Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարեհ Խրախունիի «100 Բանաստեղծութիւն» Խորագիրով Ժողովածուի Շնորհահանդէս

June 3, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք»  գիտական ուսումնական կեդրոնի միացեալ նախաձեռնութեամբ, մայիս 25-ին կայացաւ Զարեհ Խրախունիի «100 բանաստեղծութիւն»  խորագրով ժողովածուին շնորհահանդէսը:

Գիրքը լոյս տեսաւ պոլսահայ անուանի բանաստեղծին ծննդեան 100-ամեակին առիթով եւ ընդգրկեց անոր տարբեր տարիներու լոյս տեսած ժողովածուներէն ընտրուած հարիւր բանաստեղծութիւն: Ժողովածուն կազմեց բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեանը:

Շնորհահանդէսին առիթով Հայաստան եկան Զարեհ Խրախունիի դուստրը եւ ամուսինը` Նորա եւ Ալեն Համբարձումեանները, ինչպէս նաեւ որդին` Հարօ Ճիւմպիւշեանը եւ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի փոխխմբագիր Նայրա Մկրտչեան-Սիւզմէնը:

Ձեռնարկը վարեց «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Քնարիկ Աբրահամեանը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Լիլիթ Մկրտչեան: Ան ներկաները ողջունելէ ետք նշեց, որ համալսարանի մշակութային-գրական կեանքին մէջ նշանաւոր օր մըն է, որովհետեւ պատիւ ունին համալսարանի յարկին տակ հիւրընկալելու Խրախունի ընտանիքը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ կարեւոր նկատեց Համազգայինի հետ սերտ համագործակցութիւնը, որ ծնունդ տուած է շարք մը գիրքերու եւ ձեռնարկներու, որոնք ցարդ կը շարունակուին:

Փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեան իր խօսքին մէջ արժեւորեց գրողին անցած ուղին` նշելով. «Շա՜տ ու շատ բանաստեղծներ կ՛երազէին Զարեհ Խրախունիի պէս ճամբայ կտրել: Առիթով մը ան ըսաւ, որ մարդու կենսագրութիւնը իր անցեալն է: Միայն փոքր եւ մեծ յաւելումներ կրնան ըլլալ, որովհետեւ մարդը կը շարունակէ ապրիլ: Այսօր ես կ՛ըսեմ` Խրախունի իր ժողովածուներով կը շարունակէ ո՛չ միայն ապրիլ մեր մէջ, այլ միաժամանակ` մեզ յաջորդող սերունդին ուղղութիւն տալով: Ամբողջ իմացական կեանքի ընթացքին Խրախունի բանաստեղծական ապրումը կու տար երկունքի խորհուրդով…»:

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Խրախունի  իր ստեղծագործութիւններով նոր էջ բացաւ հայ գրականութեան պատմութեան մէջ: Անոր իւրաքանչիւր գործը  մեզի կը պատմէ ո՛չ միայն գրողին անցած ճանապարհին մասին, այլեւ կը տանի մեր ազգային ճակատագրի հետքերով: «Լեռը»  բանաստեղծութեան մէջ Խրախունի ինքնութեան արժէք կը փոխանցէ եւ կը  յուշէ, որ լեռը մեր ինքնութեան խորհրդանիշն է եւ ան աւելի բարձր է, քան մենք, իսկ մենք մնայուն պէտք է բարձրանանք եւ հասնինք անոր գագաթին…»:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, արտասանելով Կեդրոնական վարչութեան շնորհաւորութեան եւ ողջոյնի խօսքը` կարեւորութեամբ շեշտեց. «Մեր գրական աշխարհին համար Խրախունի կարելի է համարել երեւոյթ: Առհասարակ պետութիւնները անմահութեան երթի մէջ գտնուող իրենց գրողներուն ստեղծագործութիւնները պարբերաբար կը տպագրեն, որովհետեւ հասարակութիւնը  անընդհատ պէտք է սնուցանել սեփական  արժէքներով: Նկատեցի, որ Խրախունիի գործերը հայրենիքի մէջ հրատարակուած են 2010 թուականին:  Եւ այսօր` 16 տարի ետք, Համազգայինը անոր խօսքը` նոր հատընտիրի տեսքով, կը նուիրէ ընթերցողին»:

Շնորհահանդէսի ընթացքին խօսք արտասանեցին նաեւ` գրողի ընկեր, հասարակական գործիչ  Կարօ Աբրահամեանը, Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի ղեկավար Աշոտ Գալստեանը, Պոլսոյ «Մարմարա»  օրաթերթի փոխխմբագիր Նայրա Մկրտչեան-Սիւզմէնը, ինչպէս նաեւ` դերասան Արամ Կոստանեանը, որ կարդաց պատառիկներ Խրախունիի ստեղծագործութիւններէն:

Բանաստեղծին դուստրը` Նորա Համբարձումեան, ընտանիքին անունով շնորհակալական խօսք արտասանեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ յայտնեց, որ շատ յուզուած է հայրենիքի մէջ այսպիսի անկեղծ եւ ջերմ շնորհահանդէսով` Խրախունի արժեւորելնուն համար:

Շնորհահանդէսի աւարտին բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Աելիտա Դոլուխանեան նշեց, որ հայագէտ Ժան Փիեր Մահեն բարձրօրէն գնահատած է Խրախունին` Հայաստանի նուիրուած իր հրաշալի գիրքին մէջ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Պարոյր Սեւակի նման մեծերու կողքին դասելով զինք:

 

Նախորդը

Պետիկ Ինճէեանի Նահատակութեան 50-Ամեակի Նշում Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Ընկերական Զրոյց. Առողջ Քննադատութիւնը Հիմք` Կազմակերպութեան Յառաջընթացի Ու Յաջողութեան

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 4, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 28, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.