Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

27 Փետրուար 1988, Սումկայիթ. Հայ Ժողովուրդի Մերօրեայ Պատմութեան Սեւ Էջը

Փետրուար 27, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sumgayit-1_022716

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

27 փետրուարին, 28 տարի առաջ, ազրպէյճանական ծովեզերեայ քաղաքի մը` Սումկայիթի մէջ, ազերի ամբոխը իր իշխանութեանց հրահրումով ու առաջնորդութեամբ իրագործեց 20-րդ դարավերջի «ազգային մաքրազտման» ահաւոր սպանդ մը տեղւոյն հայ բնակչութեան դէմ:

27 փետրուար 1988-էն սկսեալ, երեք օր շարունակ, հայու արիւն հեղեցաւ թրքատիպ հայատեացութեամբ մոլեգնած Ազրպէյճանի իշխանութեանց եւ ազերի ամբոխին կողմէ:

Աշխարհի չորս ծագերէն միլիոնաւոր մարդիկ սահմռկած աչքերով հետեւեցան ազրպէյճանական այդ հակահայ քստմնելի ոճրագործութեան, որ հայոց մերօրեայ պատմութեան սեւ էջը դարձաւ` «Սումկայիթի փոկրոմը» անունով:

Իսկ հայ ժողովուրդին համար մինչ այդ գրեթէ անծանօթ ազրպէյճանական ծովեզերեայ քաղաք Սումկայիթը դարձաւ նորօրեայ «մանրանկար»… Տէր-Զօր:

Մանրամասնօրէն եւ անվիճելիօրէն փաստագրուած են ահաւորութիւնն ու բարբարոսութիւնը Խ. Ազրպէյճանի իշխանութեանց կազմակերպած եւ խուժանային վայրագութեամբ իրագործած Սումկայիթի հայ բնակչութեան զանգուածային սպանդին:

Օրին ոչ ոք, ոչ իսկ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութիւնը կրնար հաւատալ, թէ քսաներորդ դարավերջին փաստօրէն կը կրկնուէր 20-րդ դարասկիզբի եղեռնագործութիւնը` այս անգամ թէեւ մանրանկարային տարողութեամբ, այսուհանդերձ` ցեղասպանական վայրագութեան սանձարձակ մոլուցքով:

Այսօր ոչ ոքի համար գաղտնիք է, թէ Սումկայիթի մէջ ազերի խուժանը, հաւաքագրուած, զինուած եւ ղեկավարուած քաղաքի ազրպէյճանական իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ, 1988-ի փետրուարեան այս օրերուն կազմակերպուած յարձակման ենթարկեց քաղաքի հայ բնակչութիւնը:

Այսուհանդերձ` միջազգային մամուլի էջերուն, յատկապէս ազրպէյճանական-թրքական ազդեցութեան ոլորտին մէջ որոճացող լրատուամիջոցներուն մէջ, այսօր ալ տակաւին կը յամենան այնպիսի մեկնաբանութիւններ, թէ այդ ժամանակ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ծաւալած Արցախեան պահանջատիրութեան բողոքի ուժեղ շարժումը պատճառ եղաւ ազգամիջեան լարուածութեանց սրումին` հայերու եւ ազերիներու միջեւ: Բայց նոյնիսկ նման վերագրումներու հեղինակները չեն կրնար ուրանալ փաստացի իրողութիւնները եւ կը խոստովանին, որ Հայաստանէն փախուստ տուած եւ Ազրպէյճանի տարբեր շրջաններն ու, անոնց կարգին, Սումկայիթ թափած ազերի գաղթականները առաւելագոյնս գործածուեցան ազրպէյճանեան իշխանութեանց կողմէ, որպէսզի ամբոխային գրգռութեանց քողով ծածկուի հայ բնակչութիւնը սպանդի ենթարկելու եւ այդ սպառնալիքով Սումկայիթի եւ ամբողջ Ազրպէյճանի հայերը երկրէն վտարելու ազրպէյճանեան մեծ ոճիրը:

Այսօր արդէն անուն-ազգանունով փաստագրուած են Սումկայիթի իշխանաւոր այն դէմքերը, որոնք նախ հրահրեցին, ապա, գազազած ամբոխին գլուխը անցած, նախապէս պատրաստուած ցուցակներու հիման վրայ, հայերու բնակարաններուն եւ խանութներուն վրայ յարձակում եւ երկօրեայ արեան բաղնիք կազմակերպեցին…

Որոշապէս սեւ ու մեծ տառերով արձանագրուած է անունը Ճահանկիր Մուսլումզատէ կոչուած Սումկայիթի Կոմկուսի առաջին քարտուղարին, որ գլխաւոր պատասխանատուն եղաւ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած հայերու փոկրոմին, որուն շուտով պիտի հետեւէին Պաքուի եւ այլ վայրերու լայնածաւալ ոճիրները:

Սումկայիթի հայոց սպանդին մէջ պատասխանատուութեան բաժին իր կարգին, անկասկած, ունեցաւ խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնը: Կրեմլի ղեկավարութիւնը շատ ուշ միջամտեց` ազրպէյճանեան եղեռնագործութիւնը սանձելու համար: Իսկ երբ միջամտեց, քաղաքական իշխանափոխութեան կորպաչովեան խաղերուն համապատասխան շարժեցաւ` հայութեան բաժին հանուած ողբերգութեան համարժէք կեցուածք չճշդելով ու հատու եւ զսպիչ հարուած չտալով յանցագործներուն:

Խորհրդային իշխանութիւնը օրին մինչեւ իսկ նսեմացնել փորձեց Սումկայիթի սպանդին տարողութիւնը: Ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի միայն 30 մեռեալ ցոյց տայ համրանքը հայ զոհերուն, մինչդեռ ականատեսներու եւ վերապրողներու անհերքելի վկայութիւններով ու տուեալներով` աւելի քան 200 անզէն ու խաղաղ բնակիչ հայերու արիւն հեղեցին ազերի ջարդարարները:

28 տարիներ անցած են Սումկայիթի սահմռկեցուցիչ եղեռնագործութեան փետրուարեան սեւ օրերէն: Հայ եւ ազրպէյճանեան յարաբերութիւնները արեան եւ մահուան ամբողջ ճամբայ մը կտրած են Սումկայիթէն ասդին: Բուն կռուախնձորը` Արցախը, իրողապէս ազատագրուած եւ հաստատած է իրանկախ Հանրապետութիւնը, որ ժողովրդավարական ծաղկուն ովասիս մըն է այսօր Ալիեւեան բռնատիրութեան տակ տակաւին կքած տարածաշրջանին մէջ:

Ահաւորը այն է, որ Սումկայիթի փոկրոմը արժանի դատապարտանքի եւ պատիժի ենթարկուած չըլլալով` ցեղասպանութեան գնով հայկական իրաւունքները ոտնակոխելու քաղաքական մոլուցքը տակաւին կ’եռայ ազրպէյճանեան իշխանութեանց երակներուն մէջ, ինչ անուն ալ կրեն անոնք:

Նոյնպէս, ողբերգականօրէն, կը շարունակուի պիղատոսեան վարքագիծը աշխարհի ղեկը վարող մեծապետական ուժերուն, որոնք 28 տարիներէ ի վեր անհիմն, անարդար եւ անհեթեթ հաւասարեցումներ կը դնեն` մէկ կողմէ անարգել ու անպատիժ գործադրուող ազրպէյճանական ոտնձգութեանց ու յանցագործութեանց, իսկ միւս կողմէ հայոց ինքնապաշտպանական հակադարձութեանց միջեւ:

Արդարեւ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պետական այրերը ո՛չ միայն կը շարունակեն ուրանալ իրենց կազմակերպած ու հրահրած ոճիրները, ո՛չ միայն կը մերժեն խոնարհիլ հայ անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ, այլ նաեւ օր ու գիշեր միջոցներ կը փնտռեն եւ սադրանքներ կ’որոճան, որպէսզի կարենան խեղաթիւրել պատմական ճշմարտութիւնները եւ աշխարհին ներկայանալ իբրեւ«զոհերը… հայկական մոլեռանդութեան»:

Արդէն քանի տարի է, ահա՛, որ փետրուարի այս օրերուն Ազրպէյճանի դիւանագիտական մեքենան, Թուրքիոյ պետական աջակցութեան հովանիին տակ, աշխարհով մէկ կեղծ ահազանգ կը հնչեցնէ իբր թէ «Խոջալուի մէջ հայերու գործած հակաազերիական ցեղասպանութեան դէմ»…

Սումկայիթի հակահայ սպանդին պատասխանատուները տարուէ տարի նոր թափ կու տան ուրացումի եւ խեղաթիւրման իրենց այդ արշաւին, որովհետեւ մեծապետական ուժերը իրենց պատեհապաշտ հաշիւներով չեն ուզեր մեղադրեալի աթոռին նստեցնել որոշապէս Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, այլ շարունակ կը փնտռեն առիթներ, որպէսզի իբրեւ իրաւարարի` իբր թէ հաւասար աչքով նային ցեղասպանին եւ զոհին…

Այդ առումով ալ մեծապետական ուժերը իրենք եւս պատասխանատուութեան իրենց բաժինը ունին հակահայ ցեղասպանական մոլուցքին պարբերական դրսեւորումներուն եւ մոլեգնութեան մէջ:

Սումկայիթի փոկրոմը արիւնալի վկան ու յուշարարն է հայոց նորագոյն պատմութեան մերօրեայ սեւ էջին եւ անոր դառն ու դաժան դասերուն, որոնք մեր սերունդները կը դնեն ինքնապաշտպանութեան ճակատներուն վրայ միշտ արթուն հսկելու ազգային գերագոյն յանձնառութեան, այլեւ միանգամայն`պատասխանատուութեան առջեւ:

 

 

 

Նախորդը

Super Bowl

Յաջորդը

Խմբագրական «ՎԷՄ»-ի. ՀՅ Դաշնակցութիւնը Եւ Հայաստանի Քաղաքակրթական Առաքելութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?