Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

May 13, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Յարատեւ Պայքար» Պատկերագիրքին Շնորհահանդէսը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ կայացաւ նկարիչ,  քանդակագործ, ազատամարտիկ Աշոտ Աւագեանի «Յարատեւ պայքար» պատկերագիրքին շնորհահանդէսը:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ լոյս տեսած պատկերագիրքը երկլեզու է` հայերէն եւ անգլերէն:

Շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի Ա. Իսահակեանի անուան գրադարանին մէջ, ուր ներկայ գտնուեցան` համազգայնականներ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ Աշոտ Աւագեանի արուեստը կ՛առանձնանայ իր ինքնատիպութեամբ եւ խորհրդաւորութեամբ, որ կարելի չէ համեմատել կամ շփոթել այլ գեղանկարիչներու գործերու հետ: Արտաշէս Շահբազեան շեշտեց.  «Անոր արուեստը նպատակ ունի մեզ կապելու մեր արմատներուն, յիշեցնելու, թէ ո՛վ ենք մենք եւ ո՛րն է մեր սկիզբը: Ան իր գործերով կարծես կը պատգամէ ամուր պահել արմատները»:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան իր խօսքին մէջ Աշոտ Աւագեանը բնորոշեց իբրեւ ազգային մարդու եւ ազգային արուեստագէտի համաձոյլ` շեշտելով մեր օրերուն մէջ այսպիսի մտաւորականներու անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ անդրադարձաւ պատկերագիրքի խորագիրին` շեշտելով. «Այո՛, յաւերժութեան երաշխիքը յարատեւ պայքարն է: Արարումն ու պայքարը հոմանիշներ են: Եթէ պայքար չըլլայ, ծիլը չ՛աճիր, ծառը չի ծաղկիր, արուեստի գործեր չեն ծնիր…»:

Շնորհահանդէսին խօսքեր արտասանեցին նաեւ` արուեստաբան Մովսէս Ծիրանին, քանդակագործ Գետիկ Բաղդասարեանը, փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու Յակոբ Մատոյեանը, հասարակական գործիչ Մասիս Բաղդասարեանը եւ բեմադրիչ Յովհաննէս Իշխանեանը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի խօսքով: Ան յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ անոր գործերը կ՛առանձնանան երկու բնորոշիչներով. առաջինը ժայռապատկերներու խորհուրդն է, որ պատահական չէ ընտրուած: Ժայռապատկերները մեզի կը յիշեցնեն` գնահատել մեր անցեալը, արժեւորել ներկան եւ ուղիղ քայլել դէպի ապագայ: Երկրորդը շարժումն է, որ կը տեսնենք Աշոտի գործերուն մէջ: Միայն վարպետ գեղանկարիչը կրնայ շարժումը պատկերի վերածել», շեշտեց Ռ. Առաքելեան:

Շնորհահանդէսի վերջաւորութեան ցուցադրուեցաւ բեմադրիչ Յովհաննէս Իշխանեանի  «Ալֆերաց. յաւերժ կռիւը կտաւի վրայ» ժապաւէնէն հատուած մը, որ նուիրուած է Աշոտ Աւագեանին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Մաշտոցեան Մատենադարանի «Յիշողութեան Կերպարանքները» Սեմինարին

28 ապրիլէն 1 մայիս 2026 Երեւանի Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ կայացած «Յիշողութեան կերպարանքները, ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման նորագոյն արհեստագիտութիւնները» խորագիրով սեմինարին, որուն` յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեանը:

«Յիշողութեան կերպարանքները» տարեկան սեմինարները, որոնք ի մի կը համախմբեն հայ եւ օտար մասնագէտներ, հերթաբար կը քննարկեն արդիական միջոցներով հայ ձեռագիր եւ գրաւոր ժառանգութեան պահպանութեան ու վերականգնումի հարցերը: Արդէն 15 տարուան փորձառութիւն ունեցող նախաձեռնութիւնը այս տարի եւս հանդիսաւոր նիստերով, երկու յաջորդական բաժիններով` զեկուցական ու դասախօսական եւ գործնական վարժութիւններով լսեց վերջին նորութիւնները այս մարզին մէջ: Քննարկումներու իբրեւ արդիւնք` միջազգային գործընկերութեան եւ գործակցութեան հռչակագիր առաջադրեց` գրաւոր ժառանգութեան փրկութեան ու հանրահռչակումի ծիրէն ներս գործող հաստատութեանց եւ կազմակերպութեանց:

Շահան սրբազան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կենսափորձը` իբրեւ կեդրոն հայ ձեռագրական ժառանգութեան փրկութեան եւ պահպանութեան, իր կատարած յոյժ կարեւոր առաքելութեամբ: Այս առիթով սրբազան հայրը «անվերապահ գործակցութեան» իր կոչով ներկաները հրաւիրեց փոխգործակցութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ գիտական փորձառութեանց տրամադրելիութեամբ յառաջ երթալու, ներկայ աշխարհի վտանգաւոր եւ պատերազմական մթնոլորտին մէջ, որուն ականատեսն ենք մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ:

Նշենք, որ յառաջիկային նոյն սեմինարին իբրեւ աշխատանքային շարունակութիւն` «Կիլիկիա» մատենադարանի քարտուղար Սօսի Սագայեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Վարպետութեան դասեր» ձեռագիրներու վերականգնողական ծրագիրին:

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան Ձեռարուեստի Յանձնախումբը Կազմակերպեց Ուրֆայի Տոհմիկ Օր

Հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան, 29 ապրիլ 2026-ին ՀՕՄ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբը կազմակերպեց Ուրֆայի տոհմիկ օր:

Ձեռարուեստի յանձնախումբի ատենապետուհի Լիզա Պ. Մինասեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ. «Ուրֆան կամ հայկական որեւէ գաւառ լոկ աշխարհագրական վայր մը չէ, այլ մեր ինքնութիւնը, մեր բարբառի քաղցրութիւնն է: Տոհմիկ օրեր նշելը կարեւոր է, որովհետեւ ենթագիտակցութեամբ պահ մը կը վերադառնանք մեր ակունքները, հոգեպէս կը զգանք հայրենի հողին հզօր ուժը եւ կ՛առնչուինք մեր պատմութեան զանազան դրուագներուն»:

Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ յանձնախումբի կապ Սոնա Ս. Սարաճեան մեծ ոգեւորութեամբ ներկայացուց ձեռարուեստի յանձնախումբի ջանքն ու եռանդը` Ուրֆայի ազգային տարազի մը պատրաստութեան եւ դրուատիքով խօսեցաւ տուեալ տարազին հովանաւոր քանատաբնակ Շահէ Թաշճեանի ազգասիրութեան, նուիրուածութեան եւ  իր ուրֆացի մօր` Անահիտ Թաշճեանի եւ մօրաքրոջ` Արփի Թենէքէճեանի յիշատակը յարգող անձնաւորութեան մասին:

Ուրֆայի սիրուն տարազը հագուած  յանձնախումբի անդամ Հուրի Ք. Ղազարեան ներկայացուց Ուրֆայի ասեղնագործութեան յատկանիշները:

Ժագլին Մ. Մինասեան ներկայացուց Ուրֆայի պատմական հանգրուանները, միսիոնարներու դերակատարութիւնը համիտեան ջարդերու ողբերգական օրերուն, ապա կարդաց օրուան բանախօս Ժենիկ Պարսամեանի կենսագրականը:

Ժ. Պարսամեան խօսեցաւ Ուրֆայի հերոսամարտին եւ ուրֆացիներուն մղած ինքնապաշտպանական կռիւներուն մասին, երբ քաջասիրտ Մկրտիչ Եօթնախբերեանի հրամանատարութեամբ դիմադրեցին ու պայքար մղեցին կատաղի թշնամիին դէմ: Ան իր խօսքին մէջ մերթ ընդ մերթ զուգահեռներ գծեց արցախեան ազատագրական պայքարին հետ:

Ապա ներկաները տեսահոլովակ դիտեցին բանաստեղծ Գէորգ Էմինի բառերով եւ ուրֆացի Խորէն Մէյխանաճեանի երաժշտական մշակումով «Գովք Եդեսիոյ» երգը:

Մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց Երուսաղէմէն հայրենադարձ Աբօ Սահակեանի ուրֆացիներու յատուկ «Անձրեւ կու գայ լեռները» եւ «Լեռներ հայրենի» երգերուն մեկնաբանութիւնը:

Ուրֆայի գաւառաբարբառը ցարդ շնչող  լեզու է: Ռոզիկ Ե. Քիլեճեան բաւական հաճելի եւ երգիծական կերպարով ներկայացուց ուրֆացի ընտանիքի մը առօրեայէն  կենցաղային քանի մը դրուագներ, որոնք աւելի իմաստալից դարձուցին տոհմիկ օրը:

Այնուհետեւ ուրֆացիներու խոհանոցին մասին տեղեկութիւններ տուաւ Սիլվա Գ. Խարտալեանը, եւ ներկաները ճաշակեցին ուրֆացիներու համեղ «սեմսեք»-ը: Աւարտին ներկաները իր գեղեցիկ ձայնով եւ մեկնաբանութեամբ խանդավառեց երուսաղէմաբնակ Սօսէ Ալեքսա Գրիգորեանը:

Լոյս Տեսաւ «Եղիշէ Չարենցի Գրական–Քաղաքական Աղերսները» Խորագիրով Մենագրութիւնը

Հովանաւորութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, լոյս տեսաւ «Եղիշէ Չարենցի գրական-քաղաքական աղերսները» վերնագիրով մենագրութիւնը` հեղինակութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Դաւիթ Գասպարեանի:

Գիրքին տպագրութիւնը երաշխաւորեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի Գիտական խորհուրդը:

Մենագրութիւնը նուիրուած է Ե. Չարենցի գրական-մշակութային, մարդկային, գաղափարական, կուսակցական յարաբերութիւններուն` իր ժամանակի հեղինակութիւններուն հետ: Գիրքը կը բացայայտէ նաեւ Չարենցի քաղաքացիական դիրքորոշումը եւ առանձին գործիչներու հետ անոր բազմակողմանի առնչութիւնները:

Հայոց Ցեղասպանութեան Ստեփանակերտի Յուշարձանը Ոչնչացուած Է. CHW

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան եւ «Ազգային» պատմամշակութային հասարակական կազմակերպութեան փոխնախագահ Յովիկ Աւանեսով կ՛ահազանգէ.

«Caucasus Heritage Watch-ի (CHW) փաստագրումը կ՛արձանագրէ հերթական ծանրակշիռ ապացոյցը այն քաղաքականութեան, որ նպատակաուղղուած է հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացման: Ստեփանակերտի յուշահամալիրի տարածքին գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանի ամբողջական վերացումը չի կրնար մեկնաբանուիլ իբրեւ մեկուսացուած դէպք, այլ ակնյայտօրէն կը տեղաւորուի մշակութային ժառանգութեան համակարգուած վերացման եւ պատմական յիշողութեան ջնջման` իբրեւ լայն գործընթաց:

Սպիտակ մարմարէ կառուցուած զանգակատունը, որ կը ներառէր մասունքարան` Տէր Զօրէն բերուած մարդկային աճիւններով, առանձնայատուկ խորհրդանշական նշանակութիւն ունէր: Տէր Զօրը հայկական հաւաքական յիշողութեան մէջ ո՛չ միայն աշխարհագրական տեղանուն է, այլեւ` Ցեղասպանութեան ողբերգական գագաթնակէտը մարմնաւորող խորհրդանիշ, այն վայրը, ուր հարիւր հազարաւոր հայեր ենթարկուած են զանգուածային կոտորածներու, բռնի տեղահանութեան եւ մահուան երթերու: Այդպիսի յուշարձանի ոչնչացումը կը նշանակէ ո՛չ միայն նիւթական արժէքի կորուստ, այլեւ ուղղակի հարուած` պատմական յիշողութեան, զոհերու յիշատակին եւ անոնց ժառանգներու ինքնութեան:

Airbus եւ Planet Labs ընկերութիւններու արբանեակային տուեալները յստակ կը փաստեն, որ յուշարձանը եւ յարակից ամբողջ յուշահամալիրը ոչնչացուած են 2025 թուականի յուլիս 14-էն մինչեւ 2026 թուականի ապրիլ 25-ի ժամանակահատուածին: Տուեալներու այս ժամանակագրութիւնը կը վկայէ ոչ թէ պատահական վնասի, այլ կանխամտածուած եւ հանգրուանային գործողութեան մասին, որուն նպատակը տարածքի լիակատար «մաքրումն» էր հայկական ներկայութեան որեւէ հետքէ:

