Այսօր հաւաքուած ենք ոչ միայն յիշատակելու պատմական թուական մը կամ խոնարհելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներուն յիշատակին առջեւ, այլ նաեւ` վերակենդանացնելու ազգի մը աննկուն կամքը, կամքը այն ժողովուրդին, որ դարեր շարունակ մերժեց ստրկութիւնը, մերժեց օտարին լուծը եւ ընտրեց պայքարը` իբրեւ ապրելու ուղի:
Մայիս 28-ը դաշնակցականի մը համար սովորական օր մը չէ: Ան մեր ազգային վերածնունդին օրն է: Այն պատմական պահն է, երբ տասնամեակներու կազմակերպական աշխատանքը, ֆետայական պայքարը, գաղափարական հաւատարմութիւնը եւ նահատակներու արիւնը հասան իրենց գագաթնակէտին` պետականութիւն կերտելով: Վեց դար ետք հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութենէն, սովէն, գաղթէն եւ մահուան շուքէն դուրս եկած, աշխարհին դիմաց կանգնեցաւ գլուխը բարձր, աչքերը` դէպի ապագայ, եւ ըսաւ. «Մենք կա՛նք ու պիտի մնա՛նք»:
1918-ի մայիսին, երբ թրքական բանակը հասած էր Սարդարապատի դարպասներուն, երբ ամէն կողմէ պարտութեան եւ յուսահատութեան ձայներ կը բարձրանային, հայ ժողովուրդը չընտրեց փախուստը: Չընտրեց անձնատուութիւնը: Հայ ֆետային, գիւղացին, մտաւորականը, մայրն ու ծերունին` բոլորը միասնաբար կերտեցին այդ յաղթանակը:
Այդ անկախութիւնը միայն քաղաքական յաղթանակ մը չէր: Ան ազգային արժանապատուութեան վերածնունդն էր: Ան հայ ժողովուրդի կամքին յաղթանակն էր մահուան դէմ: Ան ՀՅԴ գաղափարախօսութեան մարմնաւորումն էր` իրականութեան մէջ:
Եւ գաղտնիք մը չէ, որ այդ պայքարի առաջնագիծին կանգնած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Դաշնակցութիւնը իր գաղափարով, իր նահատակներով, իր կազմակերպական կորովով եւ իր պայքարով կերտեց անկախ պետականութիւն: Առանց Դաշնակցութեան` կարելի չէ հասկնալ մայիս 28-ը, ինչպէս առանց հայ ժողովուրդին` կարելի չէ հասկնալ Դաշնակցութիւնը:
Այսօր մայիս 28-ը կը դիմաւորենք ծանր եւ ճակատագրական օրերու մէջ: Մեր հայրենիքը դարձեալ վտանգուած է: Մեր իսկ արիւնով ու զոհողութեամբ ազատագրուած Արցախը հայաթափուած է: Հազարաւոր հայ ընտանիքներ բռնի տեղահանուած են իրենց պապենական հողերէն: Մեր պատմական իրաւունքները հարցականի տակ դրուած են: Իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն ժողովուրդը համոզել, թէ պարտութիւնը խաղաղութիւն է, թէ զիջումը` իրատեսութիւն, թէ ազգային յիշողութիւնը` բեռ:
Այսօր Երեւանի իշխանութիւնները կը խօսին «նոր Հայաստան»-է մը, բայց այդ «նորը» կը կառուցուի ազգային արժէքներու աւերակներուն վրայ: Անոնք կը փորձեն` ջնջել մեր պահանջատիրութիւնը, նսեմացնել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պայքարը, խզել սփիւռքի եւ հայրենիքի կենսական կապը եւ հայ ժողովուրդին պարտադրել պարտուածի հոգեբանութիւն:
Բայց պատմութիւնը մեզի ուրիշ բան սորվեցուցած է:
Նայեցէ՛ք աշխարհին: Ինչպէ՛ս ընկճուած ու կամազուրկ ազգեր կը կորսուին պատմութեան մութ էջերուն մէջ: Իսկ միւս կողմէ` նոյնիսկ փոքրաթիւ, բայց կազմակերպուած ու պայքարող ազգեր կը ստիպեն գերպետութիւնները` հաշուի նստիլ իրենց հետ: Ուստի պատահական չէր, որ Մուշեղ Իշխան մեզի կտակեց իր անմահ պատգամը. «Իրաւունքը ո՛ւժ է միայն»:
Այո՛, իրաւունքը ուժ է: Իսկ ուժը կը ծնի` հաւաքական կամքէ, պայքարէ, կազմակերպութենէ եւ հաւատքէ:
Եւ մենք` իբրեւ դաշնակցականներ, այսօր այստեղ ենք` բարձրաձայնելու, որ հայ ժողովուրդը երբեք պարտուած ազգ չէ:
Ազգ մը կը պարտուի միայն այն ատեն, երբ կը մոռնայ իր նահատակները, երբ կը հրաժարի իր իրաւունքներէն, երբ կը ծախէ իր յիշողութիւնը եւ կը կորսնցնէ իր հաւաքական կամքը: Բայց մենք տակաւի՛ն ունինք այդ կամքը: Մենք տակաւի՛ն ունինք Սարդարապատի ոգին:
Իսկ արտաքին ճակատի վրայ, ինչպէս միշտ, Դաշնակցութիւնը դարձեալ մինակ է: Թուրք-ազրպէյճանական հակահայ դաշինքը օրէ օր կը սաստկանայ, կը կազմակերպուի եւ կ՛ընդարձակուի` նոր ճնշումներ բանեցնելով հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի վրայ: Այս իրականութեան դիմաց հարցը յստակ է. ի՞նչ պէտք է ընէ դաշնակցականը:
