Հասարակութիւններու փափաքները, գիտակցաբար կամ ոչ, կը գոյանան կեանքի առարկայական եւ ենթակայական պայմաններէն` համաձայն ընկերային զանազան հոսանքներու հաւաքական խիղճին, կեանքի նիւթական կարիքներուն եւ կարեւոր չափով ալ իւրաքանչիւր հոսանքի ի գործ դրած քարոզչական աշխատանքի որակական ու քանակական ներդրումներուն: Հաւաքական կամքի կերտիչը կը հանդիսանան` յաճախ մշակոյթով արտայայտուող գաղափարները, տիպարները, գործողութիւններն ու կացութիւնները, հասարակութիւնը յատկանշող արժեհամակարգի հիմնական տարրերը:
Անցեալ տարուան վերջաւորութեան Յունաստանի շարժապատկերի սրահները ողողուեցան ցուցադրութեամբ երկար ատենէ պատրաստուող ժապաւէնի մը, որ կը կրէր «Քաբոտիստրիաս» անունը: Իոաննիս Քաբոտիստրիաս անունը 18-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 19-րդ դարու առաջին երեսնամեակի ժամանակաշրջանին ապրած յունական սփիւռքի անդամներէն մէկն էր, որուն վիճակուեցաւ դառնալ նաեւ ի՛ր ճիգերով անկախ պետութիւն դարձած Յունաստանի առաջին կառավարիչը, այդ պաշտօնին հրաւիրուած ըլլալով Ազգային 3-րդ համաժողովին կողմէ` զինք օժտելով լայն լիազօրութիւններով:
Կառավարիչը պատահական մէկը չէր: Ան եւրոպական քաղաքական բեմին վրայ նշանաւոր ու յաջող դիւանագէտներէն մէկն էր: Ատենին եղած էր Յունաստանի արեւմտեան կղզիներու եօթնեակի կազմակերպիչը, երբ անոնք ազատագրուած էին Վենետիկի տիրապետութենէն: Յետոյ մխրճուած էր ատենուան մեծ քաղաքականութեան քուլիսներու մէջ: Վիեննայի համաժողովի ընթացքին կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ. այդ ժողովին կը մասնակցէր Ռուսական կայսրութեան ղեկավարին` Ալեքսանտր կայսեր իբրեւ ներկայացուցիչ` ամիսներ տեւող միջազգային հանդիպման ներկայանալով իբրեւ եւրոպական քաղաքականութեան ուժեղ անհատականութիւն` Մեթերնիխի գլխաւոր մրցակիցը: Ժողովի աւարտէն ետք Քաբոտիսդտրիաս անցաւ քաղաքացիական բախումներու թատերաբեմ հանդիսացող Զուիցերիա` դառնալով անոր խաղաղեցման հիմնական դերակատարներէն մէկը եւ Համադաշնակցութիւնը օժտելով նոր սահմանադրութեամբ: Ատեն մը ստանձնեց Ռուսական կայսրութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը: Ինք սկիզբէն զգուշացուցած էր զինք չափազանց գնահատող կայսրը` նշելով, որ իր պաշտօնէն պիտի հրաժարի, եթէ իր հայրենիքը` Յունաստանը պէտք ունենայ իրեն: Երբ Յունաստանէն հրաւէրը եկաւ, ան առանց տատամսելու` ստանձնեց այդ պարտականութիւնը: Ինք պայման դրաւ առանց վարձատրութեան աշխատելու: Ընդհակառակը, ան ի սպաս երկրին տրամադրեց իր ընտանիքի ոչ արհամարհելի հարստութիւնը: Իր նպատակը նորանկախ երկիրը արագ քայլերով արդիական երկրի մը վերածելու ներքին գրաւին իրականացումն էր: Առաջին գործը պիտի ըլլար դպրոցական ընդարձակ ցանցի մը կազմակերպումը եւ պետական կարեւոր կառոյցներու հիմնումը, ինչ որ կը կարօտէր շօշափելի պիւտճէի: Չվարանեցաւ դիմելու իր զուիցերիացի բարեկամներուն: Այս գործունէութիւնը կը գոհացնէր հասարակութիւնը, սակայն նոյն պատճառով ազատագրական պայքարը վարած կարեւոր հատուած մը դժգոհ մնաց կառավարիչի ժողովրդականութեան վերելքէն: Քաբոտիստրիասի դէմ դժգոհութիւնը հետզհետէ բարձրացաւ, եւ ան ահաբեկուեցաւ դժգոհ ընտանիքի մը անդամներէն Նաֆբլիոն մայրաքաղաքի մայր եկեղեցիի դրան առջեւ: Յատկանշական էին գործող երեք կուսակցութիւններու անունները: Անոնք կը կրէին ֆրանսական, անգլիական եւ ռուսական կուսակցութիւն անունները. պէտք է խոստովանիլ, որ ասոնք բաւական անկեղծ անուններ են. մեր օրերուն, համեմատաբար տկար պետութիւններու մէջ վերոյիշեալ նոյն ուժերուն ծառայող քաղաքական հոսանքներ կը կրեն աւելի նկարչագեղ անուններ: Ոճրային յանցանքի նետուած սլաքները կ՛ուղղուէին դէպի անգլիական դեսպանատուն:
Ժապաւէնի բեմադրիչն էր Եաննիս Զմարաղտիս, որ անցեալին արդէն քանի մը ժապաւէններու հեղինակն էր. Քազանծաքիս, Քաւաֆիս, Էլ Կրէքօ եւ այլն: Մէկ խօսքով` հին նշանաւոր դէմքերու կենսագրութիւններ: Նոյն բեմադրիչը կը պատրաստուի բեմադրել Յունաստանի ազատագրական մարտի առասպելական առաջնորդ Թէոտորոս Քոլոքոթրոնիսի կեանքն ու գործը ներկայացնող ժապաւէն մը:
«Քաբոտիստրիաս»-ը մէկ ամսուան ընթացքին դիտեցին աւելի քան եօթը հարիւր հազար հանդիսատեսներ, ինչ որ Յունաստանի տուեալներով բացառիկ երեւոյթ էր: Կը կարծուի, թէ ժապաւէնը որոշ չափով բարձրացուց յոյներու ազգային գիտակցութիւնը, որ բաւական տուժած էր համաշխարհայնացման եւ յատկապէս եւրոպականացման մշակութային մամլիչներու ճնշումին պատճառով:
Երեւոյթը կը խոստանայ կրկնուիլ այս անգամ Ֆրանսայի մէջ ա՛լ աւելի մեծ արձագանգով: Օրեր առաջ Քանի փառատօնի ծիրէն ներս, բայց` մրցանքին զուգահեռ, ներկայացուեցաւ Անթոնեն Պոտրիի «Տը Կոլի կռիւը» ժապաւէնի առաջին բաժինը, որ արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն: Տը Կոլը կը մարմնաւորէ Սիմոն Աբգարեան, որ ակնբախօրէն յուզուեցաւ իր մեկնաբանութեան համար արտայայտուած երկար ծափողջոյններէն: Նիւթը Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տը Կոլի գրաւուած Ֆրանսայի ազատագրութեան համար տարած անյուսալի պայքարն էր, որ ի վերջոյ պսակուեցաւ յաղթանակով, ի միջի այլոց ու մանաւանդ` շնորհիւ անոր ուժեղ անհատականութեան:
Կարելի է մտածել, որ քաղաքական Արեւմուտքը ծարաւը ունի այլեւս քաղաքական ուժեղ նկարագիրներու, որոնք երկար ատենէ ի վեր անհետացած են հրապարակէն. կը վխտան միջակութիւններն ու տժգոյն դէմքերը: Արդարեւ, ո՞ւր մնացին` Ֆրանսուա Միթըրանը, Ժորժ Փոմփիտուն, Պրունօ Քրայսքին ու Օլոֆ Փալմէն, Վիլլի Պրանտն ու Հելմութ Շմիթը, Հելմութ Քոհլն ու Անկելա Մերքելը: Ասոնցմէ շատեր միաժամանակ միջազգային քաղաքական բեմին վրայ էին` յարգանք պարտադրելով նոյնիսկ իրենց երկիրներու սահմաններէն անդին: Այսօր նայուածքդ դէպի ո՛ր կողմն ալ ուղղես, վկան կ՛ըլլաս նոյն տափակութեան, անկարողութեան ու կը հանդիպիս տագնապալի դէմքերու, որոնք չեն ցոլացներ մարդկութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն դէմ ծառանալու ունակութիւն եւ կամք: Աշխարհը խեղճացած կը ներկայանայ` առանց տեսլականի, հեռանկարի, համակերպած ընդունելու այն աղէտները, որոնք մարդկութիւնը տարերային ձեւով կ՛առաջնորդեն դէպի անդունդ:
Հետեւաբար մեր օրերուն զարմանալի չէ, որ ատենէ մը ի վեր լուսանցքային պետութիւններու, անոնց մէջ պէտք է դժբախտաբար ի նկատի ունենալ նաեւ մեր հայրենի պետութիւնը, որ յամառօրէն կը ղեկավարուի ոչնչութիւններու կողմէ, որոնք յաւակնութիւնը ունին երկիրը յաւերժօրէն պահելու վայրէջքի ընթացքի մէջ` հասարակութիւնը նետելով միջազգային դրամագլուխի երախը աննախընթացօրէն բարձրացնելով յատկապէս արտաքին պարտքը ու աջուձախ կը սփռեն հայրենիքի կտորները: Մեր հայրենիքը աւելի կարող խնամակալներու արժանի է. այդ կարողականութիւնը ունի՛ ան իր ծոցին մէջ: Միջազգային միջակութիւնը վարակած է նաեւ Հայաստանը: Փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է եւ անյետաձգելի: Այլապէս վերջաւորութիւնը անզէն աչքով արդէն տեսանելի է:
Քաբոտիստրիասի եւ տը Կոլի մասին ժապաւէնները յոյսի ճամբան կը բանան նաեւ բազմաթիւ օրինակելի մարդոց մասին գեղարուեստական շարժապատկերային ներկայացումներու պատրաստութեան: Պէտք է ըսել, որ գեղարուեստը, յատկապէս` ժողովրդայինը, քարոզչական ուժեղ զէնք է. իսկ ժողովրդային հերոսներու տիպարները այլազան են ու դաստիարակիչ. անոնք ի վիճակի են չէզոքացնելու համաշխարհայնացման պատճառած մշակութային միօրինակութիւնը, որ զգալի կերպով արժեզրկեց հին քաղաքակրթութիւններէն մնացած արժեհամակարգերու տակաւին պիտանի բազմաթիւ տարրերը, որոնք կը կազմեն մարդկային կեանքի աղն ու պղպեղը:
Աթէնք, 29 մայիս 2026



