Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը Թրքութեան Գաղափարախօս, Ցեղապաշտութեան Եւ Ազգայնամոլութեան Մարմնացում
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզ Թուրանական գործիչ, թրքութեան գաղափարախօս, քարոզիչ, ցեղապաշտութեան եւ ազգայնամոլութեան մարմնացում Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը (ծնած է 12 յունուար 1905, Քատըքէօյ, Կ. Պոլիս. մահացած է 11 դեկտեմբեր 1975 թուականին, Կ. Պոլիս) եղած է գրող, բանաստեղծ, մտաւորական, հրապարակագիր եւ ուսուցիչ: Աթսըզը հիմնական կրթութիւնը ստացած է Քատըքէօյի նախ ֆրանսական, ապա գերմանական, յետոյ` արաբական վարժարաններուն մէջ. անկէ ետք մուտք գործած է...



















