Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրուան Առիթով. Որքանո՞վ Տէր Ենք Մեր Լեզուական Իրաւունքներուն

February 29, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Լեզուն պահելն ու պահպանելը միայն պարտականութիւն ու պարտաւորութիւն չէ, այլ նաեւ ու ամէնէն առաջ` իրաւունք: Ամէն առիթի լեզուն պահելու եւ զարգացնելու անհրաժեշտութեան մասին կը խօսինք, բայց շատ քիչ կ՛անդրադառնանք լեզուական մեր իրաւունքներուն: Մայրենի լեզու սորվիլն ու գործածելը, ինչպէս նաեւ սեփական, հանրային, ուսումնակրթական, իրաւական, դատական, վարչական, մամուլի ու հաղորդակցութեան ոլորտներուն մէջ մայրենի լեզու գործածելու կարելիութիւն ունենալը անհատական ու հաւաքական իրաւունք է:

Լեզուական իրաւունքները մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքներու ընտանիքներուն մէկ բաժին են: Միջազգային օրէնքին մէջ լեզուական իրաւունքները յաճախ մշակութային եւ ուսումնակրթական իրաւունքներուն մէջ կ՛արծարծուին: Բազմաթիւ պայմանագրութիւններ, համաձայնագրեր, յայտարարութիւններ եւ կազմակերպութիւններ փոքրամասնութիւններուն լեզուական իրաւունքներուն կ՛անդրադառնան, որոնց մասին յառաջիկային կ՛արժէ ուսումնասիրութիւն մը կատարել:

Աշխարհատարած սփիւռքահայերը ազգային, կրօնական, ցեղային եւ լեզուական փոքրամասնութիւններ են իրենց ապրած երկիրներուն մէջ: Այստեղ փակագիծ մը բանալով`  պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ապրող արեւմտահայախօս զանգուածն ալ լեզուական փոքրամասնութիւն է, նոյնն է պարագան մինչ օրս պատմական Հայաստանի մէջ ապրող հայորդիներուն:

Որքանո՞վ մենք տեղեակ ենք եւ տէր կը կանգնինք մեր լեզուական իրաւունքներուն: Լաւ պարագաներու, աւելի ճիշդ, սփիւռքի կազմակերպուած կամ կազմակերպուած կարծուած համայնքներուն մէջ, ամէնօրեայ, երկօրեայ կամ միօրեայ հայկական վարժարաններ պահելու աշխատանքէն բացի (որ շատ մը տեղեր ոչ արհեստավարժ, կարկտան եւ մակերեսային բնոյթ կը կրէ), մեր լեզուական իրաւունքները լաւագոյնս օգտագործելու համար ինչպիսի՞ աշխատանքներ կը տանինք: Ինչո՞ւ համար ամէնօրեայ հայկական վարժարան պահելու թիւ, կարողութիւն եւ հնարաւորութիւն ունեցող համայնքներ կը բաւարարուին միայն միօրեայ դպրոցներով: Գոնէ վերջին տարիներուն տասնեակ հազարներով Հայաստանի քաղաքացիներ երկրէն կ՛արտագաղթեն, ինչո՞ւ ամէնօրեայ հայկական վարժարաններ չեն հիմնադրուիր այն գաղութներուն մէջ, ուր մեր հայրենակիցները հսկայական թիւերով կը գաղթեն: Ճիշդ է` արտագաղթը կասեցնելը լաւագոյն լուծումն է հայ նորահաս սերունդները ձուլումէ փրկելու, բայց այնքան ատեն որ արտագաղթը կը շարունակուի եւ կասեցնելու նշաններ չեն երեւիր, արտագաղթողները համախմբուած եւ կազմակերպ հաւաքականութեան վերածելը հրատապ խնդիր կը թուի ըլլալ:

Աւելի՛ն. իրաւական ինչպիսի՞ քայլերու կը դիմենք լեզուական մեր իրաւունքները ամրագրելու համար: Քանի՞ համայնքի մէջ հայերէնը իրաւականօրէն որպէս հայ փոքրամասնութեան պաշտօնական լեզու ճանչցուած է: Սփիւռքի աւանդական թէ նորաստեղծ քանի՞ համայնքի մէջ հայոց լեզուն պետական կրթական ծրագրին մաս կը կազմէ: Քանի՞ համայնքի մէջ հայերէնը, հայկական վարժարաններու կողքին, կը դասաւանդուի նաեւ պետական այն վարժարաններուն մէջ, ուր նկատելի թիւով հայ աշակերտներ կը յաճախեն: Քանի՞ համայնք յաջողած է իր հայկական վարժարաններուն համար պետական կամ միջազգային նեցուկ եւ օժանդակութիւն ապահովել կամ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին հետ համատեղ ծրագիրներ գործադրել: Սփիւռքեան հայատառ մամուլը կը դիմէ՞ միջազգային կամ տարածաշրջանային ֆոնտերու կամ ծրագիրներու, որոնք լեզուական փոքրամասնութիւններու օժանդակութիւն կը տրամադրեն:

Հարցադրումներուն պատասխանները միջավայրէ միջավայր կրնան յարաբերական ըլլալ, սակայն, ընդհանուր առմամբ, լեզուական իրաւունքներ պահանջելու երեւոյթը համակարգուած եւ հետեւողական բնոյթ չունի մեր մօտ:

Գալով Հայաստանի Հանրապետութեան, հայաստանաբնակ արեւմտահայ զանգուածին արեւմտահայերէն լեզուն պահելու եւ պահպանելու համար որոշ աշխատանքներ կը տարուին, սակայն անոնք բաւարար մակարդակի վրայ չեն: Արեւմտահայերէնի ուսուցումն ու գործածութիւնը Հայաստանի պետութեան ներքին քաղաքականութեան ու ռազմավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը պէտք է դարձնել: Միւս կողմէ` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի եւ կրթութեան նախարարութիւնները գոնէ վերջին տասնամեակին ողջունելի աշխատանք կը տանին սփիւռքի հայկական վարժարաններուն օժանդակելու գծով կամ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած ամառնային ծրագիրներու միջոցով: Սակայն կարելի է լեզուն պահելու նոր միջոցներ ու հնարաւորութիւններ ստեղծել: Օրինակ, ինչո՞ւ համար Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի բոլոր հիւպատոսարաններուն մէջ արեւելահայերէնի կողքին արեւմտահայերէնով պատրաստուած թղթաբանութիւն չի տրամադրեր:

Ամէն պարագայի, հայութեան լեզուական իրաւունքները առաւելագոյնս ապահովելու, երաշխաւորելու եւ ամրագրելու գործին հիմնական դերակատարները հետեւեալներն են` հայրենի պետականութիւնը, իւրաքանչիւր հայ համայնքի քաղաքական-կրօնական ղեկավարութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը, հանրային համբաւ ունեցող հայ անձնաւորութիւնները, երիտասարդութիւնը, պետական ճանաչում ունեցող հայկական մշակութային-կրթական միութիւններն ու հաստատութիւնները, ինչո՞ւ չէ, նաեւ իւրաքանչիւր երկրի մէջ ձեւաւորուած քաղաքացիական հասարակութիւնը, որ մարդկային իրաւանց եւ փոքրամասնութիւններու խնդիրներով կը զբաղի: Կը մնայ իւրաքանչիւր համայնքի դրուածքին ու պայմաններուն համապատասխանող ու վերոնշեալ բոլո՛ր դերակատարները համախմբող ժամանակակից, համակարգուած եւ ազդեցիկ ռազմավարութիւն որդեգրել ու մանաւանդ` գործադրել: Տէ՛ր կանգնինք մեր լեզուական իրաւունքներուն:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (29 Փետրուար 1966)

Յաջորդը

ԵՊՀ-ի Նախաձեռնած Հայոց Պատմութեան Հեռուսուցման Խտացեալ Ծրագիրին Մասին Իրենց Վկայութիւնները Կու Տան Ծրագիրի Նախկին Մասնակիցներն Ու Պատասխանատուները

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.