Անդրադարձ

Ակնարկ.  Հասցէական Մեղադրանքներու Քաղաքական Շարժառիթը

Ակնարկ. Հասցէական Մեղադրանքներու Քաղաքական Շարժառիթը

Պաշտօնական Մոսկուայի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւնները համահունչ են Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն գնահատականը կատարելու առումով: «Տարբեր աղբիւրներից ստացուած տեղեկութիւններով` մայիսի 15-ի կէսօրին ազրպէյճանական կողմը գնդակոծել է շփման գծի հակառակ կողմում գտնուող ռազմական համակարգը, ինչին համապատասխանաբար արձագանգ է տուել միւս կողմը»: Պարզ է բովանդակութիւնը եւ պատասխանատուութեան հասցէականութիւնը: Ազրպէյճանական զինեալ ուժերն են, որոնք յարձակողապաշտութեամբ հանդէս...

Անդրադարձ.  Զինադուլի Հսկողութեան Այլընտրանքային Մեքանիզմի Առաջին Կիրարկումը

Անդրադարձ. Զինադուլի Հսկողութեան Այլընտրանքային Մեքանիզմի Առաջին Կիրարկումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հրապարակեցին Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին մէջ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն մը, որ ուշագրաւօրէն կը տարբերի Ազրպէյճանի կողմէ 1994-1995-ի զինադուլի խախտումներուն վերաբերեալ նախապէս անոնց հրապարակած յայտարարութիւններէն: Համանախագահները նշեալ յայտարարութեան վերջին բաժինին մէջ թէեւ կը կրկնեն երկու կողմերը նոյն նժարին վրայ դնելու վատ սովորութիւնը, սակայն առաջին բաժինին մէջ անկէ շեղում մը արձանագրեցին. անոնք առաջին անգամ ըլլալով...

Միսիոնարուհին

Միսիոնարուհին

ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ Այնքան տաքուկ, համեստ, գուրգուրոտ տակաւին, շուէսթր Հաննան էր, ինչպէս որ կը յիշէինք զինք, բոլոր այն գեղեցիկ զգացումներով տոգորուած` հանդէպ իր նախկին աշակերտներուն, իր սիրելի Հիլֆսպունտ միսիոնարութեան եւ հարազատ Այնճարին: Հոս է ան Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի գիշերօթիկին հրաւէրով` ներկայ գտնուելու գիշերօթիկի 70-ամեակի հանդիսութեան, այն գեղեցիկ հիմնարկին, որուն հազարաւոր աշակերտները այսօր կը գտնուին ամէնուրեք, դառնալով, դեսպաններ իրենց յիշողութիւններով,...

Հեռուներէն  Եկող Երթ

Տնկի

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ «Սովետական ազատ աշխարհ Հայաստան...», իւրաքանչիւր օր ձայնասփիւռը այս ռազմական կշռոյթով պիտի աւետէր իր նորօրեայ ծրագիրին սկիզբը... Քայլերգի բառերուն առաջին համարը այնպէս ուժգին եւ թարմ կը հնչէ ժամանակի հեռաւորութենէն` ընդարմացած ականջներուս մէջ: Ամբողջ Խորհրդային Միութիւնը, ծառատնկումի շաբաթօրեակի մէջ է: Ձայնասփիւռը տօնական շեշտով կը յայտարարէ ծառատնկումի սկիզբը նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Օրը` շաբաթ, 20 ապրիլ 1986: Երեւանի մէջ ուսանողութեանս առաջին...

Քեսապ Եւ Քեսապցիք. Երրորդ Տեղահանութեան Երրորդ Տարեդարձ

Հայկական Եւ Թրքական Ազգային Ուխտեր

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գրութիւնս շարադրելու այս պահուս, զրկուած` ելեկտրական հոսանքի լոյսէն, բայց` յօդուածս առարկայական մշակումի ենթարկելու նախանձախնդրութեամբ, փափաքելով, սակայն զրկուած ըլլալով օգտուելու գրադարանիս հաւաքածոյի «լոյսէն» (որ ահաբեկիչներու Քեսապ ներխուժումով հրկիզուած էր), ստիպուած` կ՛ապաւինիմ տկար յիշողութեանս «հաւաքածոյին»: Ուստի, ուղղակի նիւթին անցնելով, կը յիշեմ ընթերցումներէս ՀՅ Դաշնակցութեան 5-րդ կամ 6-րդ Ընդհանուր ժողովին մասին, որ կը գումարուէր այսպէս կոչուած` օսմանեան յեղափոխութենէն կարճ ժամանակ...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Հայկական Խրամատի Ուաշինկթընեան Հատուածը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Մեծ պատկերը այս է։ Քանի մը օր առաջ, շաբաթասկիզբին եւ գրեթէ նոյն ժամերուն, երկու կարեւոր զարգացումներ տեղի ունեցան հայ ֊ թրքական ճակատի խրամատներու տարբեր հատուածներուն վրայ։ Մէկ կողմէ հայկական բանակը կանխարգելիչ հարուած կը հասցնէր ատրպեճանական ուժերուն՝ սահմանի արցախեան հատուածին մէջ, միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողանի թիկնապահները բառացիօրէն կը յարձակէին հայ, քիւրտ, ասորի եւ յոյն ցուցարարներու վրայ, Թուրքիոյ...