Ահա՛ այս ճգնաժամային փուլին է, որ, աւելի քան երբեք, պէտք է մեր սրտերուն մէջ վերակենդանացնենք Արամ Մանուկեանի կտակը. «Հայերով ո՛չ ոք չի հետաքրքրուիր` շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Ընդհակառակը, գոյութիւն ունի դաւադրական վերաբերմունք: Մինակ ենք եւ պէտք է ապաւինինք միա՛յն մեր սեփական ուժերուն` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»:
Այս խօսքերը այսօր ալ կը հնչեն որպէս ահազանգ եւ հրահանգ: Այսպիսի ժամանակներու դաշնակցականը իր յոյսը չի կապեր օտարին, չի սպասեր փրկիչներու, այլ կը վստահի իր ժողովուրդի կամքին, իր կազմակերպական ուժին եւ իր գաղափարական աննկուն հաւատքին: Այսպիսի պահերուն է, որ պէտք է աւելի ամուր կառչինք Քրիստափորի խիզախ ոգիին ու ստեղծագործ մտքին, Ռոստոմի երկաթեայ կամքին ու քաղաքական ճկունութեան, եւ Զաւարեանի մտաւորական խորութեան ու համեստ ծառայասիրութեան:
Այսօր ժամանակն է, որ դաշնակցականը վերանորոգէ իր անցեալի ուխտը, վերագտնէ իր պայքարի ոգին եւ արտաքին ճակատի վրայ իր մարտը մղէ նոր միջոցներով, նոր լեզուով եւ նոր զէնքերով` քաղաքական, դիւանագիտական, տեղեկատուական ու կազմակերպական: Որովհետեւ ազգերու պայքարը միայն ռազմադաշտին վրայ չի վճռուիր, այլ նաեւ` գաղափարի, կամքի եւ ազգային դիմադրութեան ճակատներուն վրայ:
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը մեզի մէկ մեծ դաս տուած է` ո՛չ ոք մեզ պիտի փրկէ, եթէ մենք մեր ուժերով տէր չկանգնինք մեր իրաւունքներուն: Ո՛չ մէկ մեծ պետութիւն, ո՛չ մէկ միջազգային կազմակերպութիւն, ո՛չ մէկ կեղծ խաղաղութեան խոստում: Մեր ուժը միշտ եղած է մեր կազմակերպուածութեան մէջ, մեր հաւատքին մէջ, մեր ազգային միասնականութեան մէջ:
Այսօր այլ ամպիոններէ կը քարոզեն, որ ազգային ուժերը անցեալի մնացորդներ են: Բայց հայ ժողովուրդը մէկ մարմին է: Լիբանանահայը, Արցախի տեղահանուած հայը, Երեւանի երիտասարդը, Սիւնիքի սահմանապահը` բոլորս նոյն պայքարի մասնակիցներն ենք:
Եւ այդ պայքարը միայն հողի պայքար չէ: Ան ինքնութեան պայքար է: Ան պատմութեան պայքար է: Ան ապագայի պայքար է:
Մենք չենք կրնար մեր զաւակներուն ձգել պարտուած հայրենիք մը, վախկոտ քաղաքականութիւն մը եւ խեղճացած ժողովուրդ մը: Մենք պարտաւոր ենք վերակառուցել ազգային վստահութիւնը: Վերածնիլ պայքարի ոգին: Դաստիարակել նոր սերունդ մը, որ պիտի հաւատայ ոչ թէ պարտութեան անխուսափելիութեան, այլ` յաղթանակի անհրաժեշտութեան:
Մայիս 28-ը մեզի կը յիշեցնէ, որ նոյնիսկ ամէնէն մութ պահուն հայ ժողովուրդը կրնայ յաղթել, եթէ կազմակերպուած է, եթէ ունի հաւատք եւ առաջնորդութիւն:
Դաշնակցութիւնը ծնած է պայքարի մէջ եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ այնքան ատեն, որքան հայ ժողովուրդին իրաւունքները ամբողջովին չեն վերականգնած: Մենք ժամանակաւոր դժուարութիւններով չենք կոտրուիր:
Այսօր, աւելի քան երբեք, Դաշնակցութեան առաքելութիւնը կենսական է:
Երբ ոմանք կը քարոզեն մոռացութիւն, մենք կը քարոզենք յիշողութիւն: Երբ ոմանք կը քարոզեն յանձնուողականութիւն, մենք կը քարոզենք պայքար: Երբ ոմանք կը փորձեն խամրեցնել մայիս 28-ի խորհուրդը, մենք կը վերահաստատենք, որ այդ օրը ո՛չ միայն անցեալ է, այլ նաեւ` ապագայ:
Արդարեւ, մայիս 28-ը մեզի համար միայն յիշատակ չէ: Ան ուխտ է: Ուխտ` շարունակելու պայքարը: Ուխտ` պաշտպանելու հայրենիքը: Ուխտ` վերականգնելու ազգային արժանապատուութիւնը: Ուխտ` կերտելու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:
Բի՜ւր յարգանք` մեր նահատակներու կտակին, յարգանք` մեր պայքարող հայ ժողովուրդին:
* Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած յարգանքի տուրքի հաւաքին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ արտասանուած խօսք:



