Գաղափարաբանութիւն…
Տեսանք, որ Քիւրքճեան Որբաշխարհի գիրին (ոչ ամբողջական, նոյնիսկ` շատ մասնակի, որովհետեւ այլապէս պէտք էր հատոր մը լեցնէր, գրած է – անկասկած` նուազագոյնը) եւ Ֆրանսահայ գրականութեան երեւելի դէմքերու գրական վաստակին համառօտ ընթերցումներով` «գաղափարաբանութիւններ» վերլուծած է, նպատակ ունենալով անոնց ախտաբանական կառոյցները կամ հոգեկազմերը սեւեռել, եւ անոնց մահահոտ գաղափարներէն դուրս գալու կամ ելքի ստիպողականութիւնը շեշտել` վասն նորոգումի:
Գրած էի, թէ «Սփիւռք եւ ինքնացում» հատորին մէջ զետեղեալ իր «Շողանկարումներ / սփիւռքի առաջին սերունդէն» յօդուածաշարքին առաջին բխումը վերնագրուած էր «Գաղափարաբանութիւնները` / սփիւռքահայ գրականութեան մէջ»: Առաջին բխման Ներածականին մէջ յատկացուցած է ենթաբաժին մը (Ի՞նչ հասկնալ հոս` «Գաղափարաբանութիւն» եզրով. եւ ի՞նչ` «Գրականութեան գաղափարաբանութիւններ» եզրով): Սոյն ենթաբաժինը զեղչած է «Սփիւռք եւ ինքնացում»-ի վերատեսեալ յօդուածաշարքին մէջ, գուցէ` զայն ոչգոհացուցիչ համարելով` թէ՛ բովանդակութեան առումով եւ թէ՛ բանաձեւման: Այսուհանդերձ, մեկնիչս Քիւրքճեանի բացակայութենէն ներողամտութիւն խնդրելով, զայն կ’օգտագործէ` որոշ յստակութիւն մը բերելու իր «գաղափարաբանութիւն» եզրին:
Արդ, ըսած է, թէ «անշահ բան է» սահմանել «գաղափարաբանութիւն»-ը` նկատի ունենալով` որ «հարիւրաւոր հատորներ կարելի է գտնել որեւէ զարգացած մշակոյթի լեզուով, որեւէ մեծ մատենադարանի մէջ», որոնք այդ ճիգը ըրած են, եւ տուած` եզրին «ընդհանրութիւններուն շուրջ» իրենց տեսակէտները: Նաեւ եզրը սահմանելու փորձ չէ կատարած, որովհետեւ չէ ուզած «այդքան փառասէր ըլլալ»: Բաւարարուած է պարզագոյն բացատրութեամբ մը, թէ «գաղափարաբանութիւնը ներյայտ կամ բացայայտ համակարգ մըն է գաղափարներու», որ աւելի կազմակերպ է, քան` դրացի «աշխարհայեացք» եզրը: Ըստ իրեն, թէ՛ աշխարհայեացքը եւ թէ՛ գաղափարաբանութիւնը «մարդկային տուեալ իրավիճակի մը առնչուող հոգեմտաւոր արտադրութիւն» են: Ակնարկած է, թէ ոմանք կը հակին զանոնք հասկնալ` իբրեւ իրավիճակէն կամ կեանքի իրական պայմաններէն բխող երեւոյթներ, այլք հակադրուելով «նիւթապաշտ այս մօտեցումին»` կը հակին զանոնք հասկնալ «ոգեպաշտ մօտեցում»-ով, ըստ որուն, «գաղափարական-հոգեկան իրականութիւնն է, որ կենցաղի եւ նիւթեղէն կեանքի ծնունդ կու տայ»: Այս ակնարկութիւնն ալ շատ արագ ձգած է` ըսելով, թէ իր Ներածականը տեղը չէ «այս կեցուածքները, կամ` իրենց երանգեալ տարբերակները աչքէ անցընելու»:
Մինչեւ այստեղ իր ըսածներուն մէջ կէտը, որ պէտք է ի մտի ունենալ, այն է, թէ գաղափարաբանութիւն մը համակարգ է, որ կրնայ ներյայտ կամ բացայայտ ըլլալ, եւ թէ` անիկա հոգեմտաւոր արտադրութիւն է:
Համաձայն իրեն, գրականութիւնն է ներյայտ գաղափարաբանութեան տարածքը: Գրականութեան պարագային, բացայայտ գաղափարաբանական ըլլալը դադարումն է ստեղծագործութեան արուեստի բնոյթին: Գրական արուեստը, ինչպէս որեւէ արուեստ, ներյայտօրէն գաղափարաբանական միայն կրնայ ըլլալ: Եւ գրականութեան գաղափարաբանական համակարգը յաճախ «անգիտակից» կ’ըլլայ: «Անգիտակից» եւ համակա՞րգ. ինծի համար քիչ մը շատ իրարու օտար կը հնչեն: Բայց քանի իրարու առնչուած են իր գրիչին տակ, «անգիտակից»-ը չեմ հասկնար այնպէս, թէ հեղինակները չեն տեսներ իրենց գաղափարները, այլ զանոնք կը կազմակերպեն` առանց դրութենաւոր կարգաւորութեան մը ձգտելու եւ լոկ հոգեխառնութեան մը եւ մտայնութեան մը մարմինը կազմելու, անոնց մարմին մը տալու:
Բացայայտ գաղափարաբանութեան տարածքը «առհասարակ» քաղաքական կազմակերպութիւններէն «սեւով ճերմակի վրայ խմբագրուած»-ն է (վստահաբար` ոչ միայն…), որ կարգ մը կազմակերպութիւններու մօտ «իբր դիմակ» կը ծառայէ եւ «շահեր» կը ծածկէ. այս տեսակները չակերտելի են, այսինքն կեղծիքներ են: Ուրեմն, ըստ Քիւրքճեանի, կան քաղաքական թէ՛ գաղափարաբանութիւններ եւ թէ` կեղծ գաղափարաբանութիւններ: Յիշեմ, որ Քիւքճեան ՀՅԴ-ի մտաւորական մըն էր, այլեւ` խմբագիրը երկու հատորի (նախատեսած էր երրորդ հատոր մըն ալ, որ նուիրուած պիտի ըլլար ՀՅԴ-ի ռազմավարութեան, որուն ճակատագիրը չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ եղած է…), որոնց ընդհանուր տիտղոսն է` «Գաղափարագրութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան». Ա. հատորը ունի «Գաղափարաբանութիւն» անունը, իսկ Բ. հատորը` «Կազմակերպութիւն»: «Բացայայտ» գաղափարաբանութեան չակերտելի տեսակին ակնարկեցի: Անչակերտը ինչպէ՞ս տեսած է. 1) Որպէս «մտածում» մը` «զանազան հարցերու եւ երեւոյթներու շուրջ». կազմակերպական կառոյց, գաղափարա-բարոյական թէ հոգեբանական ու ընկերաբանական սկզբունքներ, պատմական «ձեւաւորումներ»-ուն` «ներկայ-գործնական թէ հեռանկարային խնդիրներ: 2) Գաղափարներու համակարգ, որ «քննարկումներու վերանորոգ թափ»-ի ենթակայ ըլլալու է: Քննարկում-այժմէականացումը յատուկ ըլլալու չէ ներկայի մը մարտահրաւէրին, այլ` միշտ կատարելի: 3) Քննարկում-այժէականացում, որ սակայն իր «հիմնական աւանդ»-ին կամ «անփոփոխելի»-ին յանձնառու կ’ըլլայ (այս կէտին համար իր բացատրութիւնը նախընտրած է «աւանդական» մնալ եւ ՀՅԴ-ի «հիմնական աւանդ»-ը նկատի ունենալով` զայն պարզած է իբրեւ կազմակերպական ապակեդրոնացում` գաղափարա-բարոյական կեդրոնացման մէջ»:
Յօդուածիս ընթերցողը թող չնեղուի, որ «բացայայտ» գաղափարաբանութիւնը լուսաբանելու ճիգիս մէջ յամեցայ քիչ մը` հարկադրաբար քալելով մտաւորականին քայլերով, որ սակայն անօգուտ ալ չէ: Եւ հիմա կը դառնամ իր առաջադրութեան գիծին:
Իր ընթերցած էջերը յետեղեռնեան գրական կամ ներյայտ գաղափարաբանութիւնը տեսած են` ընկղմած անցելապաշտութան, փախուստի, կեղծ վիպականութեան, անհատի երկփեղկուածութեան, այլամերժութեան, ներկայի անտեսումին մէջ: (Կը փութամ այստեղ աւելցնելու ընդվզումս այն կարծիքին, որ վերջերս բարձրաձայնուեցաւ, թէ այս տեսակի դիտարկումներ Հայաստանի անկայուն իշխանաւորին խաբեբայութիւններուն հետ կը նոյնանան: Քիւրքճեան պատեհապաշտ մը չէր, այլ` պարկեշտ ու անշահախնդիր մտաւորական մը, նախանձախնդիր իր ժառանգութեան: Եւ հայակերտումի իր տեսլականը` անխառն էր, զերծ` ուրացումի որեւէ ստուերէ…): Անշուշտ արդար պիտի չըլլար պնդել, որ ֆրանսահայ գրականութիւնը այսպէս եղաւ ամբողջութեամբ: Շահան Շահնուր յստակօրէն անցք մը կրցած էր բանալ, կամ` «համբարձում» մը արար, Զարեհ Որբունի բարձրացած էր «եւ եղեւ մարդ»-ի հասունութեան, իսկ Նիկողոս Սարաֆեան` «հրաշալիօրէն զանցած» Գլխագիր Մահուան ստորոգութիւնները:
Սփիւռքի այս վաւերական բանաստեղծին գաղափարաբանութեան յատկանիշները. մտածումով գաղափարներու վերատեսութիւն, զանցում ընթացիկ իրապաշտութեան, սեւեռում ո՛չ թէ մտահերձեալ եւ մարմնահերձեալ գոյութեան, այլ` գոյաստեղծ լինելութեան, ուր միտքն ու մարմինը կ’ըլլան ամբողջապէս իրենց այժմէութիւնը, եւ դիմում` դէպի ինքնացման նոր հեռանկարներ: Ահաւասիկ սփիւռքին գաղափարաբանական նորոգիչ սկզբունքներ:
Քիւրքճեանի տեսութեամբ, սփիւռքը իր ներյայտ (նաեւ` իր բացայայտ) գաղափարաբանութիւններով չի կրնար իր լինելութիւնը արարել, եթէ մնայ քարացումի մէջ: Որեւէ գաղափարաբանութիւն որ աւանդութեան մէջ կը քարանայ, այլամերժութեան եւ ձուլման գետին է: Նաեւ որեւէ գաղափարաբանութիւն, որ դէպի տարբերութիւն կը տարուի, այսինքն զայն ընդունողները կրաւորական բարքով չեն անձնականացնէր աւանդութիւնը, ներկան եւ դուրսը, յանձնուած կ’ըլլան ձուլման: Անձնականացումը` գիտակցականացումն է աւանդութեան, ներկային եւ դուրսին, անոնց համարկումը` անհատական ինքնութեան:
Թէ նման իրագործումի մը պարագային ինչպէ՛ս կ’ըլլայ կապը անհատական ինքնութեան եւ հաւաքական ինքնութեան, կամ թէ` ինչպէ՛ս անոնք իրարու կը կապուին: Ինք ուղղակիօրէն չէ բանաձեւած իր տեսակէտը, սակայն իր մտածումներուն մէջէն կարելի է ենթադրել զայն. ըստ որուն, անհատական ինքնութիւնը նման իրագործումի մը պարագային է, որ հասու կ’ըլլայ ընդգրկելու հաւաքականը` շնորհիւ ընդհանրացեալ գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն, որոնք տարբերակեալ կամ տարբեր ինքնութեան մը կը ձգտին:
(Շար. 7)



