Կտաւս կը հանգչեցնեմ եռոտանիին վրայ, բայց մտքիս մէջ արդէն իսկ սկսած է գունագեղ իրարանցում մը: Գարուն է, ու որպէս ծաղիկներու անուղղայ սիրահարի` ներաշխարհս ողողուած է միմոզաներով: Այդ փոքրիկ, թաւշեայ գնդիկները անդադար կը զնգան ու կը պարեն: Չեմ ուզեր դասական ու պարզ միմոզա մը գծել. այդ մէկը պիտի սպաննէ անոր շունչը: Իմ ուզածը mixed media-ի լեզուով ստեղծուած յուշերու հիւսուածք մըն է, ուր ամէն մէկ նիւթ` թուղթի կտոր, հին ժանեակ կամ թել, ունի իր սրտի զարկը:
Առաջին շերտ. Միմոզայի Ուժը եւ Մաթիսի Հայեացքը
Ինչո՞ւ միմոզան: Որովհետեւ անիկա բնութեան ամէնէն խորհրդաւոր ուժն է` զգայուն, բայց` աննկուն: Պատմականօրէն միմոզան կանացի տոկունութեան ու անկոտրում կամքի խորհրդանիշն է. ան կը յամառի ծաղկիլ այնտեղ, ուր ուրիշներ դեռ կը ննջեն` բերելով «ձմրան արեւը» հոն, ուր տիրական է ցուրտը:
Այս նոյն ուժի փնտռտուքն էր, որ մեծն Հենրի Մաթիսը առաջնորդեց իր արուեստին մէջ: Մաթիսի համար գոյնը պարզապէս ներկ չէր, այլ կենսուժի` (elan vital) պայթիւն: Ան կը հաւատար, որ արուեստագէտը պէտք է նկարէ ոչ թէ ծաղիկը, այլ` այն բուժիչ ուժանիւթը, որուն կարիքը ունի մարդկային հոգին: Մաթիս իր կեանքի մայրամուտին չմնաց մութի մէջ, այլ սկսաւ մկրատով «նկարել», գունաւոր թուղթերով ստեղծել լոյսի աշխարհներ: Ան կ’ըսէր. «Ամէնուրեք ծաղիկներ կան անոնց համար, որոնք կ’ուզեն տեսնել զանոնք»: Ես ալ այսօր, Մաթիսին պէս, կը փորձեմ կտաւիս վրայ տեղադրել ոչ թէ ծաղիկին լոկ պատկերը, այլ` այն կենսաթրթիռ բերկրանքն ու ուժը, զորս միմոզան կը ներշնչէ զիս:
Երկրորդ շերտ. Լիբանանի Մանկութեանս Ոսկեփոշին
Կտաւիս ձախ անկիւնը կը փակցնեմ երկրորդ շերտը` Լիբանանի մանկութեանս լուսաւոր տարիները: Միջերկրականի ափերուն միմոզաները ձմեռը կը վերածեն ոսկեգոյն հեքիաթի: Յատկապէս Ս. Յարութեան օրերուն, մեր ընտանեկան պտոյտներուն ընթացքին, միմոզայի փոշին մեր քիթերն ու այտերը կը ներկէր, ու մենք կը դառնայինք արեւի փոքրիկ զաւակներ: Այդ ծաղիկը երբեք չէի կրնար մէկ հատիկով փրցնել. անոր ամբողջ հմայքը հազարաւոր գնդիկներով միասնական ուժ ըլլալուն մէջ էր:
Երրորդ շերտ. Հալէպի Մոխիրներէն դէպի Աթէնքի Բարձունքներ
Այստեղ է, որ միմոզան կը դառնայ իմ փրկութեան օղակը: Հալէպի պատերազմի մոխրագոյն օրերուն, երբ կեանքը կախուած էր հեռաձայնի կամ «Սքայփ»-ի «լաւ ենք» բառէն, միմոզան եկաւ զիս իր ոսկեգոյն թեւերով շալկելու: Ան ինծի ուժ տուաւ` կտրելու սարսափի սահմանները ու հասնելու Աթէնքի լուսաւոր բարձունքները: Աթէնքը մեզի համար եղաւ Katafygio` իսկական ապաստան: Կը յիշեմ Մաքուր երկուշաբթիի թռուցիկները` Chartoetos-ները, որոնք երկինքը կը ներկէին յոյսով: Կը յիշեմ փոքրիկ Ժանին, որ թելը ամուր բռնած էր… ան իմ սիրտն էր, որ միմոզայի ուժով կը փորձէր կառչիլ իր վերջին լոյսին:
Չորրորդ շերտ. Ազիզիէի Տան Ծաղկամանն ու Փոքրիկ Ձեռքերը
Կտաւիս ճիշդ կեդրոնը կը զետեղեմ մեր հարազատ յարկը` Հալէպի Ազիզիէ թաղամասին մէջ: Հոն էր մեր հսկայ ծաղկամանը` լեցուն միմոզաներով: Այդ դեղին գնդիկները մագնիս էին մեր տուն այցելող ամէն մէկ փոքրիկի համար: Իւրաքանչիւրը կ՛ուզէր իրեն հետ այդ լոյսէն կտոր մը տանիլ` մէկիկ-մէկիկ փրցնելով զանոնք, մինչեւ որ վերջաւորութեան միայն ճաղատ ճիւղեր մնացին: Բայց հիմա, տարիներ անց, այդ մերկացած ճիւղերը կտաւիս ամենաթանկ մասն են. անոնք կը խորհրդանշեն այն սէրը, որ մեր տուն այցելողները իրենց հետ տարին: Ազիզիէի մեր տունը ինքզինք բաշխող ու բոլորին լոյս պարգեւող սիրտ մըն էր:
Հինգերորդ շերտ. Kintsugi եւ Անմար Ներքին Լոյսը
Իսկ այն պատռուածքները, որոնք պատերազմն ու կարօտը բացին մեր հոգիներուն մէջ, ես կը նորոգեմ Kintsugi-ի սրբազան արուեստով: Ճափոնական այդ ոսկեթելերուն հետ ես կը հիւսեմ նաեւ իմ ամենախորունկ աղօթքները: Ինչպէս ոսկին կը սրբագրէ կոտրած սափորին վէրքերը, այնպէս ալ հաւատքս եկաւ դարմանելու հոգւոյս ճեղքերը` զանոնք արժէքներով սպիացնելով:
Կտաւիս վերջին շերտը դնելով` կը հասկնամ, որ միմոզան ինծի համար այլեւս պարզապէս ծաղիկ մը չէ: Անիկա այն կամուրջն է, որ կը միացնէ իմ կեանքի բոլոր ոսկեգոյն երիզները: Իմ խառն նիւթերով ստեղծած այս պատառիկը իրականութեան մէջ հոգւոյս դիմանկարն է` պատռուած, բայց` ոսկէ փոշիով վերաշինուած:
Արդեօք յուշերո՞ւս միմոզան է այս մէկը, թէ՞ հոգիիս ոսկեգոյն թրթիռը… թերեւս երկուքն ալ նոյնն են, որովհետեւ արուեստը այդ է` ցաւը գոյնի վերածելու եւ կորուստը լոյսով վերակենդանացնելու հրաշքը:
Կտաւս պատրաստ է, իսկ հոգիս` խաղաղ, որովհետեւ, գիտեմ. ծաղիկները միշտ ալ հոն են անոնց համար, որոնք կը յամառին տեսնել զանոնք:



