Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեցերորդ Զգայարանը Գիտութեան Ընկալմամբ` Բնազանցութենէն Մինչեւ Գոյատեւման Բնազդ

June 16, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐԷՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

Ինչպէ՞ս կարելի է կողմնորոշուիլ, որ տուեալ անձը իսկապէս օժտուած է վեցերորդ զգայարանով:

Պարզ ընկալմամբ, եթէ նկատենք, ապա կը տեսնենք, որ այդ անձը անընդհատ կը գուշակէ որեւէ բան, եւ այդ գուշակութիւններուն մեծ տոկոսը կ՛իրականանայ:

Ուստի, ամէնէն միամիտ բացատրութեամբ, ան գուշակելու հետ կապուած է, կ՛ըսուի:

Ուրիշ կարգ մը զգացումներ եւս կը վերագրուին վեցերորդ զգայարանի, օրինակ` անձ մը կը զգայ, թէ աչք մը զինք կը հետապնդէ, եւ հետագային կը պարզուի նման բանի մը իսկութիւնը: Կարելի է թուարկել այսպիսի բազմաթիւ օրինակներ, որոնք վեցերորդ զգայարանի անուան տակ կը տեղադրուին:

Բայց պէտք է յստակացնել, որ իւրաքանչիւր գուշակութիւն վեցերորդ զգայարան չէ: Պէտք է զանազանել զուգադիպութեան եւ գուշակութեան միջեւ:

Ընդհանրապէս վեցերորդ զգայարանը յառաջացած է սկզբնական մարդուն մօտ` ազատուելու, ապրելու, գոյատեւելու համար մաքառելէ:

Սակայն գիտնալու համար, թէ վեցերորդ զգայարանը ի՞նչ է, կամ իսկապէս գոյութիւն ունի՞, թէ՞ ոչ, ապա պէտք է իրեն յատուկ բացատրութիւնը տրուի, եւ նշուի, թէ ան ինչո՞վ կը տարբերի ուրիշ զգայարաններէ:

Ամէն մարդ ունի վեցերորդ զգայարան, բայց տոկոսները կը տարբերին: Ան կախարդութիւն չէ, այլ ուղեղի կարողութիւններէն մէկն է:

Նախնական մարդը, առեղծուածային երեւոյթներու նկատմամբ բացատրութիւն չունենալով, զայն կախարդութիւն սեպած է, որովհետեւ ան ո՛չ աչքի վրայ հիմնուած է, ո՛չ ալ ականջի, այսինքն չէին գիտեր, թէ ուրկէ՛ կու գար այդ զգայարանը:

Խորքին մէջ ան ուղեղէն եկած զգացում մըն է, եւ աւելի՛ն, տեղեկութիւններու կուտակման արդիւնք է, որքան աւելի տեղեկութիւններ եւ գիտելիքներ ամբարած ըլլաս, այնքան աւելի զօրաւոր կ՛ըլլան կարողութիւններդ:

Իսկ ինչո՞ւ որոշ մարդիկ օժտուած են այս սուր կարողութեամբ, եւ միւսները զուրկ են անկէ:

Այս մէկը ընկալելու համար անհրաժեշտ է խորանալ մարդկութեան եղափոխութեան պատմութեան մէջ:

Իր գիտական էութեամբ վեցերորդ զգայարանը եթէ բնութագրենք, ապա կը տեսնենք, որ ան գոյատեւման բնազդի համակարգի բնական զարգացումն ու եղափոխութիւնն է, որ պատմականօրէն յայտնի է իբրեւ գոյատեւման հմտութիւններ` սուր ուշադրութիւն եւ մնայուն զգօնութիւն:

Եթէ փորձենք հետեւիլ այս եղափոխութեան ուղիին, ապա կը տեսնենք, որ ան ծնունդ առած է ծայրայեղ վտանգաւոր նախնադարեան միջավայրին պատճառով, որ մարդուն մօտ յառաջացուցած է ինքնապաշտպանութեան յաւերժական եւ յոյժ կարեւոր անհրաժեշտութիւն:

Ժամանակի ընթացքին, փորձի կուտակման զուգահեռ, այս զգօնութիւնը վերածուած է ենթագիտակցութեան մէջ կրկնուող իրադարձութիւններու օրինաչափութիւնները պահպանելու համակարգի, որ յանգած է վտանգը կանխատեսելու եւ կանխելու կարողութեան, զոր այսօր կ՛անուանենք վեցերորդ զգայարան:

Հիմքը գագաթնային բլթակն է, որ մարդու ուղեղին մէջ կը գրաւէ ռազմավարական դիրք` ճակատային, ծոծրակային եւ քունքային բլթակներու մէջտեղը` հանդէս գալով որպէս տեղեկատուութեան կազմակերպիչ: Այստեղ ան կը ստանայ ազդակներ բոլոր զգայական ընկալիչներէ` անոնք վերադասաւորելու եւ ձեւակերպելու համար:

Այսպիսով, գագաթնային բլթակը կը կատարէ կենսական նշանակութիւն ունեցող գործառոյթ մը, որ գիտութեան մէջ կը կոչուի բազմազգայական համալրում: Ասիկա այն վայրն է, ուր աչքերէն, ականջներէն եւ քիթէն ստացուած ազդանշանները միաձուլուելով եւ հաւաքուելով` մէկ եւ միասնական հասկնալի պատկեր կը յառաջացնեն եւ այնուհետեւ կը համագործակցին ուղեղի միւս կեդրոններուն հետ:

Ուղեղին մէջ տուեալներու մշակումը կ՛ընթանայ երկու հիմնական եւ զիրար ամբողջացնող ուղիներով:

Առաջին ուղին գիտակցուած մշակումն է: Այս համակարգը հիմնուած է տուեալներու քայլ առ քայլ վերլուծութեան վրայ` յենելով տրամաբանութեան, թուային փաստերու եւ ակնյայտ պատճառներու վրայ: Արդիւնքը մարդուն կը ներկայանայ իբրեւ ամբողջովին հիմնաւորուած բանական որոշում: Օրինակ` այսօր հովը զօրաւոր է, եւ մարդը մորթին վրայ կը զգայ, թէ խոնաւութիւնը բարձր է, այս կը նշանակէ, որ հովը ծովային է, ուրեմն պիտի անձրեւէ, նոյնիսկ եթէ ամպ չկայ: Այս երեւոյթը թերեւս ան 10-20 անգամ ապրած եւ զգացած է, ուստի գիտէ, որ արդիւնքը եղած է անձրեւ:

Ուստի, այս մէկը մարդուն ենթագիտակցութեան մէջ կը հաստատուի: Այսինքն ինք չի գիտեր, թէ ինք ինչո՛ւ այսպէս կը զգայ, ուղղակի կը զգայ, որովհետեւ ուղեղին մէջ առատօրէն ամբարուած են տեղեկութիւնները, որոնք կը յուշեն, թէ ես այս զգացումները ասկէ առաջ ապրած եմ, եւ եթէ այս 2-3 երեւոյթները միասին գան, ետքը անձրեւ կը տեղայ:

Մարդը առանց մտածելու, առանց իսկ իմանալու պատճառը, որ հովը ծովային է, եւ արդիւնքը անձրեւ է, կ՛ըսէ. «Ես այս զգացումները կ՛ունենամ եւ չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ կը զգամ: Օրինակ` թացութիւնը կը զգամ մաշկիս վրայ, բայց չեմ գիտեր` խոնաւութի՞ւնը բարձր է եւ այդ պատճառով թացութիւն կը զգա՞մ: Հովը կը զգամ, բայց ինչո՛ւ, որովհետեւ հովը զօրաւո՞ր է: Այս բոլորին գիտական պատճառները ընդհանրապէս չեմ գիտեր, բայց գիտեմ, որ ասոնք երբ զգամ,  անձրեւ պիտի գայ: Ինչո՞ւ գիտեմ` քանի որ նոյն զգացումները քանիցս ապրած եմ եւ գիտեմ, որ անոնցմէ ետք անձրեւ կու գայ»:

Երկրորդ ուղին ենթագիտակցական մշակումն է, որ ուղղակի վեցերորդ զգայարանի իրական կորիզն է: Այս համակարգը ուղեղը կը կատարէ յիշողութեան մէջ նախապէս տպաւորուած օրինաչափութիւններու ակնթարթային եւ կայծակնային ընթերցումով, կապ կը հաստատէ ներկայ եւ անցեալ իրադարձութիւններու միջեւ` առանց տրամաբանական կամ գիտակցուած պատճառի եւ հետեւանքի կապերուն հետեւելու: Այս գործընթացը մարդուն կը յայտնուի յանկարծակի` ներքին ձայնի կամ անորոշ զգացողութեան տեսքով:

Այս կը վերաբերի կարգ մը մարդոց, որոնց մօտ այդ զգայարանները շատ աւելի զօրաւոր են, քան ուրիշներու, որովհետեւ օրինաչափութիւնները ամէն մարդու մօտ նոյն համակարգով չէ, որ կը գործեն: Արդարեւ, կան մարդիկ, որոնք օժտուած կ՛ըլլան գերբնական կարողութիւններով, անոնք աշխարհի միայն երկու տոկոսն են, եւ օրինաչափութիւնները շատ բարձր կ՛ըլլան անոնց մօտ: Ամէն մարդ ունի այդ մէկը, բայց կարգ մը մարդիկ ամէնէն փոքր մանրամասնութիւններն իսկ կը տեսնեն, եւ այս բոլորը կը կուտակուին իրենց ուղեղին մէջ` առանց զգալու. օրինակ` անձրեւ պիտի գայ կ՛ըսեն, եւ անձրեւը կու գայ:

Այս տեսակի մարդիկ, մէկ անգամ տեսնելով մարդուն շարժումը, կը բնութագրեն անոր նկարագիրը` ըսելով, թէ ինչպիսի՛ անհատականութեան տէր անձնաւորութիւն մըն է:

Բայց ինչպէ՞ս կրնան գուշակել այս բոլորը:

Տուեալ անձը այս բոլորը կը հետեւցնէ հիմնուելով տարիներու փորձառութեան վրայ, որ կուտակուած է իր ենթագիտակցութեան մէջ` յարաբերելով այլազան նկարագրային խառնուածքի տէր եւ մեծաթիւ մարդոց հետ: Այսպիսով, ան սովոր կ՛ըլլայ տեսակաւոր դէմքերու արտայայտութեան եւ մարմիններու շարժումներուն: Անոր ուղեղը մարմնի շարժումները եւ դիմագիծը զիրար կապելով` կրնայ դատողութիւն կատարել, թէ այս դէմքը կրող անձը խիստ նկարագիրի տէր անձնաւորութիւն կ՛ըլլայ, որովհետեւ այս դիմագիծին եւ մարմնի այս շարժումներուն նման մարդոց ես շատ հանդիպած եմ, եւ իրենց նկարագիրները միեւնոյնն են:

Վեցերորդ զգայարանը, այս պարագային, եօթանասուն տոկոս դիպուկ կ՛ըլլայ: Այս գիտութիւնը նոյնիսկ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը կ՛օգտագործէ, երբ մէկը ձերբակալէ, նախ կը նային անոր դիմագիծին, ետքը կը սկսի հարցաքննութեան:

Ուրեմն իրականութեան մէջ` ըլլայ մարդոց դիմագիծներու լեզուին, ըլլայ մարմնի լեզուին, ըլլայ ձայնի ելեւէջներուն, ըլլայ կլիմայի փոփոխութեան, ըլլայ որեւէ մէկ գործօնի միջոցով  կը պարզուի, թէ ապագային ի՛նչ պիտի կատարուի, եւ ա՛յս է վեցերորդ զգայարանը:

Բայց պէտք է էական միտք մը յստակացնել,  որ ամէն մարդ ամէն բնագաւառի մէջ չէ, որ վեցերորդ զգայարան կ՛ունենայ:

Այսինքն կրնայ ըլլալ անձ մը, որ դիւրութեամբ կլիմայի փոփոխութիւնը կրնայ գիտնալ միայն շուրջը նայելով, եւ ըսել, թէ ի՛նչ պիտի կատարուի, բայց չկարողանայ մարդոց մարմնի շարժումները կարդալ, որովհետեւ ընկերային յարաբերութիւններ մշակելու կարողութիւնները տկար են:

Կամ հակառակը կրնայ ըլլալ. անձ մը դիմացինին նկարագիրը անմիջապէս բացայայտէ, բայց նոյնիսկ զօրաւոր փոթորիկի, ցուրտի առկայութեան չենթադրէ, որ անձրեւ պիտի գայ:

Այս բոլորը կը տարբերին իրարմէ` համաձայն անձին ունեցած տեղեկութիւններու տեսակին, մտածելակերպին, նոյնիսկ զգայարաններուն: Այսինքն` անձ մը, որ աչքի գոյները չի զանազաներ, օրինակ` տղաքը ընդհանրապէս այդպէս են, գոյները մօտ կը տեսնեն, աղջիկներուն նման չեն:

Կամ օրինակ` մորթային զգացումը եթէ տկար է, դիւրութեամբ չի զգար օդի փոփոխութիւնները, այդ մէկը անձին թոյլ չի տար, որ ապագային կարողանայ եղանակի տեսութիւնը գուշակել, քանի որ զգայարանները տկար են այսպիսի նիւթերու մէջ: Այս պատճառով ամէն վեցերորդ զգայարան ունեցողը ամէն բնագաւառի մէջ չէ, որ կ՛ունենայ:

Ա՛յս է միտքը, եւ կրնանք ամէնէն պարզ օրինակը տալ` ոտնագնդակ խաղացողները եւ ընդհանրապէս ոտնագնդակ դիտողները: Ո՛վ որ շատ կը դիտէ եւ որեւէ խաղ չի փախցներ, ճշգրիտ արդիւնքներ կու տայ, եւ իրական կ՛ըլլան այդ արդիւնքները:

Ինչո՞ւ, որովհետեւ այս անձը, աւելի քան 500 խաղ տեսած է:

Ասիկա ներկայիս արհեստական բանականութեան ողնաշարն է:

ԱԲ-ն ոտնագնդակի 10.000 խաղ կը սկսի դիտել եւ այս խաղին շարժումներէն կը հետեւցնէ, թէ ո՛ր խաղին օրէնքներուն համեմատ կ՛ընթանայ, ապա կը սկսի գուշակել, եւ մենք այդ մէկը կը տեսնենք խաղին մէջ, երբ կ՛ըսէ` 80 տոկոսով այս խումբը պիտի յաղթէ, եւ 20 տոկոսով այս խումբը պիտի պարտուի:

Այս է ԱԲ-ի նոր համակարգը, մարդիկ, որոնք կը գուշակեն եւ այլն, ամբողջութեամբ տեղեկութիւններու եւ գիտելիքներու խնդիր է, որ գագաթնային բլթակին մէջ կը կուտակուի:

Ինչ կը վերաբերի գիտական վեցերորդ զգայարանին, ապա ան ներքին հիւսուածքներու զգացումներն են, որ ուղեղը կը զգայ` առանց անձին զգալուն, օրինակ` շնչառութիւնը, սրտի զարկը, ստամոքսի շարժումները եւ այլ հիւսուածքներու աշխատանքները, ջիղերը կը ղրկեն ուղեղին, որովհետեւ ջղային մարդակազմութիւնն ու ուղեղի գործառոյթը օրինաչափութիւններու համակարգն են: Եղափոխութենէն անցնելով ներկայի կենսաբանական մարդակազմութեան, ապա ո՞ւր կը գտնուի վեցերորդ զգայարանը մարդու ուղեղին մէջ: Գիտականօրէն զգացողութիւնը, կանխատեսումն ու արագ որոշումներու կայացումը չեն կառավարուիր միայն մէկ առանձին կեդրոնով: Անոնք հիմնուած են ուղեղի տարբեր բլթակներու եւ կառուցուածքներու լայնածաւալ ջղային ցանցի վրայ, ուր օրինաչափութիւններու ճանաչման համակարգերը կը խաղան առանցքային դեր:

Վեցերորդ զգայարանի գիտական կառոյցը հետեւեալն է.

1.- Մտապատկերներու փոխանցում` միտքերու ընթերցո՞ւմ, թէ՞ ազդանշաններ որսալ:

Միտքերը իմանալ եւ զգացումները փոխանցելն է:

2.- Կանխատեսում եւ պայծառատեսութիւն` ապագային տեղի ունենալիք իրադարձութիւններու կամ անյայտ երեւոյթներու մասին նախապէս իմանալն է` հիմնուած ուժեղ ներքին զգացողութեան կամ յանկարծակի մտապատկերի վրայ:

3.- Դիմագիտութիւն եւ մարմնի լեզուի ընթերցում` անհատականութեան գաղտնիքներու բացայայտումն է, որ մարդու արտաքին տեսքի, դէմքի գիծերու եւ մարմնի լեզուի միջոցով անոր բնաւորութիւնը, խառնուածքը եւ նկարագիրը առաջին հանդիպումէն եւ առաջին վայրկեանէն ճանչնալու կարողութիւնն է:

Ի վերջոյ, վեցերորդ զգայարանը կը ծնի իրական եւ հիւսուածքային զգայական ազդակներէ, որոնք աչքը, ականջը կամ մորթը որսացած են բարձր ճշգրտութեամբ, որմէ ետք ուղեղի ջղային ցանցը ենթագիտակցութեան մէջ ակնթարթօրէն կը մշակէ անոնք` վերածելով յստակ ներքին զգացողութեան:

Հալէպ

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( Յունիս 15 2026)

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Լոյս Տեսաւ «Հայ Գիրի Եւ Մշակոյթի Տարօնցի Սպասաւորներ» Երկասիրութեան Ա. Հատորը

RelatedPosts

Ամէն Տարի Այս Օրերուն
Անդրադարձ

Ամէն Տարի Այս Օրերուն

September 19, 2026
Վերաթարմացուող Պատգամ
Անդրադարձ

Վերաթարմացուող Պատգամ

September 19, 2026
Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ
Անդրադարձ

Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.