Սուրիահայութեան Վերականգնումի Խնդիրը
(Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ Համաժողովին «Հայապահպանումի Հիմնախնդիրներ» Ուղղութեան Վերջին Նիստին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Խօսքը) 1.- Այս վերնագիրին տակ պիտի փորձեմ համաժողովին մասնակցող ազգակիցներուս ներկայացնել վերիվայրումներով ու պատերազմական գործողութիւններով յատկանշուած տարածաշրջանի մը մէջ գտնուող սուրիաբնակ սուրիահայ համայնքի արտակարգ իրավիճակէն դուրս գալու եւ վերականգնելու դժուարին խնդիրին մեր այսօրուան պատկերացումը: 2.- Աշխարհին եւ մարդուն գոյատեւումին ու երկարակեցութեան մէջ, ըստ երեւոյթին, գոյութիւն ունին ներքին...



















