ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Թէքէեան» մշակութային միութեան «Գրիգոր Տեկիրմենճեան» նորակազմ մանկապատանեկան թատերախումբը Կարէն Տարագճեանի բեմադրութեամբ ներկայացուց թումանեանական հինգ հեքիաթներ: Ներկայ եղած եմ երկրորդ (չափահասներու) ելոյթին: Հարկ է նախ վկայել բոլոր դերակատարներուն աշխուժ եւ հաճելի կատարումը եւ ակնբախ սէրը թատրոնի հանդէպ: Այդ ինքնին կարեւոր իրագործում է: Դիպուկ եւ ուսանելի էր ա՛յն, որ իւրաքանչիւր մասնակից մարմնաւորած էր առնուազն երկու կերպար: Այդ կրկնակի փորձառութիւն է: Շա՛տ բարի: Պատկերներու միջին տեւողութիւնը նուազ քան տասը վայրկեան էր: Ըստ հոգեբաններու, այդ համաձայն է հանդիսատես մանուկներու կեդրոնացած ընկալումի ժամանակին եւ կորովին (span, stamina): Բարի՛: Ձեռնարկը մեծապէս գնահատելի ներդրում է մեր մշակութային կեանքին մէջ: Շա՛տ բարի: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Արդէն իսկ հրապարակուած են առնուազն երկու գնահատական ակնարկներ: Նկատելի էր աղջիկներու գերակշիռ ներկայութիւնը: Այդ ընդհանուր երեւոյթ է: Տղաք, յատկապէս` արբունքի շրջանին, կը խուսափին «ոչ առնական» համարուող արտածրագրային (extra curricular) գործունէութիւններէ, ինչպէս` պալէ կամ թատրոն: Այս մասին համացանցի վրայ հասանելի են շարք մը մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ: Մանկական թատրոնին նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (1): Պիտի ջանամ նուազագոյնի հասցնել կրկնութիւնը:
Ա.- «Գրական».- Մանկապատանեկան թատրոնը հիմնուած է գրական սեռի մը վրայ, որ գոյութիւն իսկ չունէր նախքան 19-րդ դարու վերջին տասնամեակներ: Նոյնինքն Թումանեան ցաւ ի սիրտ յայտնած է, թէ ամէնուր «սով» գոյութիւն ունի մանկական գրականութեան մէջ: «Ռոպինսոն Քրուզօ», «Կիւլիվերի ճամբորդութիւնները», «Գանձերու կղզին», «Տոն Քիշոթ» եւ կամ Շէյքսփիրի դառն «Արքայ Լիր»-ը (2) ունին իրենց օրերու կիսով միայն քողարկուած քաղաքական օրակարգերը: Այդ գործերը ըստ կարելւոյն հականեխուած եւ «մանկականացուած» են զերթ Տրովադայի գեղեցիկ, անվտանգ թուացող ձիեր` թափանցելու համար մանուկներու հոգիէն ներս: Ի հարկէ աւելի մեծ Տրովադայի ձիեր են հեքիաթները, որոնք նախապէս կ՛աւանդուէին չափահաս եւ մանուկ խառն ունկնդիրներու:
Ասոնց կողքին, կային 19-րդ դարուն խնամուած աւանդական «հեքիաթ»-ները (Կրիմ եղբայրներ, Անտերսըն եւ այլն), որոնց հականեխուած տարբերակներն իսկ ահաւոր են (3): Կրիմ եղբայրներու «Հենսել եւ Կրեթել»-ը, օրինակ, պատմական յուշ է: Սովահար մարդիկ տառացիօրէն վերածուած են մարդակեր գազաններու: Ոչ նուազ սեւաթոյր չէ Անտերսընի միոտանի կապարէ զինուորը, որ յուսահատ սիրոյ կրակին մէջ տառացիօրէն կը հալի, եւ կամ` լուցկի ծախող որբ աղջնակը, որ…
