Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հա՞յը Թէ՞ Մարդը

Մայիս 11, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏԻԿ

Երկար ժամանակէ ի վեր կը փորձեմ այս երկու բառերուն մէջ հաւասարակշռութիւն մը տեսնել, սակայն չեմ յաջողիր: Աւելի պարզ` ի՛նչը նախամեծար իրականութիւն է` նախ «մարդը» ու յետո՞յ հայը, թէ՞ մենք ալ կրնանք ուրիշ ազգերու նման մտածել եւ գործել իբրեւ «հայ մարդ»: Իրողութիւնը այն է, որ մենք չենք կրնար կամ աւելի ճիշդ տակաւին իրաւունքը չունինք գործելու իբրեւ մարդ, որ հայ է:

Մենք Նախ Հայ Ենք, Յետոյ Մարդ:

Փորձեմ աւելի պարզ ըլլալ. անշուշտ բոլորիս համար անվիճելի իրողութիւն է, որ Եղեռնը մեզ թէ՛ արմատախիլ ըրաւ մեր հողերէն ու տուներէն, եւ թէ փորձեց բնաջնջել մեզ իբրեւ ազգ:

Եթէ կ՛ուզէք ողբերգական իրականութիւնը տեսնել թիւերով, ահաւասիկ. 1914-ին Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրէր 1.914.620 հայ, իսկ 2011-ին` 60.000 հայ, 1914-ին ունէինք 2538 եկեղեցի եւ վանք, իսկ 2011-ին` 34, եւ դպրոցներու թիւը 1914-ին եղած է 1996, իսկ 2011-ին` 18…:

Այսօրուան մեր պայքարը պէտք է ըլլայ հայ ապրելու եւ հայ մնալու պայքար, այլ խօսքով, այսօր մենք նախ հայ ենք եւ ներելի չէ մեզի «մարդը» գերադասել: Մենք չենք կրնար միայն որոշ առիթներու յայտարարել, թէ մենք հայ ենք:

Հայապահպանման մեր թիւ մէկ թշնամին ալ մեր մէջ տուն գտած օտարամոլութիւնն է: Օրինակ մեր երեխաներուն կու տանք օտար անուններ, ինչպէս` Քէվըն, Լիւք, Լէա, Էլսա, Ճիան-Քարլօ… (շարքը շատ երկար է), երբ մենք ունինք այնքան քաղցր անուններ` Մեղրի, Մեղեդի, Նարեկ, Կարէն, Վարագ… կը մտածեմ, արդեօք այդ օտար անուն կրող փոքրիկները երբ մեծնան ու դառնան գիտակից պատանիներ ու երիտասարդներ, հարց պիտի չտան, թէ ինչո՛ւ իրենք այս տարօրինակ անունները կը կրեն… արդեօք անոնց ծնողները կը յուսան, որ այդ օտար անունով տղան աւելի դիւրի՞ն վիզա կրնայ առնել…:

Ունինք ուրիշ ախտ մը, մեր սովորական խօսակցութեան ընթացքին կը գործածենք NO փոխան ՈՉ-ի կամ BONJOUR փոխան ԲԱՐԵՒ-ի… չեմ ուզեր ծայրայեղ ըլլալ, սակայն իրականութիւն է, որ անոնցմէ շատեր bonjour-էն ետք ֆրանսերէնով նախադասութիւն մը իսկ չեն կրնար կազմել:

Աւելի՛ն. թրքական հեռատեսիլի սիրահարները կը հիանան ցուցադրուած հագուստի մը վրայ, երբ մենք Լիբանանի մէջ ունինք նորաձեւութեան միջազգային իշխաններ, որոնց արտադրութիւնները կը հագնին Հոլիվուտի աշխարհահռչակ դերասանուհիներ:

Մերժենք ինչ որ օտար է, գնահատենք ինչ որ հայկական է: Մեզի համար տակաւին չէ հասած ժամը մտածելու իբրեւ մարդ, երբ տակաւին մեր զգացումներն ու գիտակցութիւնը դէպի հայն ու հայկականը չեն բիւրեղացած:

Իսկ օտար դպրոց յաճախող փոքրիկներու ծնողները թերեւս կը խորհին, թէ կեանքի մէջ յաջողելու նախապայման է այդ ուղին, երբ հայկական դպրոցներու տարեվերջի պետական քննութիւններուն յաջողութեան տոկոսը իսկապէս փայլուն է:

Մենք ունինք պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնը մենք մեզ «մարդ» պահելէ առաջ «հայ» պահելու: Տակաւին ունինք լուրջ աշխատանք տանելիք մեր տուներուն եւ ակումբներուն մէջ: Գիտնանք հայ մնալ, հայ ապրիլ ու գործել, այնքան ատեն որ սփիւռքահայութիւնը ցրուած կը ներկայացնէ աւելի մեծ թիւ, քան հայրենիքը եւ ըլլանք նախ հայ, ապա մարդ:

Պէյրութ

 

 

Նախորդը

Կարելի Եղած Չափով Քաղցկեղի Առաջքը Առնել

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Կը Պահանջենք

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?