Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 99-Ամեակէն Ետք
ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Համարեա բոլորս ականատես եւ ականջալուր եղանք Հայաստանի` մեր հայրենիքի եւ սփիւռքի զանազան շրջաններուն մէջ կազմակերպուած, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հրաշափառ ծնունդի` 99-ամեայ անկախութեան տօնակատարութիւններուն: Տասը եւ աւելի օրեր, անընդհատ, զանգուածային լրատուամիջոցներ, հեռատեսիլի կայաններ, թերթեր, ելեկտրոնային հեռարձակման արդի միջոցներ գեղեցկօրէն զարդարեցին, քաղցրօրէն հնչեցուցին, այս «աստուածածին անկախութեան» 99-ամեակի տօնախմբութիւնները: Աւելի քան 70 տարիներ բրտօրէն, բռնի մոռացութեան տրուած էր այդ սուրբ...




















