Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Բարձրագոյն Շքանշանի Շնորհում 22 մարտին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ  Մակար արք. Աշգարեան, Ազգային իշխանութեան մէկ պատուիրակութեամբ, այցելեց Յովհաննէս Յակոբեանին բնակարանը, ուր սրբազան հօր ձեռամբ օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր յանձնուեցաւ եւ Բերիոյ հայոց թեմի ծառայութեան բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրուեցաւ երկար տարիներու անսակարկ ծառայութիւն ունեցած Յովհաննէս Յակոբեանը, որ աւելի քան 30-ամեայ նուիրական ծառայութիւն մատուցած է Կալուածոց...

ՀՕՄ-ի Մասնակցութիւնը` ՄԱԿ-ի Աշխատանքներուն

ՀՕՄ-ի Մասնակցութիւնը` ՄԱԿ-ի Աշխատանքներուն

Հայ օգնութեան միութիւնը այս տարի եւս ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ նախաձեռնութիւններու` կազմակերպութեամբ ՄԱԿ-ի` Կիներու կարգավիճակի յանձնաժողովին 70-րդ նստաշրջանին: Առաջին հերթին, ՀՕՄ-ի պատուիրակութեան մասնակցութեամբ, երկուշաբթի, 9 մարտ 2026-ին ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ կայացաւ Կիներու  իրավիճակի յանձնաժողովի 70-րդ խորհրդաժողովին բացման պաշտօնական նիստը` հետեւեալ բնաբանով. «Կիներու եւ աղջիկներու արդարադատութեան հասանելիութեան ապահովում եւ ամրապնդում, յատկապէս` ներառական եւ իրաւական արդար...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա Վանքուվըրի Մէջ Արժանավայել Կերպով Նշուեցաւ ՀՅԴ 135-Ամեակը Ուրբաթ, 6 մարտ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին Վանքուվըրի Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 135-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր տօնակատարութիւն` կազմակերպութեամբ Վանքուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէին: Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Քանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով` խմբերգութեամբ «Արշաւիր Շիրակեան» պատանեկան միութեան ընկերներուն, որմէ ետք ներկաները յոտնկայս յարգեցին յիշատակը նահատակներուն: Հայերէն եւ անգլերէն բացման...

Յայտարարութիւն.  Պատմական Քայլ Մը` Թորոնթոյի Հայեցի Կրթութեան Ապագային Համար

Յայտարարութիւն. Պատմական Քայլ Մը` Թորոնթոյի Հայեցի Կրթութեան Ապագային Համար

Մեծ ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ յաջողութեամբ ձեռք ձգեցինք 211 Consumers Road հասցէին գտնուող համալիր մը, որ պիտի փոխարինէ եւ միաժամանակ պիտի գերազանցէ ներկայիս ընթացքի դրուած Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնումի ծրագիրը: 15,05 միլիոն տոլար արժող այս ձեռքբերումը համայնքի պատմութեան մէջ ամենամեծ ծրագիրն է, որ կը հանդիսանայ ազգային կրթութեան եւ համայնքային գործունէութեան երկարաժամկէտ ու կայուն աճն ու ապագան ապահովող վճռական ու ռազմավարական...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի Այցելութիւնը Քանատա * ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան վերջերս այցելեց Քանատա` մասնակցելու ՀՅԴ 135-ամեակի տօնակատարութիւններուն: Ռուստամեանի այցելութեան առաջին կանգառը եղաւ Մաունթըն Վիու գերեզմանատան մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը, ուր ան ծաղիկներ զետեղեց` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին: Այցելութեան Ռուստամեանի ընկերակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ ՀՅԴ...

Հ.Յ.Դ. 135-Ամեակի Շքեղ Նշումներ Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ

Հ.Յ.Դ. 135-Ամեակի Շքեղ Նշումներ Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ

Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան 135-ա­մեայ տա­րե­դար­ձը ար­ժա­նա­ւա­յել հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։ Եր­կու օ­րե­րու վրայ եր­կա­րող ե­լոյթ­նե­րով, յու­նա­հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեամբ, հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նարկ­նե­րը ընդգր­կե­ցին վեր­լու­ծա­կան խօս­քեր, զրոյց, բա­նա­խօ­սու­թիւն եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Ա­թէն­քի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւած հրա­պա­րա­կա­յին զրոյ­ցի թղթակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մեր թղթա­կի­ցին նկա­րագ­րա­կան գրու­թիւ­նը։ *** Հ­րա­պա­րա­կա­յին զրոյց եւ քննար­կում Ա­թէն­քի մէջ ­Տար­բեր բնոյթ ու­նե­ցող ե­լոյ­թի մը կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր....

Վատիկան.  Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Նուիրուած Յիշատակի Օր Վատիկանի Մէջ

Վատիկան. Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Նուիրուած Յիշատակի Օր Վատիկանի Մէջ

Փետրուար 27-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի կամարներու ներքոյ կրկին հնչեցին հայոց շարականներն ու աղօթքները` վերսթափեցնելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի առիթով այստե՛ղ, լուսահոգի Ֆրանչիսկոս պապի նախագահութեամբ մատուցուած պատմական սուրբ պատարագի յիշատակը:. Տասնմէկ տարի առաջ` 2015 թուականի ապրիլի 12-ին, տեղի ունեցած այդ հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին սրբազան քահանայապետը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակած էր նաեւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ` զայն «վարդապետներու համաստեղութեան մէջ փայլող աստղ»...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան 135-Ամեակի Նշում Քանատայի Մէջ  Թորոնթօ Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէին, 27 փետրուարին Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 135-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը` «Յանուն հայ ազգին, պատմութեան եւ ապագային» կարգախօսով: Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ Քանատայի,  Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք պատանիներու երգեցողութեամբ հնչեց «Մշակ, բանուոր» քայլերգը, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ֆրանսա ՀՅ Դաշնակցութեան 135-Ամեակիի Նշում Մարսէյի Մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 135-ամեակին առիթով շաբաթ, 7 փետրուար 2026-ին, Մարսէյի «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի կազմակերպութեամբ, ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մարսէյի ճեմարանին մէջ: Հրաւէրին ընդառաջած էին`  քաղաքական  դէմքեր, միութիւններու պատասխանատուներ, ընկերներ եւ համակիրներ: Հրաւիրելաներու  ներկայութիւնը կը վկայէր մեր կուսակցութեան խոր արմատաւորուածութիւնը տեղական եւ ազգային հասարակական կեանքին մէջ: Արդարեւ, ներկայ էին` վարչական շրջանի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Պելճիքա Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հանդիսաւոր Ձեռնարկ` Նուիրուած ՀՅԴ-Ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակին 24 յունուարին Պրիւքսէլի «Հայ տուն»-ի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ` նուիրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին: Ձեռնարկի հանդիսավար Քարոլ Արիսեան ըսաւ, որ 135-ամեայ, բայց մշտապէս երիտասարդ այս կուսակցութիւնը ամրապինդ հաւատքով կը խտացնէ իր շարքերը երդուեալներու փաղանգով, աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը եղաւ ոչ միայն քաղաքական կուսակցութիւն, այլ` համահայկական շարժում,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւնը 31 յունուարին Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կազմակերպութեան 135-ամեակի տօնակատարութիւնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարինա Ասատուրեան, որ ըսաւ, թէ 135-ամեայ կազմակերպութիւնը պայքարի եւ նուիրումի ուղիով կերտուած կամքի ու հայրենիքի վերակերտման մարմնացումն է, նկատել տալով, որ ժողովուրդի ծառայութեան առաքելութիւնը կը շարունակուի տարաբնոյթ պայմաններու...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը Նշեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակը 25 յունուարին Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 135-ամեակը: Ձեռնարկի հանդիսավար Մելքոն Մելքոնեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ 135 տարին պարզապէս ժամանակ չէ, այլ` զոհողութիւն, պայքար եւ անսասան նուիրում` մեր ազգին ու հայրենիքին, աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն ստեղծուած էր անարդարութիւնը դատապարտելու, դիմադրութիւնը կազմակերպելու եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները, արժանապատուութիւնը...

Պէյրութը Կը Հանդիպի Հոլիվուտին  «Էպել» Սրահին Մէջ` Նշելու Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակը

Պէյրութը Կը Հանդիպի Հոլիվուտին «Էպել» Սրահին Մէջ` Նշելու Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակը

ԼՈՒԻԶԱ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Պաշտօնական հիւրերու սեղան, կեդրոնը ձախէն աջ` վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Գեղամ արք. Խաչերեան, Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակի տօնակատարութիւնները, որոնք սկսած էին Նիւ Ճըրզիէն եւ շարունակուած` Նիւ Եորք, Երեւան, Տուպայ, Պէյրութ, Մոնրէալ, Ռիատ, Գահիրէ, Աթէնք եւ Տոհա, յիշարժան ու շքեղ աւարտ մը ունեցան Լոս Անճելըսի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Եգիպտոս Եգիպտաբան Դոկտ. Հուրիկ Սուրուզեան Պետական Բարձր Դրուատանքի Արժանացած Է Զբօսաշրջութեան եւ հնութիւններու նախարար Շերիֆ Ֆաթհի, պատուած է եգիպտաբան դոկտ. Հուրիկ Սուրուզեանը, որ Լուքսորի մէջ ղեկավարած էր Ամենհոտեպ Գ. փարաւոնի արձաններու վերականգնման ծրագիրը: Նախարարը անոր յանձնած է նախարարութեան շնորհակալագիրը` դրուատելով  Ամենհոտեպ Գ.-ի դամբարանային տաճարի վերականգնման անոր հետեւողական ջանքերը եւ բացառիկ նպաստը: Ամենհոտեպ Գ.-ի արձաններու վերականգնման ծրագիրը սկսած է...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը Այցելեց Շամմարի Ցեղապետ Մաննհ Հումէիիտի Տահամ Ալհատի 11 յունուարին Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչներուն, այցելեց Շամմարի ցեղապետ Մաննհ Հումէիիտի Տահամ Ալհատիին: Այցելութեան ընթացքին կողմերը քննարկեցին` շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, համայնքներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները եւ խաղաղ համակեցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը: Լեւոն վրդ. Եղիայեան ընդգծեց հայ համայնքի պատրաստակամութիւնը`...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Իրաք  Թեմի Գործունէութիւնները 1 յունուարին թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեան  Ազգային ծերանոցի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց իսլամ կրօնապետներու պատուիրակութիւն մը: Հանդիպման ներկայ էին քահանայ հայրերը, Կեդրոնական վարչութիւնը: 3 յունուարին Օշական եպս. Կիւլկիւլեան հովանաւորեց Պաղտատի Ազգային վարժարանի եւ մանկապարտէզի Նոր տարուան հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ վարժարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ քահանայ հայրերուն, Կեդրոնական վարչութեան, առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, ուսուցչական կազմին եւ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Կիպրոս Ազգայիններ Պարգեւատրուեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կողմէ Կիպրոս կատարած հայրապետական այցելութեան ծիրին մէջ, 6 դեկտեմբեր 2025-ին Նիկոսիոյ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ Կիպրոսի հայ համայնքը նշեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան եւ օծման 30-ամեակը: Այս առիթով կազմակերպուած յոբելենական ճաշկերոյթին բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Յակոբ Գազանճեանը` թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետը: Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան...

Կիրակոս Գույումճեան Պարգեւատրուած Է Քուէյթի Մարդասիրական Բարեկամութեան Միութեան Կողմէ

Կիրակոս Գույումճեան Պարգեւատրուած Է Քուէյթի Մարդասիրական Բարեկամութեան Միութեան Կողմէ

Քուէյթի Մարդասիրական բարեկամութեան միութիւնը (KHF) չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին «Սենթ Ռեժիս» պանդոկին մէջ  կազմակերպեց իր տարեկան բարեսիրական ընթրիքը՝ ներկայութեամբ միութեան անդամներուն եւ հանրային տեղացի ու օտար անձնաւորութիւններու: Հիւրերու շարքին էր Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արսէն Առաքելեան: Քուէյթի Մարդասիրական բարեկամութեան միութիւնը հիմնուած է 2018-ին, նպատակն է՝ աջակցիլ ուսանողներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ բժշկական օժանդակութիւն ցուցաբերել անոնց։ Իւրաքանչիւր տարի միութիւնը իր...

Լիբանանի Թեմի Ազգ. Վարչութեան Ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Լիբանանի Թեմի Ազգ. Վարչութեան Ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը Լիբանանի Թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Արսլանեանի եւ կնոջ՝ Հիլտայի, որոնք Ազգ. Առաջնորդարան ներկայացան նաեւ շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը: Գեղամ Արքեպիսկոպոս Լիբանան իր առաջնորդութեան օրերու երբեմնի գործակիցին հետ առիթ ունեցաւ վերյիշելու անցեալի քաղցր օրեր եւ զրուցելու թեմական ...

Հալէպահայերու Մէջ Վիրաւորներ  Չեն Արձանագրուած

Հալէպահայերու Մէջ Վիրաւորներ Չեն Արձանագրուած

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ նախանցեալ երեկոյեան, Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու ներքին ապահովական ուժերու` Ասայէշի եւ սուրիական բանակին ու ապահովական ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած փոխադարձ հրաձգութիւններուն հետեւանքով Հալէպի հայաբնակ թաղամասերուն մէջ վիրաւորներ չեն արձանագրուած: Կարգ մը բնակարաններ մասնակի նիւթական վնասներ կրած են: Երէկ Հալէպի մէջ հանդարտութիւն կը տիրէր: Դպրոցները, համալսարանները եւ պետական հաստատութիւնները փակ էին` նկատի ունենալով Հալէպի նահանգապետի նախանցեալ գիշեր կատարած...

Page 4 of 47 1 … 3 4 5 … 47

Արխիւներ