Այս գործողութիւնը պէտք է դիտարկել միջազգային իրաւունքի եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան համածիրին մէջ: Մշակութային արժէքներու դիտաւորեալ ոչնչացումը կը հակասէ միջազգային շարք մը համաձայնագիրներու, որոնց շարքին` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հովանիին տակ ընդունուած փաստաթուղթերուն: Սակայն տուեալ դէպքը ցոյց կու տայ, որ այսպիսի գործողութիւնները կը շարունակուին յաճախ անպատժելիութեան պայմաններու մէջ, որ կը խթանէ անոնց կրկնութիւնը:

Աւելի՛ն. յուշարձանին ոչնչացումը կը կրէ ոչ միայն մշակութային, այլեւ յստակ քաղաքական եւ գաղափարական բնոյթ: Ան նպատակ ունի վերաձեւաւորելու տարածքի պատմական դէմքը` ջնջելով հայկական ներկայութեան վկայութիւնները եւ ստեղծելով «դատարկ» պատմական տարածք: Այս դասական օրինակ է մշակութային ցեղասպանութեան դրսեւորման, երբ կ՛ոչնչացուին ո՛չ միայն մարդիկ, այլեւ` անոնց յիշողութիւնը, մշակոյթը եւ գոյութեան նիւթական ապացոյցները:

Այսպիսով, Ստեփանակերտի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Զանգակատուն»-ի ոչնչացումը պէտք է գնահատուի ոչ թէ իբրեւ մէկ առանձին դէպք, այլ` իբրեւ շարունակական եւ համակարգուած քաղաքականութեան բաղկացուցիչ մաս, որուն նպատակն է հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան վերացումը եւ պատմական յիշողութեան խեղաթիւրումը: Այս իրողութիւնը կը պահանջէ ո՛չ միայն գիտական փաստագրում, այլեւ` միջազգային հանրութեան յստակ եւ գործնական արձագանգ»:

Տաւուշի Մարզի Կիրանց Գիւղի Սուրբ Երրորդութիւն Վերականգնուած Եկեղեցին Օծուեցաւ

Կիրանցի մէջ տեղի ունեցաւ վերականգնուած Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը, զոր կատարեց Հայկազուն արք. Նաճարեանը:

Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որ կառուցուած է 19-րդ դարու չորրորդ քառորդին, վերականգնուած է կառավարութեան որոշումով եւ յատկացուած միջոցներով:

Խորհրդային տարիներուն եկեղեցին օգտագործուած է իբրեւ պահեստանոց եւ բաւական վատ վիճակի մէջ է, առանց տանիքի: 2024-ին իրականացուած են 21 միլիոն 4 հարիւր հազար 501 դրամի վերականգնման աշխատանքներ:

Հիմնականօրէն աւարտած են մինչեւ կառոյցի քիվատակ ինկած հատուածին բացակայող հատուածներու վերականգնման, արտաքին յենապատի ու յատակներու կառուցման աշխատանքները, ներսի ծեփի, առաստաղի փայտածածկի եւ յատակներու իրականացումը:

2025 թուականին իրականացուած են 32 միլիոն 259 հազար 499 դրամի վերականգնողական աշխատանքներ եւ 2026 թուականին սկիզբը եկեղեցւոյ վերականգնումը աւարտած է: Իրականացուած են քարէ շրջանակներու, անկիւնաքարերու, քիվերու նոր տաշ ու շարի, տանիքածածկոյթի, վեցասիւն նոր ռոտոնդայի կառուցման աշխատանքներ, ներքին ներկի եւ յարդարման աշխատանքներ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Քեսապցի Տարագիր Հայերուն Սալթէն Խուճապահար Փախուստը Դէպի Յորդանան Գետի Հովիտը

Յաջորդը

Հայկական Պետականութեան Ընտրութիւնը. Անվերջ Զիջումնե՞ր Յանուն Գոյատեւման, Թէ՞ Ռազմավարական Վերականգնում

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 21, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 14, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.