Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Յոբելենական Ոսկեփայլ Համերգին

April 29, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 19 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յիսնամեայ տարեդարձին նուիրուած հրաշալի համերգին, որ հովանաւորուած էր Արեւմտեան Թեմի բարերար՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ իր զաւակաց կողմէ, ի յիշատակ իրենց սիրեցեալ կնոջ եւ մօր՝ հանգուցեալ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի, կազմակերպուած՝ յոբելեար եկեղեցւոյ ղեկավարութեան կողմէ, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի:

Համերգին ներկայ եղան Արեւմտեան Թեմի նախկին առաջնորդներ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեան, Հոգեւոր հայրեր, Լոս Անճելըսի մէջ Հ.Հ. Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Տիկին Աննա Աւետիսեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը՝ Յասմիկ, կազմի անդամներ, ձեռնարկի հովանաւոր՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, զաւակները եւ ընտանեկան պարագաներ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներ, միութիւններու եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, Արեւմտեան Թեմի բարերարներ եւ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը:

Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի ողջոյնի եւ բացման խօսքէն ետք սկիզբ առաւ «Ոսկեփայլ» տիտղոսը կրող յոբելենական համերգը, որ իրապէս ոսկեփայլ էր իր շքեղութեամբ եւ երգերու բազմազանութեամբ, շնորհիւ համերգի գեղարուեստական ղեկավար՝ Հ.Հ. վաստակաւոր արթիսթ` թենոր Պերճ Քիրազեանի եւ եկեղեցւոյ դասը լեցուցած մասնագէտ երգիչ-երաժիշտներու, որոնք անհատաբար, զուգերգով ու իբրեւ երգչախումբ մատուցեցին հայ եւ օտար դասական գործեր, դաշնակահարուհիներ՝ Արմենուհի Տէրտէրեանի եւ Հռիփսիմէ Ռշտունիի դաշնամուրով ընկերակցութեամբ:

Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւած համերգին յայտագիրը գեղարուեստական խճանկար մըն էր, որ սկիզբ առաւ երգչախմբային աղօթական առինքնող երգեցողութեամբ, երբ յաջորդաբար հնչեցին Եկմալեանի «Ամէն Հայր Սուրբ»ը, Պէրպէրեանի «Քրիստոս ի մէջ»ը: Ապա, յաջորդաբար մատուցուեցան կոմիտասեան ժողովրդային եւ ազգային երգեր, Կանաչեանի «Օրօր»ը եւ օտար նշանաւոր յօրինողներու գործերէն փունջ մը: Համերգի վերջին բաժինով դարձեալ հնչեցին հայ յօրինողներու գործեր (Յարութիւնեան, Աւետիսեան, Տիգրանեան, Կոմիտաս, Կանաչեան, Խաչատուրեան, Պետրոսեան) եւ երեկոն եզրափակուեցաւ Յովհաննիսեանի «Երեւան-Էրեբունի» խմբերգով:

Համերգին հաճելի անակնկալը հանդիսացաւ Հ.Հ. վաստակաւոր դաշնակահարուհի եւ սերունդներու դաստիարակ Սվետլանա Նաւասարդեան, որ հայկական գործերու իր մշակումներէն կտորներ նուագեց իր զոյգ երեւումին եւ մեծապէս խանդավառեց ներկաները: Անոնք նոյնպիսի խանդավառութիւն ապրեցան երբ դասին մէջ կանգնեցան նաեւ պատանի-երիտասարդ տարիքի աշակերտ երգիչ-երգչուհիներ, որոնք անհատաբար հանդէս եկան հայ եւ օտար երգերու կատարումներով:

Արդարեւ, աղօթական առաջին երգէն մինչեւ ազգայնաշունչ վերջին խմբերգը, համերգը յաջողեցաւ իր հմայնքին տակ պահել եկեղեցւոյ սրահը լեցուցած շուրջ 1000 հանդիսատեսներ, որոնք հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ վայելեցին շնորհուած ոսկեփայլ պահը եւ ներքուստ շնորհակալ եղան պատասխանատուներուն, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յիսնամեակը այսպէս փառաւոր կերպով կը նշուէր:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց համերգի բծախնդիր պատրաստութիւնը, մատուցման եղանակն ու բոլոր կատարումները եւ առաջին հերթին իր գոհունակութիւնը բարձրացուց առ Աստուած եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց դէպի երկինք՝ ընձեռուած այս բացառիկ համերգին համար, ապա ողջունեց նախկին Առաջնորդները, Հոգեւոր հայրերը, Ազգային վարչութեան ատենապետն ու ներկայ եւ բացակայ անդամները եւ շնորհակալական արտայայտութիւններով յաջորդաբար գնահատեց համերգը հովանաւորած բարերար ընտանիքը, Արեւմտեան Թեմի բոլոր բարերարները, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը, Քահանայ հայրերն ու Տ. Զարեհ Ծ. Վարդապետը եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին բոլոր նուիրեալ անդամները:

Շարունակելով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ նաեւ բարձր գնահատեց համերգին գեղարուեստական ղեկավարն ու յայտագիրին բոլոր մասնակիցները՝ աշակերտներ, մասնագէտ երգիչ-երգչուհիներ, դաշնակահարուհիներ եւ մեծն դաշնակահարուհի Նաւասարդեան, ապա իր մեծագոյն գնահատանքը ուղղեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ նշելով, որ իր հաւատքով, բարեպաշտութեամբ եւ ներկայութեամբ կանգուն ու լեցուն կը պահէ եկեղեցին, ապա Արեւմտեան Թեմի մեծագոյն եկեղեցւոյ յիսնամեայ երթը նոյն ոգիով շարունակելու կոչ ըրաւ եւ մաղթեց, որ հայ համայնքի ղեկավարութիւնն ու ժողովուրդը ձեռք ձեռքի՝ հաւատքով ու միասնական աշխատանքով Թեմի փառահեղ պատմութիւնը նորանոր իրագործումներով կը հարստացնեն նաեւ գալիք բոլոր ամեակներուն:

WesternPrelacy/posts

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ Բագրատունի Հանդիպում Ունեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչին Հետ

Յաջորդը

«Արմենոփուլիա» (Հայորդիները) Գիրքին Շնորհանդէսը Թեսաղոնիկէի Քաղաքապետարանի Սրահէն Ներս

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 22, 2026
Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը
Գաղութէ Գաղութ

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

October 19, 2026
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.