Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թրքական Կեղծ Քարոզչութեան Քողազերծումը
Թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն ստայօդ քարոզչութեամբ արդարացնել իրենց ներկայ եւ պատմական քաղաքական սխալները` առանց նկատի ունենալու, որ ազգեր ու ժողովուրդներ արդարութեան հասնելու իրենց պայքարը կը շարունակեն անկոտրում թափով ու քաղաքական պատեհ առիթը օգտագործելով` կը պարզեն Թուրքիոյ դերակատարութիւնը ազգային հաւաքականութիւններու, ինքնիշխան պետութիւններու իրաւունքներու ոտնահարման մէջ: Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պենալի Եըլտըրըմը, Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական խորհրդարաններու նախագահներու 3-րդ հանդիպման...



















