Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Արմատականացած Ցեղասպանը Մեր Մէջ Պէտք Է Պայքարի Նոր Ջիղ Տեսնէ

Ապրիլ 27, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան յանցանքը ուրացող պետութիւնը հիմա` իր նոր սահմանադրութեամբ, արդէն աշխարհով մէկ յայտնի իր բռնապետական հակումներով եւ կառավարութեան բարձրագոյն դիրքը գրաւած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ճիպոտին տակ, աւելի լկտիօրէն յառաջ պիտի տանի պատմութիւն կեղծելու եւ իր ահռելի ոճիրին պատասխանատուութենէն խուսափելու քաղաքականութիւնը:

Արդարեւ, բիրտ ճնշումներու ճամբով, յառաջիկային վստահաբար պիտի տեսնենք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պատրաստակամութիւն եւ սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու միտում ցոյց տուող թուրք մտաւորականները լռութեան մատնելու փաստեր, հալածանքներ ու բանտարկութիւն:

Այսօր, առաւել քան երբեք, նաեւ պիտի տագնապինք Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ մնացորդացին ճակատագիրով, տեղածին երիտասարդութեան զարթօնքի պոռթկումը կոխկռտելու պետական հաւանական մոլուցքով, համայնքի ներքին կեանքին բռնացող կարգադրութիւններով, հայութեան գիրկը վերադարձող բռնի իսլամացուածներու ահաբեկումով, ազգութեամբ հայ քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու կեանքով:

Մենք նաեւ պիտի մտահոգուինք ազգային ինքնորոշման պայքար տանող քիւրտ ժողովուրդի գլխուն վերահաս փորձանքներով, արեան բաղնիքով այդ պայքարը խեղդելու Էրտողանի դաւադիր գործողութիւններով:

Միջազգային հանրային կարծիքին վրայ թքող էրտողանեան վարչակարգը, իր կայսերապաշտական ծրագիրները իրականացնելու համար, ամէն գին վճարելու պատրաստ է, եւ ան, որ կը խոչընդոտէ այդ ծրագիրներու իրականացումը իր վրայ պիտի հրաւիրէ օսմանեան արհաւական կատաղութեան ամբողջ զինանոցը:

Մենք` մեր աշխարհագրութեամբ, մեր պատմութեամբ ու մեր ինքնուրոյն գոյութիւնը այդ հողատարածքին վրայ պահպանելու անկոտրում վճռականութեամբ, էրտողանեան սուլթանական ծրագիրներուն ամէնէն հիմնական խոչընդոտներէն կը հանդիսանանք ու իբրեւ այդպիսին, վստահաբար կը դասուինք այդ վարչակարգի ամէնէն առաջին թշնամին:

Այս գիտակցութիւնը մեզ պէտք է մղէ մշտական արթնութեան, պէտք է մեզ թելադրէ պաշտպանական այնպիսի ռազմավարութեան որդեգրում, որ կրնայ դիմակայել ամէն տեսակի սադրանք, ամէն տեսակի նենգութիւն:

Մեր ռազմավարութիւնը նաեւ պարտի այնպիսի հնարաւորութիւններ ստեղծել մեր ժողովուրդին համար, որ ուժաքամ ըլլալու փոխարէն` նոյն այդ ռազմավարութենէն բխի իր կենսունակութեան աւիւնը, ստեղծագործական թռիչքներ դռներ բանալով մեր երիտասարդութեան, մեր գիտութեան, մեր գիւղատնտեսութեան, մեր արհեստագիտութեան առջեւ:

Մեր թշնամիները` արեւելքէն կամ արեւմուտքէն, պէտք է յստակ իմանան, որ մաշումի պատերազմը զիրե՛նք է որ քայքայման կրնայ տանիլ, ո՛չ թէ մեզ: Մեր սրբազան հողին կառչած մնալու դաւանանքը մենք ճի՛շդ այս օրերուն կեանքի սկզբունք դարձնելու խնդիրը ունինք ու վա՜յ մեզի, եթէ ուշանանք, վա՜յ մեզի, եթէ շարունակենք նոյն աննպատակ ոստոստումներով մեր պետութեան սիւները թուլացնել: Թշնամին դաժան է մեր աջին, աւելի՛ դաժան` մեր ձախին, ու Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ խօսիլ թուլացումի ու ընկրկումի վտանգներուն մասին` արդէն իսկ ահազանգային պէտք է նկատել ու արթննալ:

Դուրսէն մեր հայրենի ու սփիւռքեան  իրականութիւնը դիտող մը կրնայ ունենալ այն տպաւորութիւնը, որ մենք մեր ապահովութեան երաշխիքը խորհրդաւոր ուժի մը վստահած ենք ու այդ վստահութիւնը այնպիսի համոզումով կը ջատագովենք, որ մենք ալ կը հաւատանք անոր ու կ՛արդարացնենք ամէն տեսակի զանցում, անգործունեայ վերաբերում, ազգավնաս անտարբերութիւն, ազգային հնարաւորութիւններու անիմաստ ու անհեթեթ մսխում ու այս բոլորին հանդէպ յանցաւոր հանդուրժողութիւն:

Առաջին հերթին, ուրեմն, պէտք է թօթափենք այդ խորհրդաւոր պաշտպանի պատրանքը, պէտք է արմատաւորենք միայն մեր ուժերուն վստահելու գաղափարախօսութիւնը եւ այդ գաղափարախօսութեան պահանջած լրջութեամբ ու յանձնառութեան ոգիով կերտենք էրտողանեան թէ ալիեւեան սադրանքները սանձելու մեր կարողութիւնը, մեր ուժական պաշտպանունակութիւնը: Պարտութիւններ արդարացնելու ժամանակաշրջանը անցա՛ծ է: Օրուան հրամայականը` մեր պայքարելու վճռականութիւնը ջրդեղե՛լն է:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Բ. – Դէպի Ռազմական Մագլցո՞ւմ

Յաջորդը

Երբ «Ներսիններուն» Եւ «Դուրսիններուն» Մասին Հին «Հեքիաթն Է Կանչում»

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?