Երկու Խօսք

Հին Ու Նոր Երազներ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այսպէս, տարեշրջանը կ՛աւարտենք Միացեալ վարժարանի հեռանկարով եւ նորարարութեան ձգտումով վերամուտին նոր` Միացեալ վարժարանի դռները կը բանանք, միաւորելով ազգային 6 վարժարաններ: Անցնող տասնամեակներուն մեր թաղային դպրոցները եղած էին մեր դպրոց, եկեղեցի, ակումբ երրորդութեան ողնայարը: Անցնող տասնամեակներուն մեր պատանեկան, երիտասարդական, ուսանողական թէ միութենական բոլոր աշխատանքներուն մատակարարը այդ դպրոցները եղած էին: Անցնող տասնամեակներուն իրերայաջորդ սերունդներ լուռ ու մունջ, ծով համբերութեամբ մեր...

«Երուանդ Օտեան» Թատերախումբը Հանրութեան Ներկայացուց «Խնձորի Բուրմունքը» Թատերախաղը

Անդրադարձ. Երկու Եզրեր

ԼԵՒՈՆ ԱՐՏԱԶԵԱՆ «Ե. Օտեան» թատերախումբին կողմէ «Խնձորին բուրմունքը» խորագիրով ներկայացում մը` հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ` Վաչէ Ատրունիի: Այնճար. հայկական գաղթօճախ մը, ուր ընտանեկան սահմաններէ ներս տռամ մը տեղի կ՛ունենայ: Հերոսները` պապուկը, երկու տղաքը, հարսը, թոռնիկը եւ անոր ընկերուհին` Նաուալն են: Առաջին տպաւորութեամբ, ներկայացումը իր ամբողջութեան մէջ «սերունդներու բախում» կը յուշէ թէեւ, սակայն հոն արտայայտուած մտքերը, ձգտումները, մօտեցումները,  կեցուածքներն ու հոգեկան տագնապները,...

Սողոմոն Թեհլիրեանի Կիսանդրիի Բացման Օրուան Բանախօս Լեւոն Աւետանեանի Արտասանած Խօսքը

Սողոմոն Թեհլիրեանի Կիսանդրիի Բացման Օրուան Բանախօս Լեւոն Աւետանեանի Արտասանած Խօսքը

15 մարտ 1921-ին Գերմանիոյ Պերլին քաղաքի «Հարտենպերկ շթրասսէ» պողոտային վրայ գնդակ մը որոտաց: 21-ամեայ Սողոմոն Թեհլիրեան մէկ փամփուշտով գետին փռեց հայ ժողովուրդի արեւմտեան հատուածի հայրենահանութեան ու ցեղասպանութեան հիմնական պատասխանատուներէն, օրին Երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան: Թեհլիրեանի այս արարքը մէկն էր միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան յղացած ու իրականացուցած «Նեմեսիս» պատժական գործողութենէն. այսուհանդերձ, ասիկա բաւարար էր հայ ժողովուրդի հաւաքական...

Նամականի

Անդրադարձ . Վերյիշելով 1950-1970-ի Պէյրութը Եւ Շրջակայքը – Ա.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Լիբանանի այժմու ճամբաները եզերող, ցարդ կանգուն, մշտադալար նիւենիի (եւկալիպտոս), հսկայ ծառերը կը յայտնեն ինքնութիւնը` մօտիկ անցեալին պատկանող, պատմական ու քաղաքաշէն հին ճամբաներ ըլլալու փաստը: Այժմ նիւենիի այս ծառերու մնացորդներուն կը հանդիպինք` Քարանթինայի ներքին ճամբաներու եզերքին, Պէյրութէն Նահր Մոթ տանող մայրուղիին երթուդարձը բաժնող կեդրոնի բաժինին մէջ եւ աջին` Քոռնիշ Նահրի երկայնքին, Հատեթէն «Սայտա տանող հին ճամբուն» երկու կողմերը, Թապարժայէն...

Ակնարկ.  Պէյրութէն Ուաշինկթըն` Անգարայի Նետած Ձեռնոցները

Ակնարկ. Պէյրութէն Ուաշինկթըն` Անգարայի Նետած Ձեռնոցները

Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան դէմ կազմակերպուած հայ-յոյն- ասորի -քիւրտ-եզիտի միացեալ խաղաղ ցոյցին ընթացքին, ցուցարարներուն դէմ կատարուած յարձակումը էրտողանական թուրքերու կողմէ, սովորական պահու անմիջականութեան տակ ստեղծուած պատահարի տեսութենէն շատ հեռու է: Նախ, յայտարարուած ցոյցին դէմ հակացոյց կազմակերպելը նախապատրաստուած, ծրագրուած եւ ցոյցին փոխանցելիք ուղերձները չէզոքացնելու միտող քաղաքական աքթ էր նախ եւ առաջ այն տպաւորութեամբ, որ կազմակերպուած էր Ուաշինկթընի մէջ թրքական համայնքին կողմէ: Բախումներու...

Անդրադարձ.  Ազրպէյճանի Յանդգնութիւնն Ու Անոր Պատճառները

Անդրադարձ. Ազրպէյճանի Յանդգնութիւնն Ու Անոր Պատճառները

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յուլիս 2015-ին հրամայեց փակել Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակը այն պատրուակով, թէ ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Տանիէլ Պայերի կողմէ գործուած ճնշումին պատճառով այդ գրասենեակի ծագումով ազրպէյճանցի ֆրանսացի դիւանագէտը` Ալեքսիս Շահթահթինսքի, իր պաշտօնէն հեռացուած է: Իսկ դեկտեմբեր 2016-ի վերջաւորութեան, ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի լիագումար նիստին ընթացքին, Ազրպէյճան վեթոյի ենթարկեց Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի վերջին ներկայացուցչութեան` Երեւանի...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Դաշնակցութեան կառուցողական մօտեցումը կոալիցիոն կառավարման

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Հակառակ ոմանց մօտ տակաւին յամեցող շիկացած կիրքերը այս կան այն կուսակցութեան դէմ, հայրենի ժողովուրդին համար խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտած են։ Այս հանգրուանին ժողովուրդը իր վերջին խօսքը ըսած է։ Առանց աղմուկի եւ երբեմնի անտեղի ցուցական խանգարումներու, ընտրութիւններու մասնակից բոլոր ուժերը քաղաքական հասունացման իւրօրինակ կեցուածքով ընդունած են ժողովուրդին ընտրական վճիռը։ Այդ հիմամբ, հաստատուած է խորհրդարանական համակարգ, ուր խորհրդարանական ուժերը կը ներկայացնեն...

Հեռակայ Զրոյց` Թուրքիոյ Խորհրդարանի Միակ Հայ Կին Երեսփոխան Սելինա Տողանի Հետ

Հեռակայ Զրոյց` Թուրքիոյ Խորհրդարանի Միակ Հայ Կին Երեսփոխան Սելինա Տողանի Հետ

ԷՎԱ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Լսած էի հարկաւ Սելինա Տողան անունը: Կարօ Փայլանի հետ թրքական խորհրդարանին մէջ հայութեան անունը լսելի դարձնող, այլեւ` հայոց իրաւունքներուն մասին խօսող եւ իրաւատէրի ձայն բարձրացնող մեր երկու երեսփոխաններն են անոնք: Սելինա Տողան Թուրքիոյ խորհրդարանի միակ հայ կին երեսփոխանն է: Բայց այն օրը, երբ լուրերու ճամբով ես ալ իմացայ, որ Սելինա Տողան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսք առնելով` արտայայտուած է...

Արհեստավարժութիւնը Փոքր Երկրների Դիւանագիտութեան Բացարձակ Պայման

Արհեստավարժութիւնը Փոքր Երկրների Դիւանագիտութեան Բացարձակ Պայման

ԱՐՄԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Երեւան Մարդկային գործունէութեան բոլոր բնագաւառներում եղել են արհեստավարժներ եւ կիսագրագէտներ  (սիրողներ), որոնց  միջեւ մշտապէս ընթացել է խուլ կամ բացայայտ պայքար` յաճախ փոխակերպուելով նախանձի ու թշնամանքի: Ապացուցուած է, որ նման իրողութիւնում, եթէ զանազան ուղիներով տուեալ ոլորտում բոյն դրած կիսագրագէտին անգամ յաջողւում է հասնել ասպարէզի բարձունքներին, ապահովել անձնական բարօրութիւն եւ ընկերային բարձր կարգավիճակ, վերջիվերջոյ, նրա առկայութիւնը...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Ալիեւներու Ընտանիքը Կը Թալանէ Ազրպէյճանի Քարիւղի Եկամուտները

