Մեսրոպ Մաշտոց
ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Հայոց առաջին մտաւորականը` ամբողջական առումով: Մեր դպրութեան տեսակ մը Հոգին Սուրբը` բառին լիիրաւ տարողութեամբ: Գաղափարապաշտ անձերուն թերեւս ամենամեծն ու ամենաշքեղը մեր մէջ, բազմարդիւ՛նը անկասկած` Տառերու Գիւտին այս ու այն կողմը տարածուող ժամանակներուն մէջ: Հայ մտաւորականութեան ընդհանուրին եւ անոր ընդհանրական խռովքներուն հա՛յրը հետեւաբար` կեանքին մէջ հայր չեղած այս մարդը, զաւակութեան ու խոնարհութեան մէջ իր գոյութիւնը աւարտած այս տարօրինակ միաբանը`...


















