Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունք – Պէյրութի Հայկազեան Համալսարան. «Լիբանանահայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Մասնագիտական Մշակում»-ի Ծրագիր

April 27, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը ուրախ են յայտարարելու «Լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական մշակում» ծրագիրին մեկնարկին մասին: Սոյն ծրագիրին նպատակն է, մանկավարժութեան ժամանակակից գիտութեան հետ համընթաց, մասնագիտական վերամշակման առիթ ստեղծել լիբանանահայ ուսուցիչներու եւ կրթական մարզի պատասխանատուներու համար:

Լիբանանահայ 23 վարժարաններ, որոնք նախորդ հանգրուանին մասնակցած էին ինքնարժեւորման աշխատանքին, սոյն ծրագիրին մասնակցելու առիթը ունին: Իւրաքանչիւր վարժարանի կողմէ ընտրուած 4-6 ուսուցիչներ կամ կրթական պատասխանատուներ կարելիութիւն պիտի ունենան մասնակցելու մէկ տարուան վրայ երկարող այս ծրագիրին, որուն մասնակիցներուն թիւը պիտի ըլլայ առաւելագոյնը 150:

Ծրագիրը պիտի ընդգրկէ աշխատանքային սեմինարներ, որոնք պիտի ներկայացուին 8 հանդիպումներու ընթացքին: Նիւթերը պիտի ըլլան այլազան, ինչպէս, օրինակ, մանկավարժական գործի ղեկավարութիւն, դասանիւթերու համակարգերու մշակում, քննական մտածողութեան զարգացում, տեղեկատուական արհեստագիտութեան դասարանային օգտագործում, արտադասարանային աշխատանքներու դերը` սորվելու գործընթացին մէջ, լեզուներու եւ ուսողութեան դասաւանդման առաւելագոյն արդիւնաւէտութեան մեթոտներ եւ այլն: Աշխատանքային սեմինարներն ու հանդիպումները պիտի մատուցուին համալսարաններու դասախօսներու եւ այլ երկիրներէ հրաւիրուած վերոնշեալ նիւթերու մասնագէտներու կողմէ: Մասնակիցները առիթ պիտի ունենան մշակելու գործնական աշխատանքներ, որոնց արժեւորումը պիտի կատարեն դասախօսներն ու մասնագէտները:

Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ բոլոր դասանիւթերու  ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ` տնօրէններ, որոնք հետամուտ են կրթական մարզին մէջ նոր հմտութիւններ ձեռք ձգելու եւ մանկավարժութեան ժամանակակից մօտեցումներու քննարկումով, իրենց տեսական եւ գործնական գիտելիքները առաւել եւս զարգացնելու:

Այս ծրագիրը լիբանանահայ վարժարաններուն մատուցուած ծառայութիւն մըն է, որուն ծախսերը  կը հոգայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը: Ծրագիրին համակարգումն ու իրագործումը պիտի կատարեն Հայկազեան համալսարանի Մանկավարժութեան բաժանմունքն ու Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնը:

Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ որդեգրուած հայկական վարժարաններու եւ մանկավարժութեան վերաբերող նոր ռազմավարութեան: Ան շարունակութիւնն է այս ծիրին մէջ ստեղծուած Լիբանանի Յատուկ նշանակութեան յանձնախումբին եւ լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական  վերամշակման առնչութեամբ անոր թելադրանքներուն: Այս ծրագիրը յատկապէս մշակուած է  լիբանանահայ վարժարաններուն համար: Հիմնարկութեան վարժարաններու նիւթական յատկացումները կը շարունակուին, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ զարգացման սատարելու իր նախաձեռնութիւնները:

Նախորդը

Թուրք Գրողը Կը Բացայայտէ Հրեաներու Դէմ Հետապնդումները Թուրքիոյ Մէջ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.