Կրօնէն Ետք Ի՛նչ Գոյութիւն
ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ 1./ Անդունդի եզրին` իմաստի փնտռտուքը. Ինչո՞ւ մեր հասարակութիւնը վերադարձի կարիք ունի Ժամանակակից աշխարհը կը թեւակոխէ աննախադէպ փոխակերպում մը, ուր հոգեւոր հիմքերը կը սասանին, իսկ անոնց տեղը կը յայտնուի անորոշութիւն մը: Ֆրանսացի նշանաւոր ընկերաբան եւ մարդաբան Էմանուէլ Թոտ (Emmanuel Todd) իր ուսումնասիրութիւններով կը փորձէ բացատրել, թէ ինչպէ՛ս կրօնի նահանջը ոչ թէ կը հասցնէ մեզ «լուսաւորեալ» բանականութեան, այլ կը ստեղծէ...




