Մեր գրականութեան մէջ այս կամ այն աստիճանի ներառուած են այլ մշակոյթի հեքիաթներ: Նոյնինքն Թումանեան հաւաքած է բազմաթիւ ազգերու հեքիաթները, որոնց շարքին` գառնուկ աղբարը, որ վրացական տարբերակին մէջ եղնիկ մըն է, եւ որ` խորոված չի դառնար, ինչպէս հայ գառնուկը: Իմ յիշողութեանս մէջ տակաւին կը հնչէ «Լուր դա լուր»-ի աւարտական ճիչը: Կը հնչեն նաեւ Պօղոս Պետրոսի ողբը` «Վա՜յ-վայ … վու՜յ վույ»: Թումանեան չէ փորձած մեղմացնել նաեւ ա՛յդ բներգը, որ հաւանաբար պալքան հովիւներու կը պատկանի (4):
Բ.- Բարոյական.- Ընտրուած գործերու կեդրոնական կերպարներն են երեք ճարպիկ, մէկ բացայայտ ստախօս եւ մէկ «անխելք»: Այլ խօսքով իշխող կերպարը ճարպիկն է: Այդ յատկանշական է շրջանի հեքիաթներուն մէջ թերեւս եւ այլուր (5): Մեզի հասած պատմութիւնները ձեւաւորուած են աւատապետական շրջանին, երբ հասարակ գիւղացին անզօր էր: Ինքնապաշտպանութեան ոչ մէկ օրինաւոր միջոց ունէր` կա՛մ պիտի դառնար ասպատակ «քէօրօղլի» եւ կա՛մ դիմէր ճարպիկ հնարքի: Առաջին պատկերին մէջ ստախօսը կը պատժէ մեծամիտ թագաւորը: Շա՛տ բարի: Երկրորդ պատկերին մէջ փոքր եղբայրը կը պատժէ անխիղճ հողատէրը: Նոյնպէ՛ս շատ բարի: Բարեկենդանին մէջ, սակայն, ճարպիկ անցորդը կը պատժէ պարզամիտ զոյգ մը: Ո՛չ բարի: Աւելի՛ն. հեքիաթը համոզիչ չէ: Մանուկներն իսկ գիտեն, թէ ի՛նչ է ծիսական տաղաւար Բարեկենդանը: Ոչ մէկը, առաւել եւս` ձիատէր, կրնայ հաւատալ, թէ հետիոտն մարդը աւելի արագ է, քան` արշաւող ձին: Բացի այդ` պատիժը անհամեմատ ծանր է, քան` յանցանքը, ամուսիններու ընթացիկ վէճը: Աւարտական տեսարանին մէջ պատմող մը փաղաքշական կը շոյէ չարախինդ գողը: Ամենեւի՛ն ոչ բարի: Անհամեմատ ծանր կը պատժուի նաեւ իր բախտէն դժգոհ մարդը, որուն ե՛ւ թշուառ կեանքը, ե՛ւ դաժան մահը կ՛արդարացուին իր բթամտութեամբ: Ամենեւի՛ն ոչ բարի: Ի դէպ, այդ յիշել կու տայ ձախորդ Փանոսը, որ նոյնպէս ծանր պատիժ կը ստանայ (5): Այս հաշուարկէն դուրս կը մնան սուտլիկ որսկանները, որոնք բացայայտօրէն զուարճախօս են: Թէեւ այդտեղ իսկ առկայ է սեւաթոյրը: Մանկական հիւմը՞ր է արդեօք «… անշէն գեղում… երեք պառաւ, երկուսը մեռած, մնի բերնումն էլ շունչ չկայ …»: Ժողովրդական հեքիաթները կրնան ունենալ մեղմ ըսած, մեկնաբանելի բարոյական եւ բարբառ: Կարելի է տալ բազմաթիւ ծանօթ օրինակներ (6): Չքմեղանքը այն է, թէ անոնք «զգուշացումներ» են: Հարկ է քննել եւ «խմբագրել» նման գործեր մանկական բեմ բարձրացնելէ առաջ:
Գ.- Հեղինակը.- Թումանեանը ծանօթացնելու կարիք չկայ: Թերեւս բոլորին ծանօթ չէ այն հանգամանքը, որ ան մեծ սէր ունեցած է թատրոնի հանդէպ: Մասնակցած է Թիֆլիսի թատերասերներու ներկայացումներուն: Իր պաշտած Շէյքսփիրի (հաւանաբար` Ռիչըրտ Բ.ի) ներշնչումով յօրինած է առասպելական շղթայակապ «Արտաւազդ»-ը, ուր կ՛ենթադրուի, որ Սաթենիկ թագուհին ներկայացուած է որպէս տենչանքի առարկայ, կռուածաղիկ: Թումանեան ոչնչացուցած է իր թատերգութիւնները, որովհետեւ «Շէյքսփիրի գրածների նման չէին դուրս եկել»: Պահպանուած են «Արտաւազդ Բ.»-էն պատառիկ մը եւ 2 վերնագիր` «Յովհաննէս Սմբատ» եւ «Գագիկ Բ.», Բագրատունեան փոթորկալից պատմութեան ողբերգական կերպարներ:
Դ.- Կատարողական.- Բեմայարդարումը գործնական էր եւ ներկայանալի: Նախընտրելի էր, որ խորապատկերի գորգ ու կարպետները ըլլային հայկական, եւ ոչ` հազիւ հայկականանման: Հնարամիտ եւ սիրուն էր Արեւ-լուսին պտտուող ճօճանակը: Միեւնոյն գաւազանը ե՛ւ մական էր ե՛ւ հրացան: Բարի՛: Միացեալ հագուկապը ոչ միայն գործնական էր, այլեւ` իմաստալից: Դերակատարները ոչ թէ մնայուն կերպարներ էին, այլ ակնյայտօրէն եւ ցուցադրական կերպով կը ներկայացնէին այլազան կերպարներ, բացայայտօրէն «թատրոն կը խաղային»: Միեւնոյն աղջնակներու խմբակը ներկայացուց ե՛ւ վտանգուած ոչխարի հօտ, ե՛ւ անտառ: Տպաւորիչ էին յատկապէս «Տէրն ու ծառայի» եւ «Սուտլիկ որսկանի» տեղադրումներն ու պարագրութիւնները (blocking & choreography): Կային մեկնաբանելի տարրեր: Չոր ծառը ձեռքին ունէր դատարկ դոյլ, կը սպասէր ջրտուքի: Տղեկ մը յանկարծ արհամարհական կից մը տուաւ ոսկիի պարկին` հարստութեան: Բարեկենդանը ձեռքին ունէր համրիչ մը` որպէս «դրօշ» դատարկապորտութեան, որ միայն մտքով կոյրերը կարող չեն ջոկել: Բարի՛:
Երաժշտութիւնը առնուած էր ֆրանսացի Yann Tiersen-ի զանազան ժապաւէններու խորանուագի (sound track) հատուածներէ: Տիրական էր ֆրանսական ձեռնադաշնակի զուարթ, չարաճճի պարանուագը: Այդ յարիր էր ելոյթի բնոյթին: Բարի՛: Առկայ էր նաեւ մեղմ սեւաթոյրը` առնուած «la veillee» (Սուգի հսկում, 2017) ժապաւէնէն: Թերեւս այդ ենթագիտակցաբար ակնարկ է առակ-պատմուածքներու մէջ առկայ ցաւին: Որակը անուրանալիօրէն բարձր էր: Բարի՛: Նախընտրելի էր սակայն, որ ինչպէս բեմայարդարումի, այնպէս եւ այստեղ ճիգ թափուէր, որպէսզի առկայ ըլլար հայկական աւանդը: Բացումը եղաւ «Թմկաբերդի առումը» դիւցազներգական բանաստեղծութեան չարագոյժ նախերգանքի արտա-պատկերային ասմունքով: Հարկ կա՞յ մանուկներուն ջամբելու թէ «Ամէնքս էսպէս հիւր ենք կեանքում / Մեր ծննդեան փուչ օրից»:
Ե.- Լեզուական յաւելուած.- Կրկնակիօրէն շեշտուեցաւ, որ ձեռնարկը կը միտի արեւմտահայերէնի պահպանման: Անտեղի չէ, ուրեմն, անդրադառնալ ելոյթի բեմագրութեան: Հինգ պատմութիւնները Հայաստանի «ցուրտ ու մութ» օրերուն բեմադրուած Նիկոլայ Ծատուրեանի կողմէ բեմադրուած են «Հէյ, ջան Շաշաստան» վերնագիրով: Այդ ելոյթի բեմագրութիւնը հաւանաբար այդ շրջանին Երեւան գտնուող կիլիկեցի ուսանողի մը կողմէ վերածուած են պուրճհամուտահայերէնի եւ «ծաղկեցուած»` սրախօսութիւններով: Կ՛ըսեմ կիլիկեցի, որովհետեւ առկայ է հայատառ թրքերէնը, որ շատերու լեզուամտածողութեան մէջ, ցաւօք, կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Կու տամ օրինակներ. Քարտուղար.