26-29 մարտին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY) համագումարը: Համագումարը կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովն է, որ կու տայ կարեւորագոյն որոշումներ, կ՛ընտրէ նոր ղեկավարութիւն եւ կ՛որոշէ կազմակերպութեան յառաջիկայ քաղաքականութիւնը` բանաձեւերու եւ քաղաքական փաստաթուղթերու ընդունման միջոցով: Համագումարը հիւրընկալուած էր Թուրքիոյ Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան կողմէ:
ՀՅԴ Երիտասարդականը մասնակցեցաւ համագումարին հետեւեալ պատուիրակութեամբ` Սիւնէ Գէորգեան (Հայաստան), Տաթեւ Տէր Մարտիրոսեան (Հայաստան) եւ Քրիստ Բրուտեան (Ֆրանսա): Համագումարի ընթացքին պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ շարք մը առանցքային հարցերու, որոնց շարքին` Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքին, Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նահանջին, ընդդիմադիր ուժերուն նկատմամբ հետապնդումներուն, որոնց մէջ` ՀԵՄ-ի անդամներուն եւ անոր մայր կուսակցութեան` ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն նկատմամբ կատարուածներուն:
Պատուիրակութիւնը նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպայի, Հարաւային Ամերիկայի, Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Սակայն, Թուրքիոյ կառավարութեան ճնշումներուն պատճառով, մասնաւորապէս ընդդէմ Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մեծագոյն ընդդիմադիր ուժն է, անվտանգութեան պատրուակով, ոստիկանութիւնը ներխուժեց համագումարի կայացման վայր եւ թոյլ չտուաւ որեւէ քաղաքական քննարկում կամ բանավէճ: Այս պատճառով ալ համագումարը ընդհատուեցաւ, եւ բոլոր բանաձեւերուն ընդունումը յետաձգուեցաւ: Կատարուեցան միայն ընտրութիւնները, որոնցմէ ետք համագումարը փակուեցաւ` առանց որեւէ բանաձեւի ընդունման կամ բովանդակային քաղաքական քննարկումի:
Յիշեցնենք, որ ընկերվարական երիտասարդներու երիտասարդական միութիւնը միջազգային երիտասարդական մեծ կազմակերպութիւն մըն է, որ կը միաւորէ աւելի քան 150 ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական եւ աշխատաւորական երիտասարդական կազմակերպութիւններ` աւելի քան 110 երկիրներէ:


