Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

34-Ամեակ Շուշիի Ազատագրութեան. Շուշիի Ազատագրումը` Պատմական Սխալի Մը Սրբագրութիւնը

May 9, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուշիի ազատագրումը հայոց նորագոյն պատմութեան մեծագոյն իրադարձութիւններէն է:

Շուշիի ազատագրումով հայ ժողովուրդը յաղթական հիմը դրաւ Արցախի վերատիրացման պայքարին եւ ապահովեց Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը:

Շուշիի ազատագրումը հայութեան հաւաքական ուժին եւ ազգային միասնականութեան անպարտելիութեան խորհրդանիշը դարձաւ:

«Ազդակ» օրին Շուշիի ազատագրութեան անդրադարձած էր յատուկ կարեւորութեամբ` ներկայացնելով ռազմական գործողութիւններու ամբողջական պատկերը` կարելի բոլոր մանրամասնութիւններով: Հեռաձայնային անընդմէջ կապերով Երեւանէն, մամլոյ տեղեկատու կեդրոնէն լուրերը առնելով, օրուան պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան «պատմութեան համար» կը սպասէր մինչեւ գիշերուան ուշ ժամեր, գրեթէ մինչեւ արեւածագ, մինչեւ վերջին պահու իրադարձութիւններուն հարազատ պատկերը փոխանցելու համար ընթերցողներուն:

* * *

«Ազդակ» շաբաթ, 9 մայիս 1992-ի թիւով կը գրէր.

«Արցախի պաշտպանութեան մարտիկները յարձակման անցան քանի մը գլխաւոր ճակատի վրայ: Գլխաւոր թիրախներն էին Ստեփանակերտի արեւմտեան բլուրներուն վրայ գտնուող Ջանհաւանը եւ նոյնինքն Շուշին:

«… Ջանհաւան գրաւուեցաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին. հոն հաստատուած «Կրատ»-ի խարիսխ մը քանդուեցաւ, իսկ մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք գրաւուեցաւ:

«Զուգահեռաբար, յարձակումին երկրորդ թեւը ուղղուեցաւ Շուշի, որ արեւածագէն սկսեալ ռմբակոծուած էր: Խոջալուի գրաւումէն աւելի քան 2 ամիս ետք, հայ ազատամարտիկները Շուշիի պաշտպանողականը խորտակեցին կէսօրին եւ հիւսիսէն ու արեւելքէն յառաջանալով` յաջողեցան մասնատել ազերիական ուժերը, որոնք խուճապի մատնուեցան: Հայկական ուժերը յառաջացան դէպի քաղաքին կեդրոնական գօտին, ուր կը գտնուին շուկաները: Երեկոյեան, բոլոր աղբիւրները հաստատեցին, որ Շուշիի մեծ մասը կը գտնուի հայ ազատամարտիկներուն ձեռքը, բացի բերդէն, ուր հաստատուած է հռչակաւոր բանտը:

«…Նշենք նաեւ, որ հայ ազատամարտիկներու յառաջապահ մէկ թեւը կէսօրին իսկ հասած էր Շուշի-Լաչին ճամբուն վրայ գտնուող Լիսագոր գիւղը եւ գրաւած` անոր մօտակայ բարձունքը, որ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունի եւ կ՛իշխէ Շուշի-Լաչին գիծին վրայ»:

* * *

Երկուշաբթի, 11 մայիս 1992-ի թիւով «Ազդակ» կը գրէր.

«Արցախի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը` Շուշին, որ բռնագրաւող ազերիներու զինուորական վերջին կայանն էր եւ ամիսներէ ի վեր կը պատուհասէր Ստեփանակերտը, Քարինտակը եւ հայկական այլ օճախներ, շաբաթ արեւածագին վերջնականապէս ազատագրուեցաւ հայ ազատամարտիկներու կողմէ, մօտաւորապէս 24 ժամ տեւած ահեղ ճակատումներէ եւ քաղաքին մէջ մղուած սուինամարտերէ ետք»:

* * *

Իսկ 13 մայիս 1992-ի թիւով եւ «Ստալինեան սխալ մը սրբագրուեցաւ Արցախեան ոճով» ակնարկին մէջ կ՛ըսուէր.

«Արցախի ազատամարտիկները անցեալ շաբաթավերջին ի վերջոյ ստիպուեցան Մեծն Աղեքսանդրի ոճին դիմել, քանդելու համար Արցախի մէջ ազերիական վերջին Գորդեան Հանգոյցը եւ ազատագրեցին հայկական Շուշին:

Բուռ մը ազատամարտիկներ, տասնեակ մը նահատակներու` գիտակից մահուան գիրկը նետուող հերոսներուն արեան գնով, իրագործեցին ազերիներու կողմէ «աներեւակայելի» նկատուող բան մը: Անոնք իրենց սուիններով ու զէնքերով կատարեցին Արցախի նկատմամբ 20-ական տարիներուն գործուած ստալինեան սխալը: Այսօր, կամայականօրէն Ազրպէյ  ճանի նուէր տրուած Արցախը այլեւս ամբողջովին հայկականացած է:

«… Անգին կեանքերու գնով է, որ ազատագրուեցաւ Շուշին: Կարծէք, թէ հայուն «ճակատագրուած» է անպայման արեան տուրք վճարել, իր իրաւունքներուն հաստատման եւ պատմական սխալներու սրբագրումին համար:

«… Յարգանք` հերոս նահատակներուն, հայ մամիկներուն ու պապիկներուն օրհնութիւն` Արցախի քաջարի պաշտպաններուն, արցախցի հերոսական ժողովուրդին ու անոնց բարձրացուցած ջահին հետեւորդներուն»:

Նախորդը

Դաշնակցութեան Համար Պահանջատիրութիւնը Կեանքի Ուղի Է*

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշիի Նահատակներու Նզովքը Ո՞վ Պիտի Կարենայ Մարսել (9 Մայիս)

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.