- Տեսնենք (պախալըմ)` դուն ի՛նչ պիտի ընես… Փոքր եղբայր.- Տունը կեցիր (տուր), ծերերուն նայէ (պախ)… Տէրը «ինքզինքը կ՛ուտէ» (քենտի քենտինի իյեր)… «ո՞ր կողմ-ը գնաց… (թարաֆ-ա)… եւ Տէր.- մարդ ինչ ընէ, ինքզինքին կ՛ընէ որ թրքական առած մըն է (Ինսան նէ էտէրսէ քենտինէ էտեր):
Յաւելուած ծաղկեցումը երբեմնի սիրողական անգրագէտ թատերախումբերու զաւեշտներու աւանդի ակնյայտ ներդրումն էր.- … թագաւորութեանս կէսը տուր, թող կորսուի երթայ… Օ, ինչ երջանկութիւն, հրամմեցէ՛ք… ես անօթի պիտի մեռնիմ. տապկուած կոկորդիլոս մը բերէք… մէյ մը ձեւիդ նայէ, տխմա՛ր… Չամչցա՛ծ… անամօ՛թ… մեղա՜յ… մեղա՜յ… քա… սա Բարեկենդանն ալ … Տէ՛ր ողորմեա, ապրանքը (իմա` առարկան) իրեն շպրտեցի … Յիսուս Քրիստոս… մեղա՜յ, աս ի՞նչ էր… ա՜աահ… մի՛ նեղուիր… փորերնիս պարապ…
Առկայ են նաեւ տակաւին արեւելահայերէնի հետքեր եւ անբաւարար իւրացում.- քոյրիկ ջան … խուրջին կը վերցնէ հա՛… այդ` ուրիշ բան… որ մէկը որ պատահի: «Լինում է չի լինում» վերածուած էր տառացի «կ՛ըլլայ-չ՛ըլլար»-ի մինչդեռ մանուկները գիտեն, թէ մեր հեքիաթները կը սկսին «Կար ու չկար»-ով:
Հուսկ բանք.- Կրկնութեան գնով կը շեշտեմ, որ ելոյթը դրական ու հաճելի, նոյնիսկ ուսանելի եւ շնորհակալ իրագործում մըն է: Ցաւօք խաթարուած էր, սակայն, բնագրի ան-յարիր, ան-գրագէտ եւ ան-հիւմըր ներդրումներով: Արեւմտահայերէն լեզուի պահպանումը կարելի չէ իրականացնել յաւուր պատշաճ բանախօսութիւններով: Հարկ է նախ եւ առաջ իւրացնել այդ լեզուն եւ աւանդը: Խօսքս կ՛ուղղեմ առ որ անկ է: Լաւագոյն մաղթանքներ: Ցտեսութիւն:
30 ապրիլ 2026
- «Մանկական թատրոնը» Ա. եւ Բ. «Ազդակ», 3 եւ 4 հոկ. 2017:
- Համազգայինի մանկական մատենաշարի մէջ լոյս տեսած իբրեւ «Աւանդավէպ», թիւ 9:
- Նացի քարոզչութիւնը Կրիմ եղբայրներու հեքիաթները օգտագործած է որոշ յարմարեցումով:
- Կը կարծուի, թէ պատմութիւնը կը փորձէ բացատրել որոշ թռչունի մը (թերեւս ագռաւ) կանչը, որ իրենց լեզուով «գտնել»-ու կը նմանի:
- Բարեկենդանի ծէսերուն մէջ առկայ է չարաճճի խաղը, ուր ինչպէս տեղական Պարպարայի, Թիֆլիսի Berikaoba-ի եւ Արեւմտեան Հելոուինի ընթացքին մանուկներ դռնէ դուռ անուշեղէն կը պահանջեն: Բայց ուր առկայ չէ՛ վնասակար խաբէութիւնը: Պատմութիւնը նմանակն է Նասրետտին Խոճայի այն դրուագին, ուր ինքն ու կինը կը խաբուին: Կ՛աւարտի այս եզրակացութեամբ.- «Աֆերին մեզի, դուն ներսէն, ես դուրսէն այս տունը միասին քանդեցինք»:
- «Երկինքը փուլ կու գայ»-ի մէջ աղուէսը կ’ուտէ միամիտ հաւքը: Միամիտ կկուն իր ձագերը կը զոհէ, գայլը կ՛ուտէ ե՛ւ միամիտ Կարմիր գլխանոցը ե՛ւ անոր տատիկը: Կատուն կը գողնայ շան մորթինը եւն. եւն.:
