Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Երկրաբանութեան Դասախօս
Փրոֆ. Համբիկ Մարուքեան Կը Ստանայ
Աթէնքի Ակադեմիայի Մրցանակը
Վերջերս Յունաստանի Ազգային ակադեմիայի հանդիսաւոր նիստի ընթացքին տեղի ունեցաւ 2015-ի պարգեւներու յանձնման արարողութիւնը: «Քոնսթանտինոս Քթենաս» պարգեւը յանձնուեցաւ Յունաստանի Երկրաբանական միութեան հիմնադիր անդամ, գիտահետազօտական բազմաբեղուն աշխատանք տարած, երկրաբանութեան դասախօս, Աթէնքի համալսարանի փրոֆ. Համբիկ Մարուքեանին` «Յունաստանի տարածական բաշխումը սառցադաշտային երեւոյթներու շուրջ» աշխատանքին համար:
Սոյն ուսումնասիրութիւնը կը քննէ Յունաստանի մէջ սառոյցներու տարածման հանգրուանները` վերջին 300 հազար տարիներուն ընթացքին: Սառոյցները բաւական ծաւալուն եղած են Փինտոսի լեռնաշղթայի, Ողիմպոս լերան, ինչպէս եւ Պելոպոնէզի եւ Կրետէի լեռնային շրջաններուն վրայ:
Նշենք, որ Մարուքեան ծովային եւ ափամերձ երկրաբանութեան տասնեակներով աշխատանքներ եւ հետազօտութիւններ կատարած է Յունաստանի մէջ, նաեւ մասնակցած է օտար երկիրներու գիտահետազօտական աշխատանքներու խմբակներու մէջ:
Եգիպոս
Թովմաս Կորկիսեանի
Անդրանիկ Հատորի Շնորհահանդէսը
Փետրուար 7-ին, «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, ակումբի «Արմենակ Մէօթէմէտեան» սրահին մէջ տԵղի ունեցաւ մտաւորական, լրագրող, ներկայիս Միացեալ Նահանգներ հաստատուած, արաբական մամուլի տարբեր օրկաններու Ուաշինկթընի թղթակից Թովմաս Կորկիսեանի առջինեկ հատորի` «Էլթիուր ալա աշքալահա թաթիր» շնորհահանդէս-գինեձօնը:
Նոր հրատարակուած այս գիրքը Գահիրէի միջազգային գիրքի ցուցահանդէսին «Տար էլ էյն» հրատարակչատան տաղաւարին մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւած էր:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մշակութային ընկերակցութեան վարչական տոքթ. Արմէն Մազլումեան, որ արժեւորեց հատորը եւ կարդաց հատուածներ գիրքէն : Այնուհետեւ հեղինակը ելոյթ ունենալով` նկատել տուաւ, որ ինք իր ծնողներուն, եգիպտացի թէ եգիպտահայ ծանօթներու, գրչակիցներու, դասընկերներու թէ ընկերներու հոգեկան յարատեւ մտերմութեան մէջ կ’ապրի եւ անոնց հետ երկխօսելով ստեղծագործած է, իր խոհերն ու յուշերը յանձնած թուղթին: Ան նկատեց, որ այս հատորը առաջինն է, սակայն` ոչ վերջինը:
Հեղինակին երկրորդական վարժարանի դասընկեր, եգիպտացի լրագրող-սիւնակագիր Սամիր Մորքոս իրենց համատեղ երիտասարդական յուշերուն եւ հետագայ հանդիպումներուն ընդմէջէն ուրուագծեց Թով-մաս Կորկիսեան մտածողի էութիւնը` զայն բնութագրելով` «համամարդկային մօտեցումներ ունեցող», որ չէ կաշկանդուած ազգային, գաղափարական, դաւանական կապանքներով եւ չէ փոխուած Մ. Նահանգներ հաստատուելէ ետք:
Աւարտին կատարուեցաւ գինեձօնը:
Քանատա
«Հորիզոն» Ներկայ Գտնուեցաւ Քանատական
Բանակի Զինուորական Խորհուրդի
Ղեկավար Ճոնաթան Վանսի Ասուլիսին
Կազմակերպութեամբ Քանատայի համայնքային Մամլոյ խորհուրդին, 4 փետրուարին Թորոնթոյի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Քանատայի բանակի զինուորական խորհուրդի ղեկավար զօր. Ճոնաթան Վանսի մամլոյ ասուլիսը:
Ասուլիսին բացումը կատարեց Քանատայի համայնքային Մամլոյ խորհուրդի նախագահ Թամըս Սարաս, որմէ ետք զօրավար Ճոնաթան Վանս խօսեցաւ Միջին Արեւելքէն եւ յատկապէս Սուրիայէն Քանատա ներգաղթողներուն մասին:
Նշենք, որ զօրավար Ճոնաթան Վանս կը համարուի Քանատայի բանակի երկրորդ ամէնէն բարձրաստիճան զինուորականը:
«Հորիզոն»-ի Եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի
Պատուիրակութիւնը Ներկայ Գտնուեցաւ
Նախարար Ժոլիի Ընդունելութեան
Փետրուար 6-ին, Մոնրէալի մէջ կայացաւ Քանատայի ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլիի գրասենեակի բացման ընդունելութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` «Հորիզոն»-ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեան եւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Յարութ Դաւիթեան եւ Արամ Էլակոզ:
Հանդիպման ընթացքին նախարար Ժոլի ներկայացուց ժառանգութեան նախարարութեան իր պաշտօնատարները, որոնց շարքին է Վազգէն Ոսկեանը: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց նաեւ ժառանգութեան նախարարութեան յառաջիկայ ծրագիրներ:
Նախարար Ժոլի հայկական պատուիրակութեան հետ առանձնազրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց հայ համայքին` Քանատայի վերջին ընտրութիւններու ընթացքին իր ընտրապայքարին զօրակցելու համար:
Սիլվա Էհրամճեան նախարարին տուաւ «Հորիզոն»-ի Ամանորի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի բացառիկները:
Միացեալ Նահանգներ
Հրազդան Զէյթլեան Շահած Է Ամերիկեան
Ճարտարապետական Հիմնարկի Մրցանակը
Ամերիկեան ճարտարապետական հիմնարկի ձեւաւորման մրցանակը շահած է Լոս Անճելըսի Հարաւ-արեւմտեան համալսարանի` Ասպարէզի եւ արհեստագիտութեան կրթութեան դպրոցի նոր համալիրին ձեւաւորումը:
Մրցանակ շահած ծրագիրի ձեւաւորման գլխաւոր հեղինակն է Հրազդան Զէյթլեանը:
Ժընեւ
Ժընեւի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ
«Հաւատամք» Երգչախումբին
Անդրանիկ Ելոյթը
Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տարեգրութեան մէջ յիշատակելի պիտի մնայ «ՀԱՒԱՏԱՄՔ» երգչախումբին անդրանիկ ելոյթը` կիրակի, 31 յունուար 2016-ին, Ս. պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, որ նեղ կու գար շուրջ ութսուն ներկաներուն:
Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարողներու խումբի պատասխանատուն` Արմէն սրկ. Մարգարեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ այս երգչախումբը եկեղեցւոյ գլխաւոր հարստութիւնն է, եւ մասնակիցները սիրոյ գլխաւոր օրինակներն են Աստուծոյ փառաբանութեան մէջ:
Եկմալեանի «Հայր Մեր»-ի յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք, անմահն Կոմիտասէն յաջորդաբար ներկայացուեցաւ, երգչախումբի խմբավար` արհեստավարժ մենակատար`Խաչիկ Մատթէոսեանի մասնակցութեամբ «Հորովել»-ը, ապա «Հոյ նազան իմ» խմբերգը: Երգչախումբի դաշնակահար երաժիշտ` Սալեմ Պալի նուագեց «Վաղարշապատի պարը», իսկ Իսկանտէր Կիրակոսեան մեներգեց «Սարերի հովին մեռնեմ»ը: Սոնա Յակոբեան ասմունքեց` Պարոյր Սեւակէն` «Քիչ ենք, բայց հայ ենք», Արմէն սարկաւագ մեներգեց` Էտկար Յովհաննէսեանի «Արփա Սեւան»-ը: Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Ամէն հայի սրտից բխած» հայրապետական մաղթանքով:
Վերոյիշեալ մենակատարներու կողքին, երգչախումբին մաս կը կազմեն նաեւ Քրիստինա Քիւքճեան, Սիմա Փափազեան եւ Րաֆֆի Կիրակոսեան:
Զուիցերիոյ հայոց թեմի տեղապահ Գուսան վրդ. Ալճանեան իր օրհնութեան խօսքին մէջ բարձր գնահատեց այս աշխատանքը` յիշատակելով, թէ շուրջ յիսուն տարիներ առաջ այս եկեղեցւոյ հիմնադիրները տեսիլք ունէին իրենց կատարծ մեծ գործին, որուն արդիւնքով բուռ մը հայեր ուր ալ ապրին, իրենց մշակոյթը բարձր կը պահեն:
Կանաչ ճանապարհ եւ յարատեւութիւն կը մաղթենք զուիցերահայութեան այս կարեւոր նախաձեռնութեան:
Լեհաստան
«Հայկական Օր» Խորագրով
Ձեռնարկ
Հայաստանի նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս 6 փետրուարին Լեհաստանի Պիէժուն քաղաքի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական օր» խորագիրը կրող ձեռնարկ:
Ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցաւ լեհ հոգեւորական եւ լուսանկարիչ Ստանիսլավ Պինդերայի «Հայաստան. ձեռքի հեռաւորութիւն» խորագրով լուսանկարչական աշխատանքները, որոնք կը ներկայացնէին Հայաստանի տեսարժան վայրերը, պատմամշակութային յուշարձանները, վանքերն ու եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ հայ աշխարհագրագէտ եւ քարտէսագիր Ռուբէն Գալիչեանի «Հայաստանի պատմական քարտէսներ» ցուցահանդէսը:
Պիէժունի թանգարանի տնօրէնը իր կարգին ներկայացուց իրենց թանգարանին մէջ Հայաստանի նուիրուած ցուցադրութիւն կազմակերպելու նախապատմութիւնը, ծրագիրին նպատակը եւ բովանդակութիւնը: Այնուհետեւ ելոյթներով հանդէս եկան Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Էտկար Ղազարեան, Պիէժունի քաղաքապետ Անտժէյ Շիմայնսքի, Լեհաստանի Սէյմի երեսփոխան Վալտեմար Օլէյնիչաք, Ժուրոմինսքի շրջանային խորհուրդի նախագահ Երժի Ժիմովսքի:
Դեսպան Ղազարեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալական խօսք ուղղեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն` ընդգծելով, որ հայ եւ եւ լեհ ժողովուրդները ունին դարաւոր բարեկամութիւն: Դեսպանը նկատեց, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել երկկողմ բարեկամութիւնը:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Մուսա Լեռ» գործիքային համոյթը:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի երկարի մինչեւ 10 օգոստոս, 2016: Այդ ժամանակահատուածին մէջ թանգարան պիտի այցելեն տարածաշրջանի հանրակրթական դպրոցներու աշակերտները, որմէ ետք անոնց միջեւ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի նուիրուած նկարներու մրցոյթ, որուն մրցանակակիրները պիտի պարգեւատրուին Վարշաւայի Հայաստանի դեսպանութեան մէջ:
Փարիզ
Սրբոց Վարդանանց Տօնակատարութիւնը
Սամուէլ Մուրատեան Վարժարանէն Ներս
Փետրուար 7-ին, «Սամուէլ Մուրատեան» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն:
Օրուան բանախօսն էր վարժարանի տեսուչ Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան, որ անդրադարձաւ Վարդանանց հերոսամարտի բարոյական եւ զինուորական փայլուն յաղթանակին, պատմականօրէն բացատրելով, թէ ինչպէ՛ս Աւարայրի հերոսական ճակատամարտէն ետք, Հմայեակ Մամիկոնեան` Վարդանի եղբայրը, հայոց ցրուած բանակը վերակազմելով` սկիզբ տուաւ Բերդերու պատերազմին, փոքրաթիւ գունդերով ֆետայական ճակատամարտ մղելով պարսից բանակին դէմ:
Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի եւ միջնակարգի աշակերտները, որոնք մեկնաբանեցին Վարդանանց դասական երգեր եւ խմբերգներ:
Վարդանանցի Տօնակատարութիւնը
Ալֆորվիլի Մէջ
Փետրուար 5-ին, Ալֆորվիլի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն: Բացման խօսքը արտասանեց վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան, որ հաստատեց, թէ հերոս Վարդան զոհեց իր կեանքը, որպէսզի կարենանք շարունակել ապրիլ որպէս հայ, փրկել քրիստոնէական հաւատքը, հայոց լեզուն եւ ազգային արժանապատուութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան պատգամախօս Սիրան Սվաճեան, որ իրարու մօտեցուց անցեալն ու ներկան եւ փորձեց ներկայացնել Վարդանի եւ Վասակի տեսանկիւններուն դրականն ու բացասականը: Ան յայտնեց, թէ այն նպատակը, որուն համար պէտք է զոհենք մեր կեանքը, հայկական ինքնութեան եւ հայոց լեզուի պաշտպանութիւնն է, ինչպէս նաեւ` քրիստոնէական մեր հաւատքը:
Աւստրալիա
Վարդանանց Հերոսամարտի
Տօնակատարութիւն
Փետրուար 4-ին, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Վարդանանց հերոսամարտի 1565-ամեակը` մասնակցութեամբ Համազգայինի Գօլստըն ճեմարանի եւ ՀԲԸՄ Ալեքսանտր վարժարանի աւելի քան 200 աշակերտներու:
Թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան մատուցեց Ս. պատարագ, որմէ ետք աշակերտները ստացան հաղորդութիւն:
Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Վարդանանց ճակատամարտի կրօնաքաղաքական դրդապատճառներուն եւ բացատրեց «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» խօսքին իմաստը:
Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ մէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին զոյգ վարժարաններու աշակերտները, որոնք ներկայացուցին խմբային երգեր եւ արտասանութիւններ: Շնորհակալական խօսքեր արտասանեցին Գօլստըն ճեմարանի անունով` Նանօր Մուրատեան, իսկ Ալեքսանտր վարժարանի անունով` Մատթէոս Զորլու: Ապա Գօլստըն ճեմարանի տնօրէն Էտի Տեմիրճեան եւ Ալեքսանտր վարժարանի տնօրէն Մանուկ Տեմիրճեան արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Էվրիուան փրէյզ էթ Էջմիածին» խորագիրը կրող տեսերիզ մը:
Աւարտին գնահատական եւ օրհնութեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ առաջնորդ սրբազանը:
Մոսկուա
Զօրի Բալայեանի
80-Ամեակին Նուիրուած Երեկոյ
Փետրուար 4-ին Մոսկուայի Արուեստի աշխատողներու կեդրոնական տան մէջ տեղի ունեցաւ հայ գրող, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, լրագրող եւ ճանապարհորդ Զօրի Բալայեանի 80-ամեակին նուիրուած երեկոյ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, որ անդրադարձաւ Բալայեանի գործունէութեան` ընդգծելով անոր բացառիկ դերակատարութիւնը` որպէս մշակոյթի նուիրեալի եւ հասարակական գործիչի Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին:
Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Զօրի Բալայեանին նուիրուած սոյն հանդիպումը կարեւոր է ռուսական մտաւորականութեան եւ տեղի հայութեան համար: Ան ընդգծեց, որ Բալայեան իր գործունէութեամբ հայ ժողովուրդի ազգային արժանապատուութեան եւ անսահման հայրենասիրութեան խորհրդանիշն է:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ տեղի ունեցաւ Բալայեանի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոյի ութ հատորներուն շնորհահանդէսը: