Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գլխաւոր Խայտառակութիւնը՝ Մոռացութեան Մատնուած

June 3, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Հայաստանի ընտրապայքարը շուտով կը հասնի իր աւարտին: Բաւական խօսուեցաւ անոր որակի պակասին, իշխանութեան հիմնական հերոսի արտառոց վարուելակերպին մասին, որուն դէմ ժամանակին իր ուղղութեամբ պարզուած դեղին քարտը դիւրութեամբ եւ բացարձակ իրաւունքով կարելի էր ներկել կարմիրով, եւ խաղէն դուրս շպրտել բարձրաստիճան օրինազանցը, որ բազմիցս ոտնակոխ ըրած էր ամէն տեսակի օրէնքները, թէ՛ սահմանադրական, թէ՛ քրէական-իրաւական, թէ՛ մանաւանդ բարոյակա՛ն օրէնքները, եւ այս՝ իր աւելի քան ութամեայ զաւեշտաողբերգական ամբողջ պաշտօնավարութեան ընթացքին: Այդ գործունէութեան համար կարելի պիտի ըլլայ հատորներ հրապարակել իբրեւ դասագիրք քաղաքական գիտութիւններու դասընթացքներու, կիրարկելով ժխտական մանկավարժութեան մեթոտ մը, որով ուսանողները կը սորվին չընել ամէն ինչ, ինչ որ մեր հերոսը ըրած է ութամեակի տեւողութեան. ի հարկէ, նաեւ՝ ատկէ առաջ (մարտ 1 եւ այլն), յուսալով, որ շուտով կը վերջանայ հայութեան ներկայ մղձաւանջը: Առանց այդ վերջաւորութեան կասկածէ վեր է,  որ վատ երազը անխուսափելիօրէն պիտի առաջնորդէ հայկական տեսակի շարունակական տկարացման, չըսելու համար՝ անոր արագ անէացման հայրենի հողին վրայ:

Պէտք է լրջօրէն մատնանշել, որ նախընտրական պայքարի ընթացքին բաւարար չխօսուեցաւ իշխանութիւններու այն կոպիտ, ակնյայտօրէն կամաւոր ձգձգումներուն մասին, որոնք արգելք հանդիսացան 44-օրեայ պատերազմի Ազգային ժողովի համապատասխան յանձնաժողովին կողմէ ներկայացուած փաստաթուղթի լայն ու խորքային քննարկման, որ պիտի ճշդէր պարտութեան պատճառները, պատասխանատոււներու ինքնութիւնը, եւ պիտի պահանջուէր գէթ գլխաւոր պատասխանատուներու հաշուետուութիւնը: Դատելով իր ատենին բարձրաստիճան փոքրաթիւ զինուորականներու կողմէ կատարուած հրապարակային յայտարարութիւններէն ռազմական գործողութիւններու մասին, այդ պատասխանատուութիւնը ոմանց պարագային կրնար առաջնորդել մինչեւ պարտութեան մէջ կամաւոր մեղսակցութիւն. մանաւանդ որ մեր գերագոյն հերոսը նոյնիսկ Սարտարապատը ոգեկոչելով չվարանեցաւ մեզի երաշխաւորելու, թէ պարտութեան պարագային իսկ մենք յաղթական կրնանք զգալ:

Յամենայն դէպս բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ ինք պատերազմի աւարտէն եւ մինչեւ այսօր յաղթական կը զգայ: Այդ պատճառով ալ զարմանալի է, որ Ազգային ժողովի պաշտօնավարութեան երկար ժամանակի ընթացքին տեղի ունեցաւ յանձնաժողովային աշխատանքը, իսկ արդիւնքը գաղտնի կը պահուի նոյնիսկ յանձնաժողովի կարգ մը անդամներէն, որոնք անբաղձալի են մեր գլխաւոր հերոսին եւ իր շրջապատին: Կը կարծեմ, որ տարրական հոտառութիւն ունեցող ոեւէ պարկեշտ հանրային դատախազ ու դատաւոր վստահութեան մօտեցող հաւանականութեամբ պիտի մատնանշէր պարտութեան տեսքով ներկայացած մեր մեծ յաղթանակին հայ մէկ ու միակ շահառուին ինքնութիւնը եւ իր կողքին՝ բնականաբար Իլհամ Ալիեւէն մինչեւ Զիա Կէօքալփ երկար շքախումբը: Պարկեշտ ու կարող դատախազի եւ դատաւորի բացակայութեան կարելի է հայութեան ապրած ներկայ աղէտը առաջնորդած պատասխանատուներուն առայժմ ու առնուազն զլանալ իրենց պաշտօնի տեւողութեան վերանորոգումը, որպէսզի չնոյնանան դահիճն ու դատաւորը: Այլապէս միջազգային բեմին վրայ, կամայ թէ ակամայ, պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ազգովին ծաղրի առարկայ կը դառնանք:

Յաջորդ կիրակի օրուան ընտրութիւնները վերջին առիթն են առանց նուազագոյն  խղճի խայթի բարձրացնելու կարմիր քարտը:

Աթէնք, 3 յունիս 2026

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրեց Արաբական Բաց Համալսարանին Հետ

Յաջորդը

Նկարչութեան Առաւելութիւնները Հոգեկան Առողջութեան Համար

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.