Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Համազգայինի «Զուարթնոց»
Երգչախումբի Փառաշուք Համերգ
Կիրակի, 28 փետրուար 2016-ին Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ տագնապահար հալէպահայութիւնը եզակի ոգեւորութիւն ապրեցաւ` ըմբոշխնելով Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին բարձրորակ երգահանդէսը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ վաստակաւոր խմբավար Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:
Երգահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով: Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը:
Հայերէն բացման խօսքով Մարիա Պոշկեզենեան նշեց, որ Համազգայինը, հաւատարիմ իր առաքելութեան` տեւաբար կանգնեցաւ մեր ժողովուրդին կողքին` հայ մշակոյթով լիցքաւորելու անոր կեանքը:
Արաբերէն բացման խօսքով Րաֆֆի Սիւլահեան ըսաւ, որ փորձեցին ու կը շարունակեն փորձել մահուան դատապարտել Հալէպն ու անոր բնակչութիւնը, բայց Հալէպը կանգուն է իր ամրոցին նման, վկա՛յ «Զուարթնոց» երգչախումբին յաղթական այս ելոյթը:
Այնուհետեւ երգչախումբը հանդէս եկաւ` ներկայացնելու ժողովրդային, հայրենասիրական եւ դասական երգերու գեղեցիկ փունջ մը:
Յայտագիրի առաջին բաժինով ներկայացուեցան հետեւեալ երգերը. «Հայր Մեր»` Եկմալեան, «Ազատ Հայաստան»` Ստեփան Լուսիկեան ( նուիրուած Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակին), հարսանեկան երգերու շարք` Կոմիտասէն, «Տուն իմ հայրենի»` Ա. Իսպիրեան, հայրենասիրական երգերու շարք, մշակում` Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, «Անուշ» օփերայէն «Վուշ վուշ», «Ամպի տակից», «Համբարձում եայլա» Ալ. Սպենդիարեան, մշակում` Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, «Էնզելի» Ալ. Սպենդիարեան, մշակում` Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի (հնչիւնային այս երգին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբը), «Ըրթ սոնկ»` Մ. Ճեքսըն, արաբերէն երգեր` «Ռէյեթեք պըլ աալի», «Ալ հաքքու սիլահի»:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինի բոլոր երգերը մշակած էր խմբավար Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանը:
Երգչախումբը այս բաժինով մեկնաբանեց հետեւեալ երգերը. «Է հէյ ոտքի»` Յ. Պատալեան, «Երնէկ, թէ այս նոր տարին»` Ռ. Հախվերդեան, « Քաղաք իմ Հալէպ» խօսք` Մարգարիտ Շամիլեան-Մուրատեանի, երժշտ. Գայեանէ Սիմոնեանի, «Հիլուա իա պելետի»` Տալիտա, «Ապարան»` Ռ. Պետրոսեան, «Անցնում ես նազով»` Ալ Աճեմեան, «Մոսկովեան գիշերներ»` Ս. Սետոյի, «Կապոյտ մանուշակ»` Մ. Մաւիսաքալեան, «Արի, եար ջան», «Հոյնար» Թ. Ալթունեան, «Հայաստան»` Ա. Այվազեան:
Երկրորդ բաժինի կարգ մը երգերուն երգչախումբին ընկերակցեցաւ սենեկային նուագախումբը:
Համերգի կարգ մը երգերուն գործիքաւորումը կատարած էր տոքթ. Րաֆֆի Ապեճեան:
Նոր Ջուղա
Ջաւախքին Նուիրուած Ազգային-Յեղափոխական
Երգերու 3-րդ Աշակերտական Փառատօն
Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, 18 փետրուարին, Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ջաւախքին նուիրուած ազգային-յեղափոխական երգերու 3-րդ աշակերտական փառատօնը` մասնակցութեամբ Նոր Ջուղայի հայոց ազգային «Արմէն» տարրական երկսեռ կրթական համալիրի 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտներուն:
Փառատօնին բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Մեղրի Ղուկասեանի, որմէ ետք յաջորդաբար ելոյթ ունեցան 14 աշակերտներ:
Աշակերտական ելոյթներու աւարտին, ձեռամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Անդրուհի Ջաւահիրեանի, բոլոր մասնկիցներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ եւ գնահատագրեր, իսկ փառատօնի կազմակերպման աշխատանքին մէջ յանձնախմբին օժանդակած անհատներուն յանձնուեցան շնորհակալագրեր:
Աւարտին առաջնորդ սրբազանը անդրադառնալով աշակերտներու կատարումներուն` շեշտեց, որ հարկ է պայքարիլ եւ պահպանել մեր արժէքներն ու իրաւունքները: Սրբազան հայրը նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ կոչ ուղղեց վերանորոգելու մեր ուխտը եւ մեր հայեացքը դարձնելու դէպի Ջաւախք, Արցախ եւ դէպի ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստան:
Յայտնենք, որ ծրագրին զուգահեռ, կազմակերպուեցաւ նաեւ նուիրահաւաք` ի նպաստ ջաւախահայութեան:
Քուէյթ
Հայոց Բանակին Նուիրուած
Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Քուէյթի Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան, Հայոց բանակի ստեղծման 24-րդ տարեդարձին առիթով, 30 յունուարին դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայոց բանակի մասին պատրաստուած յատուկ դասախօսութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան վարժարանի ԺԱ. եւ ԺԲ. կարգի աշակերտները:
Օրուան դասախօսն էր Քուէյթի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Լեւոն Պետրոսեան: Ան սահիկներով ներկայացուց հայոց բանակի կազմութիւնը, պատմականը եւ մերօրեայ իրավիճակը:
Աւարտին ան խրախուսեց հայ ուսանողները հայոց բանակին ընդմէջէն ծառայելու ազգին ու հայրենիքին` շեշտելով, որ Հայաստանի անվտանգութեան միակ երաշխիքն է հայոց հզօր ու կազմակերպուած բանակը:
Քուէյթի Ազգային Վարժարանը Նշեց
«Գիրք Նուիրելու Տօն»-ը
Փետրուար 18-ին, Քուէյթի Ազգային վաժարանի աշակերտութիւնը, ըստ աւանդութեան, նշեց «Գիրք նուիրելու տօն»-ը:
Բացման խօսքը արտասանեց Թ. կարգի աշակերտուհի Ալիս Քեչեճեան, որ անդրադառնալով յիշեալ օրուան` ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ գիրք նուիրելու օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նախաձեռնութեամբ եւ այդ օրերու Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի որոշումով կը նշուի 2008 թուականէն: Գիրք նուիրելու տօնը կը նշուի 19 փետրուարին` բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը, աւելցնելով, որ այս ընտրութիւնը պատահական չէ, որովհետեւ շատեր հայ գիրքը ճանչցած են Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներով:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Դ. կարգի աշակերտները, որոնք մեկնաբանեցին «Մայր լեզու» երգը: Ազգային վարժարանի տնօրէն Մանուկ Մանուկեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ հայ գիրքին եւ շեշտեց անոր կարեւորութիւնը` սերունդներու ճշգրիտ դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր զարգացման մէջ: Մանուկեան շեշտեց, որ ունենալն ու զայն կարդալը հարստութիւն է: Ան յորդորեց նաեւ տօնելի առիթներուն, նուէրներու ընտրութեան համար յաճախ դիմել հայ գիրքին:
Աւարտին, վարժարանի Ա.-Զ. դասարաններու աշակերտներուն նուիրուեցան գիրքեր ու խտասալիկներ: Խտասալիկները կը պարունակեն Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները` Քուէյթի Ազգային վարժարանի աշակերտներու ձայնով:
Իրաք
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցը»
Արաբերէն Գիրքի Շնորհահանդէսը
Հովանաւորութեամբ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի, կազմակերպութեամբ Պաղտատի հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան եւ հսկողութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու յանձնախումբին, համագործակցութեամբ «Մասարա»-ի մշակոյթի եւ տեղեկատուական զարգացման հաստատութեան, 6 փետրուարին Պաղտատի հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը» արաբերէն գիրքին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ գիրքի հեղինակներ Ալաա Շերիֆի եւ Ֆիքրեթ Պաղտատիի:
Կազմակերպիչ միութեան անունով Սարգիս Գոթունեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբին խօսքը ներկայացուց Մելքոն Մելքոնեան, իսկ յանձնախումբին իրականացուցած ձեռնարկներուն մասին անդրադարձաւ առաջնորդարանի դիւանապետ Յակոբ Սահակեան:
Այնուհետեւ յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան Իրաքի պետական, կրօնական, մշակութային, լրատուական հաստատութիւններու ղեկավարներ:
Յայտագիրի աւարտին, Աւագ արք. Աստուրեանի կողմէ գնահատագրեր բաշխուեցան գիրքի հեղինակներուն, «Ալ Մասարա» հաստատութեան, արուեստագէտ Անդրանիկ Օհաննէսեանին, հատորի սրբագրիչ Արա Աշճեանին:
Յայտնենք, որ ձեռնարկին զուգահեռ կ՛ընթանար Անդրանիկ Օհաննէսեանի նկարչական գործերու ցուցահանդէսը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Յունաստան
Համազգայինի Ալեքսանդրապոլի Մասնաճիւղը
Կը Հրատարակէ «Փարոս» Պարբերաթերթը
Վերջերս Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Ալեքսանդրապոլսոյ (Յունաստան) «Արամ Խաչատուրեան» մասնաճիւղին նորակազմ վարչութիւնը, յունահայ համայնքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով հրատարակեց մասնաճիւղի 4 էջնոց «Փարոս» շաբաթաթերթ-պարբերաթերթը:
Վարչութեան անդամներն են` Մարիամ Փեթեւոսեան, Հրայր Տաղլեան, Գայեանէ Դաւիթեան, Սոֆիա Ամիրխանեան եւ Մարտուն Մամաճանեան:
Միացեալ Նահանգներ
Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութիւնը
Կը Ծրագրէ Յաջորդ Հայկական Ծաղկասայլը
Վերջերս տեղի ունեցաւ ամերիկահայ ծաղկասայլի ընկերակցութեան 2016 տարեշրջանի հոգաբարձութեան ընտրութիւնը: Նոր հոգաբարձութեան անդամներն են` Նուպար Տէր Պետրոսեան (նախագահ), Ստեփան Փարթամեան (գանձապահ), Ճանի Քանունճի (քարտուղար), Յակոբ Բարսեղեան (փոխնախագահ), Արեգ Ճերահեան, Մկօ Փանոսեան, Ռընէ Սիմոնեան եւ Արթուր Քոքոզեան, Մարի Տէր Բարսեղեան, Միքայէլ Իսրայէլեան, Յովհաննէս Ճէյ (Յովիկ) Չիմայեան, Քարմեն Լիպարիտեան եւ Էտի Զարացեան:
Հոգաբարձութեան նախկին նախագահ Ստեփան Փարթամեան յայտնեց, թէ հոգաբարձութիւնը մեծապէս նուիրուած, տարիներ շարունակ համայնքային ծառայութիւն մատուցած եւ կամաւոր աշխատանքի բարձր ոգի մարմնաւորող անհատներու խումբ մըն է, հաստատելով, որ նորընտիր հոգաբարձութիւնը եւս իր անխոնջ գործունէութեան շնորհիւ համայնքին նեցուկը պիտի ապահովէ հայկական երրորդ ծաղկասայլի կառուցման եւ Փասատինայի յաջորդ Վարդատօնին մասնակցելու համար:
Իր կարգին, Նուպար Տէր Պետրոսեան խօսելով ապագայ ծրագիրներու մասին` նկատել տուաւ, որ սկսած են քննարկել հայկական նորագոյն ծաղկասայլին վերաբերող քանի մը գաղափարներ` բաժնելով հարիւրաւոր կամաւորներու եւ բարերարներու մեծ խանդավառութիւնը` ցարդ ամէնէն գեղեցիկ հայկական ծաղկասայլը ստեղծելու հեռանկարով:
Ամերիկահայ ծաղկասայլի ընկերակցութեան առաքելութիւնն է ամէն տարի դրամահաւաքներ կազմակերպելով` իրականացնել հայկական ծաղկասայլի կառուցումն ու Վարդատօնին մասնակցութիւնը: Այս տարի ընկերակցութիւնը պէտք է 300 հազար տոլար հանգանակէ` նուիրատուութիւններու եւ առեւտրական հովանաւորութիւններու շնորհիւ: Այս նպատակին համար ընկերակցութիւնը մեկնարկած է Հայկական ծաղկասայլի դեսպանութեան ծրագիրը, որուն ընդմէջէն կամաւոր անհատներ կրնան իրենց ապրած քաղաքներու դեսպանները դառնալ` հայկական նորագոյն ծաղկասայլին համար դրամ հաւաքելով:
Վրաստան
Վիրահայոց Թեմը Շուրջ 250 Հազար Տոլար
Ստացած Է Վրաստանի Կառավարութենէն
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմը 2015-ին 600 հազար լարի (մօտաւորապէս 250 հազար տոլար) նիւթական օգնութիւն ստացած է Վրաստանի կառավարութենէն:
Վրաստանի կրօնական հարցերու պետական գործակալութեան ղեկավար Զազա Վաշախմածէ, որ 15 փետրուարին տարեկան հաշուետուութիւն ներկայացուց կատարուած աշխատանքին մասին, նշեց, որ 2016-ին կրօնական միաւորումներուն պետութեան կողմէ յատկացուած նիւթական օգնութիւնը կազմած է 4 միլիոն 500 հազար լարի (1,8 միլիոն տոլար): Անցեալ տարի ցուցանիշը կազմած է 3 միլիոն 500 հազար լարի (1,4 միլիոն տոլար):
Այդ գումարէն մօտաւորապէս 890 հազար տոլար յատկացուած էր Վրաստանի իսլամական համայնքին, շուրջ 162 հազար տոլար` Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայնքին, աւելի քան 131 հազար տոլար` Վրաստանի հրէական համայնքին:
Նշուած գումարները նախատեսուած են հոգեւորականներու աշխատավարձի եւ անոնց կրօնական գործունէութեան, կրօնական շինութիւններու վերականգնման, կրօնական միաւորումներու կենցաղային ծախսերու, մշակութային եւ բարեսիրական գործունէութեան համար:
Վիեննա
100 Մեթր Երկարութեամբ Եռագոյնը
Ծածանած Է Վիեննայի Մէջ,
Հայկական Խաչքարին Շուրջ
Նախաձեռնութեամբ «Տիգրան Մեծ» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Սրապիոն Գէորգեանի, վԵրջերս Վիեննայի մէջ հայկական խաչքարին շուրջ ծածանեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան խորհուրդը կրող 100 մեթր երկարութիւն ունեցող եռագոյնը:
Այս յատուկ արշաւը սկսաւ անցեալ տարի: Հիմնադրամը մէկ տարուան ընթացքին 100 մեթր երկարութեամբ խորհրդանշական եռագոյնը հասցուցած է ծածանեցնել Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր բնակավայրերուն ու սփիւռքի մէջ, իսկ 2015-ի ապրիլին նաեւ ծածանած է Արարատի գագաթին:
Չեխիա
Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին
Նուիրուած Գրական Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Փրակայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 6 փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած գրական երեկոյ` «Մեծ եղեռնին զոհ գնացած հայ գրողները» խորագրով: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դեսպանութեան ներկայացուցիչ Նունէ Զաստուխովա: Ան նշեց, թէ մէկ տարուան ընթացքին Չեխիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած զանազան ձեռնարկներու կողքին հարկ էր առանձին ձեռնարկ մը կազմակերպել նուիրուած եղեռնազոհ հայ գրողներուն եւ մտաւորականներուն: Ան կարդաց 1915-ին նահատակուած 34 գրական գործիչներու անունները:
Օրուան բանախօսներ` «Առաւօտ» պարբերականի եւ «Գարուն» ամսագրի թղթակից, լրագրող, հրապարակախօս Շուշան Ղազարեան, «Օրեր» կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կարապետեան, Փրակայի հայ համայնքի շաբաթօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի Լարիսա Գրիգորեան եւ «Օրեր» եւրոպական անկախ ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան ներկայացուցին հայ նշանաւոր գրող Գրիգոր Զօհրապի, բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի եւ Կոմիտաս վարդապետի կեանքը, ստեղծագործական ուղին եւ անոնց հոգեւոր ու գրական ժառանգութիւնը: