ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Հինգշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2017-ին, Իրանի Մաշհատ քաղաքին մէջ սկիզբ առաւ ցոյց մը, որ շուտով տարածուեցաւ իրանեան այլ քաղաքներու մէջ, ներառեալ մայրաքաղաք Թեհրանը: Սղաճի, անգործութեան եւ տնտեսական շարք մը այլ խնդիրներու դէմ բողոքի ցոյցերը, սակայն, վերածուեցան անկարգութիւններու:
Ինչպէս միշտ, շուտով Արեւմուտքէն սկսան հնչել ցոյցեր կատարելու եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքը երաշխաւորելու կոչեր: Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները քայլ մը անդին երթալով խօսեցան Իրանի մէջ փոփոխութեան ժամանակի հասնելուն եւ «իրանցի ժողովուրդի հերոսական դիմադրութեան» մասին: Միակ հաւասարակշռուած կեցուածքը արտայայտեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն, որ կոչ ուղղեց ցուցարարներուն արծարծած «արդարացի եւ կարեւոր» հարցերուն շուրջ լուրջ երկխօսութիւն կատարելու:
Իրանեան վերջին իրադարձութեան մէջ կարելի է տեսնել երկու անջատ երեւոյթներ, որոնցմէ առաջինը քաղաքացիներու խաղաղ բողոքի ցոյցն է, ինչ որ հասկնալի է եւ անվիճելի իրաւունք, իսկ երկրորդը` ցոյցերու ներքին ու արտաքին շահագործման դէպքերը. ցուցարարներու շարքերուն մէջ ներթափանցածներու կողմէ կրակոցներու եւ իրանեան դրօշի հրկիզումն ու պատռտումը բողոքի ցոյցին արտաքին ուժերու կողմէ շահագործման եւ արտաքին օրակարգի մը ծառայեցնելու փորձի գոյութեան ցուցանիշն են, իսկ նախագահ Հասան Ռուհանիի դէմ բացագանչութիւնները` անոր մրցակիցներուն կողմէ ներքին շահագործման եւ իշխանութեան շուրջ պայքարի ցուցանիշը: Այս երեւոյթները չէին վրիպած ուշադրութենէն Ռուհանիի, որ յայտարարեց, թէ անցնող օրերուն փողոց դուրս եկողները անպայման իրենց հրամանը դուրսէն չստացան, այլ անոնցմէ ոմանք փողոց դուրս եկան իրենց դիմագրաւած հարցերուն պատճառով: