երթը` յարատեւ, մինչեւ որ հասնինք մեր ազգային իղձերու իրագործման եւ արդար հատուցման:

Պայքա՛ր` մինչեւ վերջնական յաղթանակ»:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայաստան եւ Լիբանան

Յաջորդը

Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քոնթանթինոս Թասուլասի յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 22, 2026
Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը
Գաղութէ Գաղութ

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.