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Ազրպէյճանի կառավարութիւնը իր նաւթային եւ կազային բազմամիլիառ եկամուտները կը բաշխէ հետեւեալ չորս ուղղութիւններով` կաշառատւութիւն, Ալիեւի ընտանիքի եւ անոր բարեկամներու կողմէ թալան, ռազմական գնումներ եւ նախահաշիւային այլ հարցեր: Զարմանալի չէ, որ Ազրպէյճանի ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութիւնը կ՛ապրի ծայրայեղ աղքատութեան մէջ` հակառակ Ալիեւի միապետութեան վաստակած նաւթային միլիառաւոր տոլարներուն: Անցեալ շաբաթ լուսաբանեցինք Ազրպէյճանի կաշառատւութիւնը Եւրոպական խորհուրդին...

Հայաստանի Քաղաքական Բեմը Եւ Սահմանադրութեան Հիմքը

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ Շուրջ երկու ամիս առաջ, «Առաւօտ» (Aravot.am) կայքէջի Դիմատետրի էջերէն մէկուն վրայ կարդացի հայրենի մտաւորական Պերճ Զէյթունցեանի հետեւեալ խօսքը. «Եթէ ուզում ես վրէժ լուծել, թուրքերի քթի տակ ստեղծիր բարեկեցիկ, օրինապահ երկիր, որտեղից մարդ չուզենար հեռանալ...»: Յարգելի մտաւորականը կարճ ու դիպուկ նախադասութեամբ մը կը սահմանէ ապագայ Հայաստանի իր տեսլականը` նշելով ազգային քաղաքականութեան խորքային այն արժէքները,  որոնք Հայաստանի գոյութեան կռուաններն են:...

Ստացուած Գիրքեր.  Հայապատում  (Հեղինակ` Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան)

Ստացուած Գիրքեր. Հայապատում (Հեղինակ` Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան)

Պատմութիւն Եւ Իրականութիւն ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի «Սիփան» հրատարակչատունէն, «Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամ»-ի միջոցներով 2016-ին լոյս տեսաւ Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեանի «Հայապատում. պատմութիւն եւ իրականութիւն» հատորը, բաղկացած` 455 էջերէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է Մեծ եղեռնի զոհերու սուրբ յիշատակին: Երկու խօսքին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ հատորին բովանդակութիւնը կը կազմեն հայ ժողովուրդի անցեալի պատմական կարեւոր եղելութիւններն ու իրադարձութիւնները, որոնք բախտորոշ նշանակութիւն ունեցած են հայ կեանքէն...

Ակնարկ.  Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը` Համահայկական Տարողութեամբ

Ակնարկ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը` Համահայկական Տարողութեամբ

Պաշտօնական լրահոսը տեղեկացուցած է, որ 12 մայիսին կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստութեան ու կազմակերպման պետական յանձնախումբի նիստը: 100-ամեակին յատկացուած այս նիստին ներկայացուած են տօնական ձեռնարկներուն վերաբերեալ շարք մը առաջարկներ, քննարկուած են նախարարութիւններուն կողմէ այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները: Համապետական մակարդակով նման յանձնաժողով յառաջացնելը, գերատեսչութիւնները ներառելը եւ հայեցակարգային խնդիրներու քննարկումով նախապատրաստուիլը` հայ ժողովուրդի...

Տեսակէտ. Բնակարանի Վարձքերու Բռնագաղթիչ Սեւ Օրէնքը

Տեսակէտ. Բնակարանի Վարձքերու Բռնագաղթիչ Սեւ Օրէնքը

Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ Լիբանանի վայրի դրամատիրական համակարգի պետութիւնը հրաժարած է իր օրէնսդիր, գործադիր եւ արդարադատ իշխանութիւններէն... յօգուտ դրամատուներուն, մեծ կալուածներուն, կալուածային առեւտուրի մեծ ընկերութիւններուն եւ ապօրինի մրցակցութեանց միջնորդ շանաձուկերուն, որոնք մեծագումար կաշառքներով Լիբանանի խորհրդարանին, կառավարութեան եւ սահմանադրական խորհուրդին վաւերացնել տուին բնակարանի վարձքերու բռնագաղթի սեւ օրէնք մը, որ չնաշխարհիկ է, հակասահմանադրական, հակաօրինական, հակականոնական եւ անտառային, որուն դէմ կը պայքարի 2014-էն ի վեր`...

Page 622 of 806 1 … 621 622 623 … 806

Արխիւներ